ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Շաբաթ, 10 Ապրիլ, 2010ին, երեկոյեան ժամը 7ին, ՀԲԸ միութեան Փասատինայի համալիրին մէջ, հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Շրջանակային յանձնաժողովին, պատուոյ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Գառնիկ եւ Անժէլ Գարայեաններու եւ ներկայութեամբ վարժարանի բարերար տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններուն, մեծ հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ ՀԲԸՄի հիմնադրութիւնը եւ յատկապէս անոր Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջին մասնաճիւղ՝ Ֆրեզնոյի 100 ամեակը, որուն յաջորդեց ՀԲԸՄ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» երկրորդական վարժարանի աշակերտներուն պատրաստած ձեռարուեստի գործերուն ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը:
Ձեռնարկին Յովնան արք. Տէրէրեանի կողքին ներկայ էին օրուան պատուոյ նախագահն ու իր տիկինը, ՀԲԸՄ վարժարանի բարերար ամոլն ու ընտանեկան պարագաները, միութեան Կեդրոնական եւ տեղական վարչութիւններու եւ լոսանճելըսահայ մամուլի ներկայացուցիչները, միութենականներ, մշակութասէրներ, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Համալիրի շրջափակին մէջ, հանդիսավարութեամբ Կարօ Պապեանի, առաջնորդութեամբ միութեան թմբկահարներու խումբին, նախ ՀԲԸՄ եւ ՀԵԸի սկաուտական կազմը կատարեց ամերիկեան եւ միութեան դրօշակներու արարողութիւնը, որուն յաջորդեց բակին մէջ զետեղուած մեծ խաչքարին առջեւ ծաղկեպսակներու զետեղում՝ նուիրուած միութեան ննջեցեալ հին ու նոր ղեկավարներու ու բարերարներու հոգիներուն յիշատակին, ձեռամբ միութեան զանազան մարմիններու տարեց ու երիտասարդ ներկայացուցիչներուն:
Իր կարգին, Յովնան սրբազանը հայրական իր պատգամին մէջ շեշտեց, թէ այս օրը պատմական է, ու թէեւ մեզմէ յաւէտ բաժնուող մեծերը ծաղիկներով կը յիշատակենք, սակայն անոնք իրենց կեանքերով ծաղիկ դարձած են արդէն մեր հայրենիքին եւ եկեղեցւոյն համար: Առաջնորդ սրբազան հայրը իմաստաւորելով իր խօսքը՝ բարի յիշեց տարիներ առաջ Անգլիոյ Լորտերու տան մէջ Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց հայրապետի արտասանած նշանաւոր մէկ խօսքը. «Մենք ազգ մըն ենք, որ կը մերժենք մեռնիլ»:
Ապա սրբազան հօր տէրունական աղօթքէն ետք, բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան համալիրի մեծ թատերասրահը, ուր դարձեալ միութեան սկաուտներու վերեւ նշուած միայն երկու դրօշակներու արարողութենէն, ինչպէս նաեւ միայն ամերիկեան եւ միութեան երկու քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք տեղի ունեցաւ հիմնադրութեան տօնակատարութեան նուիրուած պաշտօնական բաժինը:
Սրահին բեմը զարդարուած էր միութեան դրօշակներով ու մանաւանդ հիմնադիրներու ու բարերարներու նկարներով, որոնց առջեւ սկաուտներ ծաղիկներու մէկական թաղարներ զետեղեցին հանդիսութեան բացման ընթացքին:
