ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի տարեկան Մարաթոնին նախօրեակին կայացող Լոս Անճելըսի 5 քլմ. քայլարշաւը, քաղաքի զանազան մարդասիրական ծրագիրներուն համար դրամահաւաքի ձեռնարկ մըն է, որուն Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի ընկերուհիները կը մասնակցին 2002էն ի վեր:
Այս տարուան քայլարշաւին մասնակցող մօտաւորապէս 40 ՀՕՄուհիներուն միացած Նարին Մելքոնեանը, որ «Լոյոլա Մերիմաունթ» համալսարանի երկրորդ տարուան ուսանողուհին մըն է, կը գրէ, թէ քայլարշաւին մասնակիցները արդէն իսկ կազմ ու պատրաստ էին ժամը 7:30ին՝ սկսելու համար արշաւին, որուն աւարտին, ՀՕՄուհիները նաեւ հայկական շուրջպար պարած են՝ ոչ հայկական երաժշտութեան յարմարացնելով իրենց քայլերը, մինչ այլ մասնակիցներ ջուր գտնելու իրարանցումի մէջ էին: Ան կ՛աւելցնէ, թէ ՀՕՄուհիներուն խանդավառութիւնը նկատած է նաեւ երգիչը, որ բեմէն երկու առիթներով շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՕՄին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.