ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ, Ապրիլ 24ի առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագով, հոգեհանգստեան պաշտօնական արարողութեամբ եւ վերջապէս օրինապահ ու խիտ շարքերով քայլարշաւով՝ Անթիլիասի մայրավանքէն մինչեւ Պուրճ Համուտ, հայ ժողովուրդի զաւակները ոգեկոչեցին յիշատակը իրենց առաւել քան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն։
Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանը։
Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին: Ան իր պատգամին մէջ յատկապէս ըսաւ.
«Ահա դարձեալ համախմբուած ենք մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու աճիւններուն շուրջ՝ վերանորոգելու մեր հաւատարմութիւնը նահատակներու սրբազան կտակին: Արդարեւ, հաւատարիմ ըլլալ նահատակներու կտակին, կը նշանակէ գիտակից ու ամբողջանուէր յանձնառութեամբ շարունակել պահանջատիրական մեր պայքարը. այլ խօսքով՝ արդարութի՛ւն պահանջել:
«…Ապրիլ 24ի այս առաւօտուն, երբ հայ ժողովուրդին ու միջազգային համայնքին ուշադրութիւնը դարձեա՛լ կը կեդրոնանայ Հայոց Ցեղասպանութեան վրայ, մեր նահատակներու ոգեղէն ներկայութեան դիմաց կանգնած՝ կ՛ուզենք կարգ մը կարեւոր յիշեցումներ եւ ընդգծումներ կատարել:
«…Մեր ժողովուրդը չի կրնար լուռ մնալ իր նահատակներու սրբազան իրաւունքին դիմաց: Ոմանց կողմէ մեր ժողովուրդին կատարուած թելադրութիւնները՝ թէ մոռցէք անցեալը եւ ապագային նայեցէք, պարզապէս անարդարութեան նուիրագործում է, անպատժելիութեան անարդար սկզբունքի ճանաչում է՝ նոյնինքն արդարութիւն շեփորող պետութիւններուն կողմէ: Որքան ալ ժամանակը հեռացնէ մեզ Ցեղասպանութեան թուականէն, ան չի կրնար մեզ հեռացնել մեր նահատակներու նուիրական կտակէն: Արդարեւ, մեր ժողովուրդը ո՛չ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը պահանջէ, այլ նաեւ հատուցում կը պահանջէ ցեղասպանէն:
«…Իր ժողովուրդին հետ Ցեղասպանութեան զոհ դարձած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ մնալ իր ժողովուրդին պահանջատիրութեան խորհրդանիշը, վառ յոյսը ու զօրեղ կամքը»։
Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակի նշման կեդրոնական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքէն մինչեւ Պուրճ Համուտ ժողովրդային քայլարշաւ տեղի ունեցաւ, որուն մասնակցեցան 60,000 հայորդիներ: Հոգեւորական թէ աշխարհական, պետական գործիչ թէ պարզ բանուոր, մէկ մարդու պէս քալեցին Անթիլիասէն Պէյրութ տանող մայրուղիէն, որ ոստիկանական ջոկատներու հսկողութեամբ փակուած էր ինքնաշարժներու երթեւեկին դիմաց: Քայլարշաւի մասնակիցները հայկական ու լիբանանեան դրօշներով, ինչպէս նաեւ ազգային-պահանջատիրական լօզունգներ կրող պաստառներով, միջազգային ընտանիքին դիմաց բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.