ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ապրիլ 23ին, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, Հայաստանի ասորական կազմակերպութիւններու «Խայադթա» դաշնութեան կողմէ ստացած է նամակ մը, որուն միջոցով ասորիները կը դիմեն հայերուն եւ կոչ կ՛ընեն ճանչնալու ասորիներու ցեղասպանութիւնը։ Ըստ նշեալ նամակին, հայերուն նման, ասորիները եւս զոհ դարձած են Մեծ Թուրանի ստեղծման գաղափարին. 20րդ դարասկիզբին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ ցեղասպանութեան զոհ դարձած է շուրջ 750 հազար ասորի։
Նամակը նշած է, թէ կան բազմաթիւ փաստաթուղթեր եւ վկայութիւններ ասորի ժողովուրդի ցեղասպանութեան մասին՝ քաղուած Օսմանեան կայսրութեան մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներու յիշողութիւններէն, հրապարակումներէն, գիտական ուսումնասիրութիւններէն: Հաւաքուած նիւթերը բաւարար են փաստելու, թէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն, այսինքն՝ հայերու, ասորիներու եւ յոյներու դէմ, իրականացած վայրագութիւնները ցեղասպանութիւն են:
Ազգային ժողովի նախագահին ուղղուած նամակին մէջ նաեւ նշուած է, թէ Հայաստանի ազգութեամբ ասորի քաղաքացիները եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բնակող ասորիները, հայ ժողովուրդին հետ միասին, Ապրիլ 24ին յարգանքի տուրք կը մատուցեն Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, եւ ասորական համայնքը յոյս ունի, որ Հայաստանը իր նպաստը պիտի բերէ՝ այլ ժողովուրդներու ցեղասպանութիւններու միջազգային ճանաչման գործընթացին:
Նամակը նաեւ անդրադարձած է Շուէտի խորհրդարանին եւ Մեծն Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատին կողմէ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զուգահեռ՝ ասորիներու ցեղասպանութեան ճանաչման:
«Կը համարենք, որ իր պետականութիւնը չունեցող ասորի ժողովուրդին ցեղասպանութեան ճանաչումը Հայաստանի կողմէ կը նպաստէ այդ ժողովուրդի քաղաքական եւ միջազգային վարկանիշի բարձրացման, պատմական հրէշաւոր փաստը ճանչնալու հարցով Թուրքիոյ վրայ ճնշում գործադրելուն, այլ պետութիւններու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման», ըսուած է նամակին մէջ եւ ընդգծուած, որ եղբայրական ժողովուրդի ցեղասպանութեան ճանաչումը կարեւոր քաղաքական քայլ կրնայ ըլլալ Հայաստանի համար:
«Կը դիմենք Ձեզ՝ յուսալով, որ Հայաստանի խորհրդարանը կը քննարկէ այդ հարցը եւ կը ճանչնայ 1915-1918ի ընթացքին ասորիներու հանդէպ իրականացած ցեղասպանութիւնը», նշուած է ՀՀ ԱԺ նախագահին ուղղուած նամակին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.