Սոյն յատկանշական արարողութենէն ետք, օրուան երիտասարդ հանդիսավարներ Րաֆֆի Սվաճեան եւ Նարինէ Աւագեան բարի գալուստի ու շնորհակալութեան իրենց խօսքերով իրերայաջորդ կերպով ներկայացուցին միութեան պատմականը:
Յիշենք նաեւ, որ հանդիսութիւնը իբրեւ լոզունք ունէր «Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» խօսքը:
Փրոֆ. Սիլվա Գարայեան իր խօսքի սկիզբին շեշտեց, թէ օրուան լոզունքը իբրեւ պատգամ կ՛իրագործուի արդէն միութենէն ներս: Ապա մասնայատկելով լոզունքը՝ փրոֆ. Գարայեան մէկ առ մէկ պարզեց «կեանք»ին, «պիտի լինենք»ին եւ «դեռ շատանանք»ին իմաստները, զանոնք կապելով միութեան մէկ դարու աշխատանքներուն ու գործընթացին հետ:
«ՀԲԸՄ պատկառելի ներկայութիւնը է», շեշտեց պատգամաբերը ու աւելցուց, թէ շնորհիւ միութեան հեռատես ու իմաստուն հին ու նոր նախագահներուն, ՀԲԸՄը հասած է իր նախանձելի բարձրունքին եւ պիտի շարունակէ իր երթը նոյն տեսլականը ունեցող առաջնորդներով ու բարերարներով:
Փրոֆ. Գարայեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց նաեւ ձեռնարկի պատուոյ նախագահ՝ Գառնիկ Գարայեանը՝ վեր առնելով անոր միութենական անսակարկ ծառայասիրութիւնն ու տարիներու օրինակելի զոհաբերումը:
Իր կարգին, օրուան նախագահ Գառնիկ Գարայեանը շնորհակալութեան խօսքէն ետք շեշտեց, թէ պէտք չէ մոռնալ միութեան «համագործութիւն» նշանաբանը, ինչպէս նաեւ մէկդի պէտք է դնել անհատական շահերը: Անդրադառնալով ՀԲԸՄէն ներս ծնունդ առած ներքին հարցերուն, սրտնեղութիւններուն եւ միութենէն հեռացածներուն՝ ան նշեց, թէ նման երեւոյթներ շատ տխուր են եւ բացարձակապէս դատապարտելի:
«Միութիւնը մեր երկրորդ տունն է. կարելի չէ հեռանալ: Ուստի պէտք է վերջ դնել անիմաստ ըսի-ըսաւներուն, անվստահութեան եւ կասկածի մթնոլորտին» յորդորեց ան:
Օրուան բանախօս տոքթ. Գէորգ Քէշիշեանը յիշեց, թէ միութեան 104ամեակն էր այսօր: «Միութիւնը, որ կեանքի կոչուեցաւ 15 Ապրիլ, 1906ին, իր գոյութեան առաջին տասնամեակին իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց մեր ժողովուրդի ֆիզիքական կարիքներու հոգածութեան, ազգապահպանման եւ մարդասիրական մարզերուն վրայ: Մեր ժողովուրդը վստահեցաւ միութեան գործի առաքելութեան»:
Ապա բանախօսը յիշեց, թէ ներկայիս աշխարհի տարածքի հայահոծ գաղութներէն ներս միութիւնը ունի 135 գործօն մասնաճիւղեր, 32 վարժարաններ, կեդրոններ, ակումբներ, մարզադաշտեր, հազարաւոր մարզիկներ եւ անդամներ: Անցնելով միութեան նպատակակէտին՝ ան պարզեց, թէ միութիւնը լոկ աղքատախնամ միութիւն մը չէ, այլ անիկա աւելի քան մէկ դարու իր կեանքին ընթացքին ունեցած ու պահած է հազարաւոր սաներ, որոնք սնուած են միութեան իտէալներով:
Տոքթ. Քէշիշեան թուեց միութեան կողմէ անհատ անդամներուն փոխանցուած պատուէրներու ու պատգամներու շարքը: «Չի մեռնիր այն ազգը, որ գիտէ ստեղծագործել եւ իր մոխիրներէն ծնիլ», շեշտեց օրուան բանախօսը եւ իր խօսքը ամբողջացուց Վահան Թէքէեանի «Ինչ մնաց» բանաստեղծութեան վերջին բաժինով:
Յայտագիրի արտայայտութիւններ բաժնին ընթացքին հանդիսավարները յաջորդաբար յիշեցին Պօղոս Նուպար փաշայի, Ալեք Մանուկեանի, Ուիլեըմ Սարոյեանի, ինչպէս նաեւ Վազգէն Ա., Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսներու եւ այլ գործիչներու խօսքերը:
Սրտի յատուկ խօսքը անգլերէնով արտայայտեց միութեան Հարաւային Քալիֆորնիոյ Շրջանակային յանձնախումբի ատենապետ Պերճ Շահպազեանը ու այս առթիւ շնորհաւորեց միութենականները:
ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անունով Սինան Սինանեան շեշտը դրաւ միութեան ցարդ կատարած իրագործումներուն, եւ վեր առաւ անոր երկարամեայ ազգային ու հասարակական բեղուն գործունէութիւնը: Իր խօսքի աւարտին ան ընթերցեց ՀԲԸՄի նախագահ Պերճ Սեդրակեանի այս առթիւ ուղած շնորհաւորական նամակը:
Ապա, Յովնան առաջնորդը հայրական պատգամով իր խօսքը ուղղեց ըսելով, թէ այսօր բացառիկ օր էր՝ մեր հոգիները լեցնող ու միաժամանակ ջերմացնող:
«Ապրիլեան Եղեռնի յիշատակման նախօրեակին, մեր մէջ կ՛արթննայ հայ մնալու մեր վճռակամութիւնն ու նախանձախնդիր ծառայութիւնը: ՀԲԸՄի մեծերը խոնարհեցան հայրենիքին, եկեղեցւոյն եւ մեր աւանդութիւններուն առջեւ, ու դարձան մեզի համար արմատ ու ճանապարհ: Հերթը հիմա մերն է», շեշտեց սրբազանը եւ աղօթքով ամբողջացուց խօսքը:
Օրուան յայտագիրի գեղարուեստական բաժնին դաշնակի վրայ նուագեց օրուան նախագահի թոռը՝ Յովիկ Վարդանը: Սալբի Քէօրքիւնեան սրինգով, Միհրան Գոճեան ջութակով եւ Կարիկ Թէրզեան թաւ ջութակով, յաջորդաբար հրամցուցին «Հոյ նազանի», «Այ Այլուղս» եւ «Հաբըրբան» երաժշտական ստեղծագործութիւնները: Թենոր Սուրէն Մկրտչեան, դաշնակի ընկերկացութեամբ՝ Ալիս Տէր Գէորգեանի, յաջորդաբար մեներգեց Վաղարշակ Կոտոյեանի «Ինչպէս Երազ» եւ Ֆալքոյի «Dicitencello Vui» մեներգները: Իր կարգին Թագուհի Արզումանեան ասմունքեց Սեւակի «Մայրենի Լեզու»ն եւ Ասատուր Կիւզէլեանի «Գովք Բարեգործականին»ը: Նշեալ բոլոր արուսետագէտներու ելոյթները արժանացան ներկաներու բուռն ծափահարութիւններուն:
Յոբելինական հանդիսութեան պաշտօնական բաժնի աւարտին, ներկաները հիւրասիրուեցան եւ նաեւ առիթ ունեցան համալիրի «Պոյաճեան» սրահին մէջ անձամբ տեսնելու ՀԲԸՄ «Վաչէ Մանուկեան» երկրորդական վարժարանի աշակերտներու «Նոր սերունդ-Նոր հորիզոն» խորագիրով ձեռարուեստի ցուցահանդէսը, որուն ծրագրման եւ իրականացման մէջ մեծ բաժին ու քրտինք ունեցած էր վարժարանի վաստակաշատ ուսուցչուհի եւ դաստիարակ Լորա Գույումճեանը:
Այցելուները մեծապէս տպաւորուեցան աշակերտներու գործերով ու բարձր գնահատեցին կատարուած ու հրամցուած աշխատանքը: