
KCET-էն «Armenian Exile» Եւ «My Son Shall Be Armenian» Շարժապատկերներու Սփռումին Առիթով
Շաբաթ, Ապրիլ 24ին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ շրջանի հանրային պատկերասփիւռի կայանը՝ KCET-ն, պիտի սփռէ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած յայտագիր մը, որուն ընթացքին պիտի ցուցադրուին գանատահայ ֆիլմի բեմադրիչ Յակոբ Կուտսուզեանի վաւերագրական երկու շարժապատկերները:
Երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, «Հայկական Աքսորը» (Armenian Exile) եւ «Զաւակս հայ պիտի ըլլայ» (My Son Shall Be Armenian) ֆիլմերը պիտի ներկայացուին բեմադրիչին եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային փոխադրական յանձնաժողովի փոխատենապետ, Կլենտէյլի նախկին քաղաքապետ Լերի Զարեանի կեղմէ:
Կիրակի, Ապրիլ 25ին, կ.ե. ժամը 1ին դարձեալ պիտի ցուցադրուի «Հայկական Աքսոր»ը, իսկ ժամը 2ին՝ «Զաւակս հայ պիտի ըլլայ» ֆիլմը:
Այս առիթով, «Ասպարէզ»ի գործակից Ճորճ Ատուրեան անգլերէնով հարցազրոյց մը ունեցաւ բեմադրիչ Յակոբ Կուտսուզեանի հետ:
Ստորեւ՝ սոյն հարցազրոյցի հայերէն տարբերակը.

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ապրիլ 24ի գիշերը, KCET-ն պիտի սփռէ ձեր երկու վերջին ֆիլմերը: Խնդրեմ, խօսեցէք այդ մասին:
ՅԱԿՈԲ ԿՈՒՏՍՈՒԶԵԱՆ.- Նախքան «Հայկական Աքսոր»ը (Armenian Exile) աւարտելս, հեռաձայնեցի Լոս Անճելըսի KCET-ի տնօրէն Պոհտան Զաքարիին, իմանալու համար, թէ ան կրնա՞յ հետաքրքրուած ըլլալ իմ նոր ֆիլմովս: Անկեղծօրէն, երբեք պիտի չմոռնամ այդ վայրկեանը, երբ ինքզինքս ներկայացուցի անոր. անակնկալօրէն, շատ ուրախ էր լուրերս ստանալու համար: Ան ըսաւ. «Երէկ իրիկուն, մեր դրամահաւաքին ժամանակ սփռեցինք «My Son Shall Be Armenian»ը: Այդ մէկը շատ ուրախացուց զիս:
KCET-ն, PBS-ի այն կայաններէն մէկն է, որ կը ներգրաւէ հայ դիտողներու մեծագոյն համեմատութիւնը, ուրեմն մեծ պատիւ էր ինծի համար, երբ Պոհտան Զաքարի հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց «Հայկական Աքսոր»ը տեսնելու, ապա անոր սփռումի արտօնագիրը ստանալու:
Այս մէկը իւրայատուկ փորձառութիւն մըն էր ինծի համար, որովհետեւ ոչ միայն իմ երկու հայկական ֆիլմերս ետեւ-ետեւի պիտի ցուցադրուին Ապրիլ 24ին, այլ նաեւ զիս Թորոնթոյէն Լոս Անճելըս հրաւիրեցին՝ մասնակցելու համար KCET-ի դրամահաւաքի գլխաւոր սփռումին:
Շատ բախտաւոր կը զգամ. «Զաւակս հայ պիտի ըլլայ» ֆիլմի ֆրանսերէն տարբերակը յաճախ կը ցուցադրուի Եւրոպայի մէջ, նոյնիսկ անոր արտադրութենէն չորս տարի ետք:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Որքա՞ն ժամանակէ ի վեր ֆիլմեր կը բեմադրէք:
ՅԱԿՈԲ ԿՈՒՏՍՈՒԶԵԱՆ.- Չե՛մ յիշեր ուրիշ բան ըրած ըլլալս: Հայրս շարժապատկերի բեմադրիչ էր, ուրեմն հասակ առի այդ միջավայրին մէջ: Կը յիշեմ, երբ երեխայ էի, այլ երեխաներ կը խաղային զէնքով կամ այլ բանով, իսկ ես կը խաղայի 35մմ (35mm) ֆիլմի ժապաւէններով, զորս հայրս իրեն հետ տուն կը բերէր: Նոյն շրջանին, ընկերոջ մը հետ, գործածելով կօշիկի տուփ մը՝ անոր մէջ քառանկիւն ծակ մը բացինք եւ լուսարձակի մը օգտագործումով ֆիլմի «փրոճէքթըր» (projector) մը շինեցինք: Այդ ժամանակ «ՓլէյՍթէյշըն» (PlayStation) չկար:
Երբ հինգ կամ վեց տարեկան էի, սկսայ հօրս ֆիլմերուն մէջ դերասանութիւն ալ ընելու: Ուրեմն, ես ուրիշ բան չեմ գիտեր ընել: Երբ պատահի, որ յոգնիմ ֆիլմ ընելէ, կորսուած պիտի զգամ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ինչո՞ւ որոշեցիք հայկական ֆիլմեր պատրաստել:
ՅԱԿՈԲ ԿՈՒՏՍՈՒԶԵԱՆ.- Դժուար է պատասխանել այս հարցումին. Որովհետեւ այլընտրանք չունէի, ներգրաւուած էի այդ գործին մէջ, ամէն գնով պէտք էր, որ իրագործէի զայն: Այդ մէկը բան մըն էր, որ զիս կը մղէր դէպի ինծի անծանօթ աշխարհ մը, միեւնոյն ժամանակ, խաղաղութիւն մը կ՛ապրէի, որովհետեւ աչքիս առաջ գտնուող նիւթերը դիպուկ էին: Այս մէկը մտաւորական գործընթաց մը չէր, այլ նեարդային փորձառութիւն մը:

Հօրս մահէն քանի մը ամիս առաջ, միասնաբար գացինք հայկական ֆիլմ մը դիտելու, որմէ ետք որոշեցինք մեր հայկական ֆիլմը նկարահանել, բայց, դժբախտաբար, հայրս մահացաւ առանց մեր այդ երազը իրականացնելու: Միայն երազը չէր որ փարատած էր, այլ նաեւ իմ հայկական ժառանգիս «ամբողջ ինչքս» տարտղնուած էր, եւ տասնամեակներ ետք վերադարձայ այդ մոռցուած ու անտեսուած երազին: Ղարաբաղի պատերազմը եղաւ իմ զարթօնքիս պատճառը:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Հասարակաց գիծեր կա՞ն ձեր երկու ֆիլմերուն՝ «My Son Shall be Armenian» եւ «Armenian Exile»ին միջեւ:
ՅԱԿՈԲ ԿՈՒՏՍՈՒԶԵԱՆ.- Սկզբնական շրջանին, երկու հայկական ֆիլմերուս մէջ առկայ հասարակաց գիծերը կամ այլ կապակցութիւններ յստակ չէին ինծի համար, սակայն ժամանակի ընթացքին անոնք մակերես ելան: Ուրեմն, հիմնական հասարակաց գիծը երկու ֆիլմերուն՝ յիշողութիւնն է: Ինքզինք հասկնալու բանալին, կը կարծեմ, որ յիշողութիւնն է: Լաւ գիտեմ, թէ իմ ընտանիքիս, մշակոյթիս եւ անձնական յիշողութիւններով ազդուած եմ: Իսկ երբ այս երեք կէտերէն մէկը անտեսած եմ, հաւասարակշռութիւնս կորսնցուցած եմ: Այս կշռոյթը պահելը մնայուն պայքար է ինծի համար ոչ միայն իբրեւ հայ, այլ նաեւ իբրեւ մարդ արարած:
Սակայն յիշողութիւնը վերացական նիւթ մըն է, իսկ շարժապատկերը տեսողական միջոց: Ինչպէ՞ս նկարահանել ֆիլմ մը յիշողութեան մասին:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Այնպէս կ՛երեւի, որ տարուած էք հայկական ինքնութեան հարցով:
ՅԱԿՈԲ ԿՈՒՏՍՈՒԶԵԱՆ.- Ոչ հայկական ինքնութեան հարցով, այլ տարուած եմ Ինքնութեան հարցով: Ես հայկական ինքնութեան փնտռտուքով հետաքրքրուած եմ, որովհետեւ հայ եմ: Սակայն ինքնութեան փնտռտուքի հարցը տիեզերական նիւթ է: Ես կրնամ պրպտել այնպիսի նիւթեր, որոնք սրտիս մօտիկ են, բայց, իբրեւ բեմադրիչ, փնտռտուքս կ՛անդրադառնայ միայն հայկական ինքնութեան, իսկ ուրիշներ հետաքրքրուած պիտի չըլլան անով: Պէտք է որ այդ հարցին (ինքնութեան) մօտենամ իբրեւ մարդ արարած, եւ ոչ թէ իբրեւ միայն հայ, եւ յուսամ, որ օտար դիտողները կարենան շաղկապուիլ ֆիլմին հետ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ի՞նչ մարտահրաւէրներ դիմագրաւեցիք «Հայկական Աքսոր» ֆիլմի իրագործման ընթացքին:
ՅԱԿՈԲ ԿՈՒՏՍՈՒԶԵԱՆ.- Նախքան «Հայկական Աքսոր»ը իրականացնելս, արտադրեցի եւ բեմադրեցի Գանատայի մէջ հանրային հեռատեսիլի կայաններու համար շուրջ 250 յայտագիրներ, որոնք կ՛իրականացուէին իւրաքանչիւր մարզի յատուկ մասնագէտներու օժանադակութեամբ: Սակայն, հակառակ շատ դժուար ըլլալուն, այս ֆիլմին «մոնթաժ»ը ես իրագործեցի՝ ծայրէ ծայր, եւ ընթացքին շատ բան սորվեցայ:
Այլ դժուարութիւն մը, զոր դիմագրաւեցի, ֆիլմի երաժշտութիւնն էր: Ես հայկական եկեղեցական երաժշտութեան սիրահար եմ եւ ամենասիրած երաժշտութիւնս «Տէր ողորմեա՛»ն է: Տղաս՝ Առիւծը, շատ տաղանդաւոր երաժիշտ մըն է, ուստի անոր հետ միասին գտանք «Տէր ողորմեա՛»ի շատ հին տարբերակներ, ապա ան (Առիւծը) իր ստեղնաշարով (keyboard) նուագեց եւ ձայնագրեց զայն. ամիսներով աշխատեցանք ու պատրաստեցինք երաժշտութիւնը:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Հայկական նիւթով այլ ֆիլմերու ծրագիրներ ունի՞ք:
ՅԱԿՈԲ ԿՈՒՏՍՈՒԶԵԱՆ.- Եթէ «պիզնես»ի մօտեցում ունենամ, պէտք է որ պատասխանը ըլլայ «ո՛»չ: Սակայն ինծի համար ֆիլմ պատրաստելը նեարդային փորձառութիւն է: Պէտք է ընել այն բանը, որուն կը հաւատաս, որովհետեւ այդ մէկն է ամենաուժեղ տուեալը, որ ունիս եւ զոր կրնաս արտայայտել: Այն ինչ ունիս հոգիիդ խորքը, իւրայատուկ է:
«Հայկական Աքսոր»ը եւ «Զաւակս հայ պիտի ըլլայ» ֆիլմերը առաջին երկու մասերն են իմ «Հայկական երրեակ»ին: Այս ամառ ձեռնարկած եմ նոր նկարահանումներու, եւ յոյսով եմ, որ յառաջիկայ տարի «երրեակ»ին երրորդ մասը պատրաստ կ՛ըլլայ… բայց այն նախազգացումը ունիմ, որ երրորդ մասով պիտի չգոհանամ, քանի որ իւրաքանչիւր ֆիլմ ճամբայ կը բանայ եւս ուրիշի մը:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Յաջողութիւն կը մաղթենք ձեզի եւ կը սպասենք նոր ֆիլմերու:
ՅԱԿՈԲ ԿՈՒՏՍՈՒԶԵԱՆ.- Շնորհակալութիւն:
