Թրքական «Հապերթիւրք» թերթը կը գրէ, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար յառաջ քշուող Ղարաբաղեան նախապայմանը փոխարինած է Աղտամի եւ Ֆիզուլիի վերադարձի պայմանով։
Թերթը Օպամա-Էրտողան հանդիպումէն ետք երեք երկիրներուն մէջ կատարուող յայտարարութիւններուն վրայ հիմնուելով՝ կը յայտնէ նաեւ, թէ «ապրիլքսանչորսեան ճգնաժամը կարծես յաղթահարուած է»։
«Ինչպէս կ՛երեւի Թուրքիոյ վարչապետի յայտարարութենէն, Էրտողան հրաժարեցաւ իր իսկ կողմէ մինչեւ հիմա յառաջ քշուող ղարաբաղեան նախապայմանէն եւ սահմանափակուեցաւ միայն Աղտամ եւ Ֆիզուլի շրջաններով։ Իսկ եթէ Հայաստանը համաձայնի դուրս գալ այդ երկու շրջաններէն, Անգարայի իշխանութիւնները պիտի կարողանա՞ն արդեօք խորհրդարանին մէջ արագացնել արձանագրութեանց վաւերացման գործընթացը», հարց կու տայ թերթը։
«Հապերթիւրք» կը նշէ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը չէ խափանուած եւ ներկայիս անիկա կրնայ ուղեկցուիլ թրքական իշխանութիւններու կողմէ իրականացուելիք որոշ խորհրդանշական քայլերով։
«Ըստ էութեան, Հայաստանը Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն մէջ համաձայնած է դուրս գալ այդ երկու շրջաններէն։ Սակայն առայժմ յայտնի չէ, թէ Երեւանը ե՛րբ կը պատրաստուի ատիկա ընելու, կամ ի՛նչ պիտի ըլլայ Պաքուի արձագանգը Անգարայի այս նոր դիրքորոշման հանդէպ։ Հակառակ ասոր, ամէն ինչ վերջացած չէ։ Ուաշինկթընի մէջ Սարգսեան-Էրտողան հանդիպման ժամանակ համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ եւ արտաքին գործոց նախարարներուն հրահանգուեցաւ զարգացնել նոր դիրքորոշումը: Հնարաւոր է, որ իրականացուին այնպիսի քայլեր, ինչպիսին են, օրինակ, առանց այցեգրի միօրեայ այցելութիւններու եւ սահմանային առեւտուրի արտօնութիւն, եւ այլն։ Այս ձեւով Ապրիլ 24 մը եւս պիտի յաղթահարուի։ Սակայն այս ամէնը որքանո՞վ պիտի նպաստէ խնդիրի վերջնական կարգաւորման՝ յայտնի չէ», կ՛եզրակացնէ «Հապերթիւրք»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.