ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅ Դաշնակցութեան «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ երէկ կայացած է Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու կնքման դէմ համախմբուած ուժերու հերթական հաւաքը, որուն ընթացքին քննարկուած է առկայ իրավիճակը եւ համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են հետագայ համատեղ գործողութիւններուն ուղղութեամբ: Ընթացքին որոշուած է նաեւ Ապրիլ 22ին հրաւիրել ընդլայնուած հաւաք մը՝ նշեալ համախմբուած ուժերու մասնակցութեամբ: Որոշուած է նաեւ հաւաքին կողմէ հրապարակել համապատասխան յայտարարութիւն մը:
Նշենք, որ վերջին երկու օրերուն, ՀՅԴի նախաձեռնութեամբ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն դէմ ստորագրահաւաք մը տեղի ունեցաւ՝ Շէնգաւիթ համայնքի յարակից տարածքին վրայ: Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութեան քարտուղար Արտաշէս Շահպազեանի համաձայն, այս ստորագրահաւաքը ոչ միայն Շէնգաւիթ համայնքին մէջ կը կատարուի, այլեւ Հայաստանի ամբողջ տարածքին, բոլոր մարզերուն մէջ: Ստորագրահաւաքին նպատակն է դիմել Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն, որպէսզի վերջիններս չվաւերացնեն արձանագրութիւնները այն տեսքով, զոր փաստաթուղթն ունի այսօր: «Արդեն ունենք 220 հազար ստորագրութիւն, գործընթացը շարունակւում է», ըսած է Շահբազեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.