Շարադրական
Մրցանքին Առաջին Հանդիսացող Աշակերտ՝ Կրէյս Խանլեանի
(Ը. Կարգ) Գրութիւնը
Հայ կը նշանակէ Հայ ազգին պատկանող անձ մը։ Ես հայ աղջնակ մըն եմ, Յովսէփեան Վարժարանը կը յաճախեմ։ Այսօր, 95 տարիներ անցած են Հայկական Ցեղասպանութենէն։ Ապրիլ 24, 1915ին թուրքերը մէկ ու կէս միլիոն հայեր ջարդեցին։ Մինչեւ այսօր տակաւին այս ահաւոր դէպքը կը յիշենք։
Ես այս դպրոցը տասը տարիներէ ի վեր կը յաճախեմ։ Իմ ծնողքս շատ ջանք կը թափէ ինծի եւ քրոջս հայկական վարժարան ղրկելու համար։ Առտու իրիկուն կ՛աշխատին, որ ես լաւ հայերէն սորվիմ ու բնաւ չմոռնամ։ Այս իրենց ամէնէն կարեւոր նպատակներէն մէկն է։ Մենք հայերս նման ենք շէնքի մը, որ ամուր եւ հաստատ կը մնայ, հպարտօրէն բարձր պահելով իր գլուխը հայ կոչուելուն համար։ Այո, ճիշդ է որ կը հիննանք, բայց եթէ շարունակենք հայերէն սորվիլ ու կարդալ, կը նորոգուինք։ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճիշդ զօրաւոր երկրաշարժի մը նման ցնցեց շէնքը, բայց մենք դեռ կրցանք ապրիլ։ Հիմա մենք աշխարհին ամէն կողմն ենք ու տակաւին կը շարունակենք սորվիլ։ Չորս կարեւոր կէտեր կան, որոնց բոլոր հայերս պէտք է հետեւինք, ա. Հայկական մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը շարունակել, բ. Հայերէն կարդալ, գ. Հայերէն գրել, դ. Ինքնաճանաչում՝ իբրեւ հայ անհատ:
Գիր ու գրականութիւն շատ կարեւոր են։ Մեծ թիւով հայ գրագէտներ կորսնցուցած ենք ցեղասպանութեան ընթացքին։ Ես վստահ եմ՝ 1ՕՕ տոկոսով, որ հայերէն լեզուով նոր գրողներ պիտի ըլլան։ Մենք պէտք է հաւատք ունենանք, որ կարելի ըլլայ ասոր իրականացումը։ Եթէ միանանք մենք իբրեւ ազգ եւ հաւատանք, նոյնիսկ կրնանք մեր Պատմական Հայաստանին ալ տիրանալ։ Մեր գեղեցիկ Հայաստանին բնութեան իւրաքանչիւր մասը խորհրդանիշ մըն է մեր նկարագրին։ Բարձր լեռները ցոյց կու տան, որ մենք զարգացած ենք եւ ամպերուն հասած ենք։ Հայաստանի գետերը շատ հեռու տեղեր կը հոսին, ինչպէս որ մենք ամբողջ աշխարհին շուրջ թափառական ենք։ Դաշտերուն վայրի ծաղիկները ցոյց կու տան, որ մենք բազմաթիւ ենք ու մեր թիւը բնաւ պիտի չպակսի։ Գիտեմ, որ շատ հայ երեխաներ օտար դպրոցներ կը յաճախեն, բայց չձուլուելու համար անոնք ալ պէտք է հպարտ զգան իրենց ինքնութեամբ եւ փորձեն հայ մնալ։
