Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Մայրեր, որոնք երեխաներ ունին, վստահաբար լսելու եւ լսել տալու աշխատանքին մէջ են գրեթէ ամբողջ օրը։ Երեխաներն ալ մեծերու նման երբեմն կը լսեն, սակայն մտիկ չեն ըներ։
Յաճախ կը պատահի հետեւեալը. կ՛ըսենք 10 անգամ, եւ ապա կը սկսինք հաշուելու, եւ չ՛ենաթարկուելու պարագային, կը պատժենք: Այս մէկը ինքնին երեխային կը վարժեցնէ, որ տասը անգամէն ետք միայն պէտք է մտածէ լսելու մասին: Մինչդեռ մեր ուզածը անմիջապէս մեզի ուշադրութիւն դարձնելն է: Երեխան ձեզ չլսելով՝ ձեր ուշադրութեան կ՛արժանանայ, այն, ինչ ինք կ՛ուզէ:
Յարատեւ ըսելն ու կրկնելը լաւագոյն ձեւը չէ այս պարագային: Մեր փափաքն է լաւ լսող զաւակ կամ աշակերտ ունենալ: Մանաւանդ լաւ լսող ըլլալը, պիտի նպաստէ անոր, որ լաւ յարաբերութիւններ մշակէ ձեր, ուսուցիչին եւ առհասարակ բոլոր անոնց հետ, որոնք տարիքով աւելի մեծ են ու անոնց հանդէպ յարգալիր վերաբերմունք պէտք է ցուցաբերել:
Եթէ յարատեւութեամբ գործէք, կան շատ միջոցներ, որոնք պարզ ըլլալով հանդերձ բաւական ազդու են ու կը նպաստեն ձեր երեխային լսելու կարողութեան զարգացման: Երկու կամ երեք տարեկան երեխան այնքան լաւ պիտի չկարենայ լսել, որքան հինգ տարեկանը, բայց եւ այնպէս տակաւին կրնայ լսելու ունակութիւնը ունենալ ու մանաւանդ՝ զարգացնել զայն:
Ազդու Միջոցներ
1- Երեխային աչքերուն մակարդակին իջնել: Ուշ կամ կանուխ, իւրաքանչիւր ծնողք պիտի անդրադառնայ, թէ բարձր դիրքէ խօսիլը նուազ կամ երբեք ազդու պիտի դառնայ երեխային համար: Տակաւին միւս սենեակէն բարձր ձայնով պոռալը՝ անիմաստութեան անիմաստութիւնը: Կարեւոր ըսելիքի պարագային, ձեր զաւակին աչքերուն մակարադակին իջէք ու ապա ձեր ըսելիքը ըսէք: Մահճակալին մէջ պարկած միջոցին անոր աչքերուն հաւասարութեան իջէք ու հասկցուցէք, թէ շուտով լոյսը պիտի անջատէք, որովհետեւ քնանալու ժամն է:
2- Յստակ եւ կտրուկ: Ձեր տալիք պատգամն ու թելադրութիւնը պէտք է ըլլայ յստակ, պարզ, կտրուկ եւ հեղինակաւոր: Երբ ձեր թելադրանքը կը ճապաղի, ձեր երեխային միտքը կ՛անջատուի: Օրինակ դժուար է երկու տարեկանին համար եզրակացնել պատգամ մը հետեւեալ պարբերութենէն. «Դուրսը շատ պաղ է, վերջերս հիւանդացար, հետեւաբար կ՛ուզեմ բաճկոնդ հագնիս նախքան խանութ մտնելը»: Մինչ՝ «Ժամանակն է, որ բաճկոնդ հագնիս»ը շատ յստակ է ու անսխալական: Իսկ եթէ այլընտրանքի առիթ չունի ձեր երեխան, անոր հարցական նախադասութիւններ մի ըսէ՛ք, այլ հաստատումներ կատարեցէ՛ք: Օրինակ՝ «Ժամանակը հասած է, որ car seat-իդ վրայ նստիս»ը շատ աւելի գործնական է, քան «Car seat-իդ վրայ նստէ, եղա՞ւ հոգիս»:
3- Հետեւողականօրէն գործէ եւ արագ: Յստակացուր, թէ այն, ինչ կ՛ըսես, անպայման այդ մէկը կ՛ուզես: Մի խոստանար այն, ինչ չես կրնար իրականացնել: Եթէ ձեր 2 տարեկան երեխային ըսիք թէ, կաթ պիտի խմէ ընթրիքի ժամանակ, քիչ ետք մոռնալով՝ անոր պտուղի հիւթ մի առաջարկէք: Իսկ եթէ ազդարարած էք անոր, թէ եղբօր նեղացնելու պարագային պիտի պատժէք զինք, ուրեմն կատարեցէք այդ պատիժը: Այս պարագային անպայման վստահ եղէք, թէ ձեր կողակիցն ալ նոյն մօտեցումը ունի եւ տարբեր թելադրանք չի տար ձեր երեխային: Ասոր կողքին, նաեւ մէկ թելադրանքը քանի մը անգամ մի կրկնէք, այլ անպայման այդ մէկը ընել տուէք ձեր երեխային, նոյնիսկ ձեր օգնութեամբ: 5 անգամ մի ըսէք՝ «Գաւաթը սեղանին վրայ դի՛ր», այլ մէկ անգամ ըսէք, եւ երբ տեսնէք, որ չկատարեց թելադրանքը, ապա շատ նրբութեամբ, իրեն հետ միասին գաւաթը սեղանին վրայ դրէք ու գնահատեցէք կատարածը: Այս ձեւով ան պիտի հասկնայ, թէ ի՛նչ էր ուզածդ:
