ԷՆՍԻՆՕ.- Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2010ի յետմիջօրէին, «Ֆերահեան» Ազգային վարժարանի միջնակարգի աշակերտները, դպրոցի «Տիգրանեան» սրահին մէջ մասնակցեցան Հայկական բաժանմունքին կազմակերպած «Անսխալ Գրենք»ի մրցումին։ Այս մրցաշարքը կազմակերպուած էր իբրեւ միջ-դասարանային մրցում՝ քաջալերելու համար այն աշակերտները, որոնք աւելի բծախնդիր եւ լուրջ աշխատանք կը ցուցաբերեն հայերէն դասանիւթերուն նկատմամբ եւ քայլ մը աւելի առաջ երթալով՝ կը փորձեն անսխալ գրել իրենց սորվածը։
Մրցումին կազմակերպիչները գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էին հարցուած բառերը համակարգիչի միջոցաւ ցուցադրել յատուկ պաստառի մը վրայ, որ միայն տեսանելի էր սրահին մէջ գտնուողներուն, որպէսզի անոնք եւս հետեւին հարցումներուն եւ փորձեն իրենց մտքերուն մէջ հեգել բառերը։
Միջնակարգի 6րդ, 7րդ, 8րդ եւ 9րդ կարգերու աշակերտներու լաւագոյնները նախ մրցեցան իրենց դասընկերներուն հետ, ընտրեցին լաւագոյնները, ապա 4 կարգերու լաւագոյնները իրարու դէմ մրցելով՝ ընտրուեցան դպրոցին առաջինը, երկրորդը եւ երրորդը։
6րդ կարգէն առաջնութիւնը գրաւեց Արիանա Մաճառեան, 7րդ կարգէն՝ Լիա Քէշիշեան, 8րդ կարգէն՝ Շանթ Գարակէօզեան, իսկ 9րդ կարգէն՝ Քարինա Խտըրեան։
Դպրոցի ընդհանուր դասաւորումին մէջ առաջնութիւնը գրաւեց 9րդ կարգէն Քարինա Խտըրեան՝ ստանալով 75 տոլարի նուէր մը, երկրորդութիւնը՝ Արիանա Մաճառեանը՝ ստանալով 50 տոլարի նուէր, իսկ երրորդութիւնը՝ Լիա Քէշիշեանը՝ ստանալով 25 տոլարի նուէր: Յաղթող աշակերտներուն մրցանակները յանձնեց «Ֆերահեան»ի Հայերէն բաժնի պատասխանատու Վարդգէս Նալպանտեանը։
Յաջողութիւն կը մաղթենք բոլոր մասնակիցներուն, որ նոյն խանդավառութեամբ եւ բծախնդրութեամբ շարունակեն իրենց գնահատելի աշխատանքը, որ անպայման աւելի պիտի գնահատուի ապագային, երբ մեր գաղութին մէջ կարիքը պիտի զգացուի անոնց, որոնք պիտի հանդիսանան յաջորդ սերունդին հայերէն եւ հայոց պատմութիւն սորվեցնողներն ու սիրցնողները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Ապրէ՛ք, սա ճիշտ քայլ է եւ պէտք է զարրգացուի եւ տարածուի այլ դպրոցներու։