ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս սրտացած է 400,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը «Լինսի» հիմնադրամէն: Գումարը պիտի տրամադրուի համալսարանի կրթական եւ այլ ծրագիրներու՝ նպաստելով համալսարանին ու անոր ուսումնասիրական կեդրոններու որակը բարելաւելու աշխատանքներուն:
Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի տնօրէն Յարութիւն Արմմէնեան շնորհակալութիւն յայտնած է այս յատկանշական նուէրին համար, որուն շնորհիւ Հայաստանի կրթական համակարգին ապագան պիտի դրուի աւելի ամուր հիմքերու վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.