Ֆրանսահայ վաստակաւոր երգիչ Վիգէն Դարբինեան Մայիս ամսուան ընթացքին շարք մը ելոյթներ պիտի ունենայ Կլենտէյլի «Phoenicia» ճաշարանին մէջ: Ելոյթներէն մէկը՝ Մայիս 9ի ձեռնարկը, նուիրուած է Մայրերու օրուան:
1970ական թուականներուն իր եւ Յարութ Պեզճեանի կազմած «Յարդար» նուագախումբով հայկական ժողովրդային երգերը իւրայատուկ ոճով ներկայացնող Դարբինեան վերջերս հրատարակած էր «Նորդար» անունով նոր հաւաքածոյ մը:
Կլենտէյլի մէջ կայանալիք Դարբինեանի ելոյթներուն պիտի մասնակցի դաշնակահար Փաթրիս Փերէյրաս:
Ելոյթները տեղի պիտի ունենան Մայիս 6ին, 7ին, 9ին, 12ին, 13ին ու 14ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ:
Մուտքի սակը՝ ներառեալ ընթրիք, 50-75 տոլար է: Մանրամասնութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար դիմել «Phoenicia» ճաշարան՝ (818) 956-7800 թիւով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.