1922ին Լիբանանի Էշրեֆիէ շրջանին մէջ հիմնուած Հայ Աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը (ԿԲՎ) արդէն բոլորած է իր հիմնադրութեան 88ամեակը։ Ուսումնական բարձր մակարդակ ունենալու կողքին, բախտաւոր եղած է այս վարժարանը, որովհետեւ Լիբանանի ներքին պատերազմի ընթացքին հեռացող եւ մանաւանդ ԱՄՆ հաստատուած շրջանաւարտները լաւ դիրքերու հասնելէ ետք, անմիջապէս յիշած են զիրենք դաստիարակող ուսուցիչ-ուսուցչուհիները եւ վերջապէս դպրոցը։
Շրջանաւարտները քով-քովի գալով՝ հիմնած են Ամերիկայի շրջանաւարտից միութիւնը։ Միութեան նպատակը եղած է նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեան հասնիլ իրենց սիրելի վարժարանին, երբ ան կարիքներով լեցուն է։
Անշուշտ դպրոց մը այժմէական դառնալու եւ նոր ծրագիրներու, դպրոցական արդիական կազմածներու կարիքներուն գոհացում պէտք է տայ, եթէ անպայման կ՛ուզէ պահել իր մակարդակը, օտար դպրոցներու կողքին։ Այսինքն, միաժամանակ, ե՛ւ ունենալ քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութիւն, ե՛ւ լաւ պայմաններ լրացնել՝ աշակերտը պետական քննութիւններու պատրաստելու համար։ Փառք Աստուծոյ, որ վերջին տասնամեակին պետական քննութեանց յաջողութիւններուն համեմատութիւնը եղած է հարիւր տոկոս, ինչ որ հպարտութիւն կը ներշնչէ ծնողներուն, աշակերտներուն, ուսուցիչներուն, տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան, Շրջանաւարտից միութեան, Կրթական խորհուրդին եւ մանաւանդ Աւետարանական համայնքին։
Նիւթական ու բարոյական նեցուկ դառնալու հեռանկարով, ԱՄՆի շրջանաւարտից միութիւնը տարեկան ճաշկերոյթ կը կազմակերպէ Ամերիկայի մէջ եւ հասոյթը կը փոխանցէ վարժարանին, հնամաշ դարձած սարքերու բարելաւման նպատակով։
Այս տարուան ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Մարտ 12, 2010ին, Կլենտէյլի «Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ։ Հաճելի անակնկալ էր վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Տէյիրմէնճեանի ներկայութիւնը։
ԿԲՎի շրջանաւարտից միութեան ատենապետուհի դոկտ. Արմինէ Տէր Կարապետեանը ներկաներուն փոխանցեց բարեգալուստի խօսքը, ապա, Րաֆֆի Քերպապեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ տիկ. Եսթեր Ասիլեանի, ԱՄՆի եւ Հայաստանի օրհներգները մեկնաբանեց։ Վերապատուելի Ճօ Մաթոսեանի աղօթքով օրհնուեցան ճաշկերոյթին համար պատրաստուած սեղանները, եւ գոհունակութեամբ լեցուեցան ներկաներուն սրտերը։
Բեմը յանձնուեցաւ Մարալ Տէյիրմէնճեանին, որ պաստարի վրայ ներկայացուց բծախնդրօրէն պատրաստուած վարժարանին նախկին, ապա՝ նորոգուած բաժինները։ Ներկաները ոգեւորութեան կողքին, վերապրեցան նաեւ իրենց մանկութեան ու անմեղութեան պահերը։ Այս պատկերները առաւել քաջալերեցին եւ սրտանց ուրախացուցին շրջանաւարտից միութեան անդամները, որովհետեւ անոնց նիւթական օժանդակութեամբ վարժարանը այժմէականանալու կը ձգտի՝ քայլ առ քայլ նորոգելով վարժարանը։ Ապա, տիկին Տէյիրմէնճեան բեմ հրաւիրեց վարժարանի շրջանաւարտներէն Արփի Համբարեանը, որ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի չորսամեայ դասընթացքը աւարտելէ ետք, 26 տարի ծառայած է իր վարժարանին՝ դասաւանդելով հայերէն եւ հայոց պատմութիւն նիւթերը գրեթէ բոլոր դասարաններուն։ Կրթական երկարամեայ վաստակին համար, ան շքադրուեցաւ։
«Տարուան շրջանաւարտը» պա-տիւին արժանացաւ ԿԲՎի 1953ի շրջանաւարտ, բնագիտութեան «The first spin 2 elementary particle»ի գիւտարար, մեծահամբաւ գիտահետազօտող՝ տեղական ու միջազգային մակարդակով, դոկտ. Վազգէն Յակոբեանը, որ ԱՄՆի շրջանաւարտից վարչական անդամ Վահան Մաշիկեանի ձեռամբ ստացաւ համապատասխան գնահատագիրը։
Ճաշկերոյթը հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն երգերով ճոխացուց Րաֆֆի Քերպապեանը, իսկ Գօգօ Հայիթեանը իր կիթառով մեկնաբանեց անգլերէն ու ֆրանսերէն երգեր։
Նուիրատուութեան դուռը տակաւին բաց կը մնայ։ Իսկ կատարուած նուիրատուութիւնը արդէն պիտի օգտագործուի իրագործելու համար պատրաստ ծրագիրներ։
Այս տարուան ճաշկերոյթին նկարները կարելի է դիտել՝ այցելելով Facebook կայքը եւ փնտռելով Assoc Chs.
Շրջանաւարտից միութեան հասցէն է՝ CHS Alumni Association, 18335 Rancho Street, Tarzana, CA 91356.
E-mail:
chs.alumni.assoc@hotmail.com
Վարձքը կատար բոլորին։
Ամերիկայի Շրջանաւարտից
Միութիւն