ԷՆՍԻՆՕ.- Յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով, ՀԵԴի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Սարդարապատ» ուխտը կազմակերպած է «Ուրացման դէմ հեծելարշաւ», որուն նպատակն է լուսարձակի տակ առնել ցեղասպանական արշաւները: 14 մղոննոց արշաւը, որուն անցեալ տարի մասնակցեցաւ Քալիֆորնիոյ տարածքէն աւելի քան 250 հոգի, տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 25ին, կ.ե. ժամը 1:30ին: Արձանագրութիւնները պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 11ին:
Հեծելարշաւը պիտի սկսի «Ֆերահեան» վարժարանէն (5300 White Oak Avenue Encino, CA 91316):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.