4- Պատգամը շեշտել: Ձեր բանաւոր պատգամը հարստացուցէք ու միաժամանա՛կ դիւրացուցէք կարգ մը արարքներով: Երեկոյեան կը փորձէք ձեր երեխան հետաքրքրական վիճակէ մը հեռացնել՝ մահճակալ առաջնորդելու համար: Օրինակ՝ միջոց մըն է լոյսի կոճակը բանալն ու գոցելը, միաժամանակ ըսելով, թէ քնանալու ժամն է, անուշի՛կս: Բարձը շոյելն ու անկողինը բանալը նաեւ կրնան օգնել «քնանալու ժամն է» յայտարարութեան:
5- Նախապէս զգուշացուցէք: Հաճելի խաղի մը կիսուն ձեր երեխային վիզէն քաշելով՝ մի առաջնորդէք, անոր ձայնի բարձրութեան աստիճանը չափելու գնով: Նախքան այդ, յայտնեցէք, թէ քանի մը վայրկեանէն պէտք է հեռանաք տուեալ վայրէն, ու եթէ ձեր ձայնը կրկին լսէ, կը նշանակէ թէ պէտք է պատրաստ ըլլայ ճամբայ ելլելու: Երեխաները ընդհանրապէս անցումային ժամանակի հասկացողութիւնը չեն ունենար, ուրեմն պէտք է օգնել իրենց այս իմաստով:
6- Իրապաշտ հրահանգներ արձակեցէք: Եթէ երկու տարեկանին ըսէք՝ «խաղալիքներդ հաւաքէ՛», անիկա սենեակը դիտելով՝ պիտի գանգատի: Անոր փոխարէն կրնաք ըսել. «Եկո՛ւր միասնաբար կանաչ տուփերը մէկ կողմ դնենք»: Վերջացնելէն ետք՝ «Հիմա կարմիր տուփերը», եւ այսպէս խաղալով, զուարճանալով, ձեր նպատակին կը հասնիք:
7- Քաջալերեցէք: Պոռալով հրահանգներ արձակելը հաւանաբար արդիւնք տայ կարգ մը երեխաներու մօտ, բայց ո՛չ բոլորին: Ամէն պարագայի, նոյնիսկ եթէ երեխան գործադրէ ըսուածը, անիկա հաճոյք պիտի չստանայ կատարածէն, ընդհակառակը, զզուելով պիտի ընէ այդ հրահանգը: Ընդհանրապէս երեխաները աւելի լաւ հակազդեցութիւն կը ցուցաբերեն, երբ անոնց կը դիմենք ծիծաղաշարժ ոճով, կամ երգելով կը թելադրենք մեր պատգամը: Այս պարագային, անոնք պիտի փութան կատարել թելադրուածը: Հաճելի կատակը, զուարճախօսութիւնն ու վստահութիւնը, զորս կը ներշնչէք ձեր երեխային, պատճառ պիտի դառնան, որ ան լսէ ձեր խօսքը: Այս ձեւով ան պիտի հաստատէ, թէ դուք զինք կը սիրէք, ու ան պիտի փափաքի ձեր ուզածը կատարել ամէն գնով: Կարեւոր թելադրանք մը աւելի ազդու կրնայ ըլլալ, եթէ ան փաթթուկով կամ անուշիկ ժպիտով զուգորդուած ըլլայ, քան այն մէկը, որ զինուորական խիստ ու անհաճոյ ոճով շաղախուած է:
8- Ձեր վարուելակերպը թող օրինակ ծառայէ: Ձեր նախադպրոցականը աւելի լաւ լսող պիտի ըլլայ, եթէ դուք զինք լաւ լսէք եւ առհասարակ ձեզ տեսնէ, իբրեւ լաւ լսող: Սովորութիւն ըրէք ձեր երեխային լսել ու մտիկ ընել յարգանքով, ինչպէս որ պիտի լսէիք չափահասի մը արտայայտութիւնները: Ձեր երեխային նայեցէք, երբ ան կը խօսի, եւ ոչ ուրիշ տեղ: Քաղաքավարութեամբ պատասխանեցէք անոր հարցումներուն ու մտահոգութիւններուն: æանացէք չմիջամտել զինք խօսած ժամանակ: Նոյնիսկ եթէ զբաղած էք եւ ձեր երեխան շատախօսելու գնով իր պատմութիւնները կ՛ուզէ պատմել, երես մի դարձնէք անոր ու ձեր աշխատանքը մի շարունակէք՝ անտեսելով ու չլսելով իր խօսածները: Ինչպէս բոլոր կեցուածքներու պարագային «Ըրէ ինչպէս որ կ՛ըսեմ, եւ ոչ թէ ինչպէս որ եմ» կարգախօսը սխալած է, այս պարագային եւս անիկա չարաչար ու անկասկած սխալած է:
Երեխաներուն մեծամասնութիւնը կը լսէ այն, ինչ կ՛ըսենք. անոնցմէ մաս մը կը կատարէ մեր ըսածը, բայց բոլորն ալ կ՛ընեն այն, ինչ մենք կ՛ընենք։