ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ, ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- UCLA-ի մէջ գործող Հայ կրթական հիմնադրամի Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնը կազմակերպած էր Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման շարք մը ձեռնարկներ, որոնցմէ երկուքը տեղի ունեցան Ապրիլ 13ին ու Ապրիլ 15ին, համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի գիտաժողովի սրահին մէջ:
Դասախօսական առաջին ձեռնարկին ընթացքին, դանիացի արխիւային պատմագէտ Մաթիս Պյոռնլունտ խօսեցաւ սքանտինաւեան երկիրներու մէջ գտնուող արխիւներուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ակնարկութեան մասին, եւ կեդրոնացաւ յատկապէս Ցեղասպանութեան ընթացքին (1914-1916) Իզմիրի իրադարձութեանց վրայ՝ բացատրելով, թէ ինչպէս շրջանի հայութիւնը փրկուած էր այլ շրջաններու հայութեան ճակատագիրէն, սակայն 1922ին, քեմալական Թուրքիոյ բանակներուն զոհ գացած էր, քաղաքի յոյներուն հետ:
Ապրիլ 15ի դասախօսական ձեռնարկին ընթացքին, Տապլինի համալսարանէն ու Ամսթերտամի Ողջակիզման ու ցեղասպանութեան ուսմանց կեդրոնէն Իւղուր Ումիթ Ունկէօր խօսեցաւ Երիտասարդ թուրքերու կողմէ հայկական կալուածներու բռնագրաւման մասին՝ զայն նկատելով երկրին տնտեսութիւնը ազգայնականացնելու քաղաքականութեան կարեւոր մէկ բաղադրիչը: Ան խօսեցաւ յատկապէս Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) մէջ տեղի ունեցած բռնարարքներուն եւ բռնագրաւումներուն մասին, որոնց գլխաւոր ճարտարապետն էր կուսակալ Մեմետ Ռեշիտը:
Կիրակի, Ապրիլ 18ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայկական Ցեղասպանութան 95րդ տարելիցին նուիրուած գիտաժողովը, որուն ընթացքին ելոյթներ ունեցան UCLA-ի Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, նաեւ Մաթիս Պյոռնլունտ, հրէական ուսմանց մասնագէտ դոկտ. Ուոլֆ Կրունըր եւ Իւղուր Ումիթ Ունկէօր:
Փրոֆ. Յովհաննէսեան հայոց պատմութեան հակիրճ ներկայացումէ մը ետք խօսեցաւ Ցեղասպանութեան ու հայութեան վերապրումին մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու համար Թուրքիոյ տարած աշխատանքներուն: Պյոռնլունտի եւ Ունկէօրի ելոյթները նման էին համալսարանին մէջ իրենց տուած դասախօսութեանց, իսկ Կրունըր խօսեցաւ այն մասին, թէ համաշխարհային Բ. պատերազմի նախօրեակին, Գերմանիոյ իշխանութիւնները եւ ժողովորդը որքանո՞վ ծանօթ էին Հայկական Ցեղասպանութեան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի բաժին, ապա փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն ու գրադարանի հայկական բաժնի պատասխանատու Էլիզապեթ Գրիգորեանին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.