Հայկական դպրոցները պարտաճանաչ են եւ իրենց կարելին կ՛ընեն, որ մեզի փոխանցեն կարեւոր գիտելիքներ։ Ես հպարտօրէն ամէն օր ժպտերես կու գամ դպրոց եւ գիտակից եմ, որ պէտք է շարունակեմ հայ սերունդին պահպանումը։ Հայկական Ցեղասպանութիւնը աւելիով կ՛ամրապնդէ ինծի։ Մեր զոհուած երկու բանաստեղծներուն՝ Սիամանթոյին ու Դանիէլ Վարուժանին պատգամը կատարած կ՛ըլլանք պահպանելով մեր ազգը։ Նաեւ կը հաւատամ, որ եթէ ջանք թափենք կ՛իրականանայ Յովհաննէս Շիրազին փափաքն ալ._ «Բոլոր ազգերը թող հասնին լուսին, միայն թէ հայը հասնի Մասիսին»։
Շարադրական Մրցանքին Երկրորդ Հանդիսացող Աշակերտը՝
Լոռի Ճիկէրեանի
(Ը. Կարգ) Գրութիւնը
95 տարիներէ ի վեր մենք հայերս պայքարած ենք Հայկական Ցեղասպանութիւնը աշխարհին ծանօթացնելու համար։ Թուրքերը 1895 թուականէն սկսեալ գաղափար մը ունեցան, հայ ժողովուրդը բնաջնջելու եւ միայն մէկ հայ պահելու եւ այդ ալ թանգարանին մէջ դնելով եւ ըսելու որ Արմէն անունով ցեղ մը կար։ Շատեր նահատակուեցան եւ քիչեր փախան Եղեռնէն ու ցրուեցան աշխարհին չորս կողմը։ Շատեր նաեւ ձուլուեցան, որդեգրուելով տարբեր ազգերու կողմէ, իսկ ոմանք ալ նոյնիսկ թրքացան իրենց կեանքը ապահովելու համար։
Այս բոլորը եղան, բայց թուրքը չյաջողեցաւ հասնելու իր նպատակին։ Չյաջողեցաւ, որովհետեւ մենք 95 տարիներէ ի վեր կը պայքարինք մեր դատը պաշտպանելով եւ ծանօթացնելով ամբողջ աշխարհին եւ չենք յուսահատիր։ Չձախողեցանք, որովհետեւ մեր պատմութիւնն ու հայրենիքը բնաւ չենք մոռնար, պատմութիւնը կը սորվինք եւ հայրենիքն ալ կը պաշտպանենք։ Եւ ահաւասիկ մեր այս դասարանին մէջ նստած ենք մենք՝ հայ պատանիներս, որ վերապրողներուն ժառանգորդներն ենք։
Դժբախտաբար կան հայեր, որոնք չեն խօսիր, չեն կարդար ու չեն գրեր հայերէն եւ եթէ այսպէս շարունակուի կրնանք այն ատեն ըսել, որ թուրքը յաջողած կ՛ըլլայ եւ կը հասնի իր նպատակին։
Հայ մայրերն ու հայրերը պատասխանատուութիւն պէտք է զգան օր ու գիշեր յիշեցնելու իրենց զաւակներուն հայերէն լեզուի կարեւորութիւնը եւ իրենցմէ պահանջեն, որ միշտ հայերէն խօսին ու հայկական թեթրեր կարդան։ Պէտք է պատրաստենք սերունդ մը, որմէ վստահ ըլլանք որ պիտի կարենայ շարունակել մեր դատի ծանօթացումը եւ հասնիլ արդար լուծումին։ Պէտք է հայապահպանման կարեւորութիւնը ամուր հիմերով դրոշմուած ըլլայ մեր յաջորդ սերունդին մօտ։ Այս ձեւով կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ Մասիս լերան գագաթին։ Հայ երեխաները երբ շարունակեն թոթովել հայերէն լեզուն, իրապէս յաղթած կ՛ըլլանք մեր դարաւոր թշնամիին։ Միշտ պէտք է յիշենք մեր բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանին պատգամը._
«Որդի՛ս, ո՛ւր էլ լինես, այս լուսնի տակ ո՛ւր էլ գնաս, թէ մօրդ անգամ մտքից հանես, քո մայր լեզուն չմոռանա՛ս»։