ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
«Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթը իր Ապրիլ 17-23 թիւին մէջ ունի վերոնշեալ խորագիրով յօդուած մը՝ նուիրուած Թուրքիոյ վարչապետին ու նախագահին միջեւ երկրին յաջորդ նախագահը որոշելու հարցով ծագած վէճին կապակցութեամբ. յօդուածը կը սկսի հետեւեալ տողերով. «Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի շքեղ գրասենեակը շատ բան ունի ըսելիք երկրին ներկայ կացութեան մասին: Ան ունի հսկայ պատուհան մը, ուրկէ կարելի է Անգարան դիտել, եւ Օսմանեան պալատի հայազգի գծագրիչ Իվան Այվազովսքիէն ստեղծագործութիւններ կախուած են հոն: Նախորդ նախագահ Ահմետ Նեճտեթ Սեզերի օրերուն, այդ պատուհանը չկար, իսկ Այվազովսքիին գործերը կը մնային պահարաններու մէջ: Սեզեր նաեւ չէր սիրեր ճամբորդել, մինչ Կիւլ՝ իբրեւ նախագահ, 61 պաշտօնական այցելութիւններ կատարած է եւ հակառակ հաւատացեալ մը ըլլալուն, արեւմտամէտ ղեկավար մըն է եւ ազատ շուկայի տնտեսութեան գաղափարին պաշտպան: Ան երկրին համաշխարհային ախորժակներու խորհրդանիշը դարձած է»:
Թերթը կ՛աւելցնէ, թէ Կիւլ համեմատաբար չափաւորական մըն է, որ իբրեւ արտաքին գործոց նախարար, յաճախ միջամտած էր վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ծայրայեղ կեցուածքները զսպելու համար:
Վարչապետ-նախագահ վէճին ակնարկելով՝ թերթը կը գրէ, թէ 2007ին նախագահ ընտրուած Կիւլ կը փափաքի նախագահ վերընտրուիլ, նկատի ունենալով, որ իր ընտրութենէն ետք կատարուած օրէնքի փոփոխութիւնները վերընտրուելու առիթ կու տան նախագահին, որուն նստաշրջանը 7էն 5ի կրճատուած էր: Սակայն Էրտողան կը պնդէ, թէ Կիւլ պէտք է պաշտօնէն հեռանայ 2014ին, հետեւելով այն օրէնքին, որ ի զօրու էր 2007ին:
Թրքական աղբիւրներ նաեւ կը յայտնեն, թէ Էրտողան այս շաբթուան սկիզբը սկսած սահմանադրական բարեփոխումներու ճամբով կ՛ուզէ նաեւ նախագահին իրաւասութիւնները աւելցնել՝ յուսալով դառնալ երկրին յաջորդ նախագահը: Սակայն ամէն ինչ կախեալ է յառաջիկայ տարուան խորհրդարանական ընտրութեանց արդիւնքէն:
Մինչ իշխող կուսակցութեան անդամներ կը յայտնեն, թէ նման վէճ մը գոյութիւն չունի Կիւլի եւ Էրտողանի միջեւ, ուրիշներ կը պնդեն, թէ վէճը այնքան սուր է, որ կրնայ նոյնիսկ կառավարութիւնը տապալել՝ իրականացնելով այն նպատակը, որուն համար աշխատանք կը տանին երկրին տկարացած քաղաքական ընդդիմութիւնը եւ զինուորական ուժերու հրամանատարութիւնը: