ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան նախորդ նախագահը, «Ցեղասպանութեան դէտ» կազմակերպութեան հիմնադիրը եւ «Ճորճ Մէյսըն» համալսարանի ցեղասպանական ուսմանց դասախօս փրոֆ. Կրեկըրի Սթենթըն, նամակով մը դիմած է Լոնտոնի «Թէյթ» ցուցադրասրահին՝ դատապարտելով Արշիլ Կորքիի ստեղծագործութեանց ցուցահանդէսին ընթացքին, Հայկական Ցեղասպանութեան կողքին աւելցուած այն բացատրականը, թէ Բրիտանիոյ իշխանութիւնները «ցեղասպանութիւն» չեն նկատեր 1915ի իրադարձութիւնները:
Փրոֆ. Սթենթըն նամակին մէջ կը յիշեցնէ ցուցադրասրահին պատասխանատուները, թէ մինչ Բրիտանիոյ իշխանութիւնները չեն ճանչցած Հայկական Ցեղասպանութիւնը, ոչ մէկ առիթով սակայն զայն պաշտօնապէս ուրացած են: Ան կ՛աւելցնէ, թէ շատ հաւանաբար Թուրքիոյ իշխանութիւններուն բանեցուցած ճնշումներուն հետեւանքով աւելցուած այս բացատրականը, իրականութեան չհամապատասխանելուն պատճառով պէտք է անմիջապէս վերցուի կամ փոփոխութեան ենթարկուի:
Ան նաեւ կը գրէ, թէ ցեղասպանութիւն բառը առաջին անգամ գործածած Ռաֆայել Լեմքինը այդ բառը հնարած է՝ բացատրելու համար նոյնինքն Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Ան կը բացատրէ, թէ 1915ին, երբ «Ցեղասպանութիւն» բառը գոյութիւն չունէր, Բրիտանիոյ Լորտերու պալատը հասած էր այն եզրակացութեան, թէ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերուն սպանդը «ամբողջ ցեղ մը բնաջնջելու կազմակերպուած արարք մըն է»:
Ըստ նամակին, Բրիտանիոյ Թագուհիի խորուրդէն սըր Ճոֆրի Ռոպինսըն, Հոկտեմբեր 2009ին պատրաստուած տեղեկագրի մը մէջ հասած է այն եզրակացութեան, որ «1915ին հայերուն դիմագրաւածները համապատասխան են ցեղասպանութեան», ըստ միջազգային օրէնքներու:
Եզրակացնելով՝ ան կը շեշտէ, թէ Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութիւնը տարբեր առիթներով հաստատած է, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատմական իրականութիւն մըն է:
Յիշեցնենք, թէ նոյն ցուցահանդէսը Լոս Անճելըս պիտի փոխադրուի եւ Յունիս 8էն սկսեալ պիտի ցուցադրուի Ժամանակակից արուեստներու թանգարանին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.