ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Ուրբաթ, Ապրիլ 23ին, խորհրդարանի նախագահ Մեհմետ Ալի Շահինի կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան մը ընթացքին յայտնեց, թէ Թուրքիա, միջոցի մը համար, Հայաստանի հետ թերեւս պէտք է վարէ անձայն դիւանագիտութիւն։ Այսինքն, բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին ծածուկ կերպով, առանց հանրային կարծիքին նիւթ դարձնելու ու աղմուկ բարձրացնելու։
Նախագահ Կիւլ ըսաւ, որ Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը շատ յստակ է։ Թուրքիա շատ ուշադիր ռազմավարութիւն կը վարէ։ Ըստ անոր, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան նպատակն է Կովկասի մէջ ալ կայուն կարգավիճակ ստեղծել: «Այսօրուան իրավիճակը ո՛չ մէկուն համար նպաստաւոր է։ Պէտք է այդ իրավիճակը բարելաւուի, փոխուի։ Նպատակը պիտի ըլլայ հաստատել խաղաղութիւն ու գործակցութիւն։ Այս պատճառով, ամէն մարդ, ամէն բանի նկատմամբ ուշադիր պէտք է ըլլայ։ Թերեւս պէտք պիտի ըլլայ որ Թուրքիա միջոցի մը համար լուռ դիւանագիտութիւն վարէ Հայաստանի հետ։ Եւ ասիկա արդէն կայ ու կը շարունակուի», յայտնեց նախագահը։
Երբ լրագրողները հարց տուին, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ փրոթոքոլներու գործընթացին ճակատագիրը, Կիւլ պատասխանեց, որ գործընթացը կանգ առած չէ, տակաւին կը շարունակուի։
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Երկուշաբթի օր յայտարարեց, թէ Անգարա կը շարունակէ իր քաղաքականութիւնը համակարգել Ատրպէյճանի հետ, եւ խոստացաւ «Ատրպէյճանի գրաւեալ հողերուն» հարցը քննել Թուրքիա այցելող Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.