ԹՈՒԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ՝ 3ՐԴ ԴԻՐՔ
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Փետրուար 20ին, «Serra High» երկրորդական վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Junior High Math» անունը կրող թուաբանական մրցումը: Սան Ֆրանսիսքոյի ծովածոցէն 18 միջնակարգ դպրոցներէ 120է աւելի աշակերտներ մասնակցեցան սոյն մրցումին. անոնց շարքին էին նաեւ մեր աշակերտներէն՝ 8րդ կարգէն՝ Սեւան Նահապետեան, Գրիգոր Անտոնեան, իսկ 7րդ կարգէն՝ Րաֆֆի Սամուրգաշեան: Անոնք «Արարատ» խումբի անուան տակ մրցելէ եւ 2 ժամ խնդիրներ լուծելէ ետք գրաւեցին 3րդ տեղը:
Միջաշակերտական այս մրցումը օգտակար էր մեր աշակերտներուն՝ անոնց ցոյց տալով նախ թուաբանութեան կարեւորութիւնը իրական կեանքի տարբեր մարզերու մէջ, ապա անհատական կեանքի կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան ոգին:
«Թուաբանութիւնը միշտ մարտահրաւէր եղած է միջնակարգի աշակերտներուն համար», ըսաւ տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեան: Իսկ թուաբանութեան ուսուցչուհի Մաննիկ Կոստանեան հպարտութեամբ արտայայտուեցաւ աշակերտներուն յաջողութեան մասին՝ ըսելով. «Յոյսով ենք, որ այս եւ նման մրցումներ կը քաջալերեն մեր աշակերտները եւ իրենց յաջողութիւնները առաւել եւս կ՛ամրապնդեն զիրենք թուաբանական գիտելիքներու ուսման մէջ»:
ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ՝
2ՐԴ ԴԻՐՔ
Ինչպէս ամէն տարի, Փետրուարի վերջաւորութեան, «Randall» գիտութեան թանգարանը կը կազմակերպէ գիտութեան յատուկ մրցում մը, որուն կը մասնակցին 30 միջնակարգ վարժարաններու 200է աւելի աշակերտներ: Այս մրցումին նպատակը եղած է աշակերտներուն մէջ զարգացնել եւ քաջալերել գիտութեան հանդէպ իրենց սէրը:
Այս տարի, 8րդ կարգի աշակերտներէն Գրիգոր Անտոնեան՝ բնագիտութեան մարզէն ներս, իսկ Ճուլի Աւետիսեան՝ կենսաբանութեան մարզէն ներս, 2րդ դիրքի մրցանակը ստացան: Աւելցնենք նաեւ, որ Ճուլիին ներկայացուցած ծրագիրը յատուկ գնահատագիր ստացաւ «Gulf Of The Farralones National Marin Sanctuary»ի կողմէ՝ իր հետաքրքրական ու մանրակրկիտ աշխատանքին համար: Անոր ծրագրին նիւթն էր՝ ովկիանոսի մէջ թափուած իւղին ազդեցութիւնը ծովային բոյսերուն վրայ:
Կը շնորհաւորենք մեր բոլոր աշակերտներուն տարած աշխատանքը եւ յատկապէս Գրիգորին եւ Ճուլիին յաջողութիւնները:
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)