Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մասնագիտութեամբ քիմիագէտ, այսինքն՝ գիտութեանց կալուածի նուիրեալ մը, դասախօս մը՝ Արմինէ Գունտագճեան, մեր սեղաններուն դրած է 384 էջնոց գիրք մը՝ «Հայրենադարձների Բռնաճնշումները Ստալինեան Ժամանակաշրջանում» խորագիրով, լոյս տեսած՝ Երեւան, 2010ի սկիզբը։
Բնականաբար կը ծնի հարցում մը. ի՞նչ բանն է որ քիմիագէտ մը մղած է պատմական-ընկերաբանական հատորի մը պատրաստութեան։ Պատասխանը կարելի է սեղմել քանի մը կէտերու մէջ։ Վերջին տարիներուն, Արմինէի եւ ընտանիքին «մէկ ոտքը Հայաստան է» տարուան ընթացքին։ Կեանքի երթը Իրանէն սկսած Արմինէն, որ Լոս Անճելըս իր բնակութեան տարիներուն ներգրաւուած է հայութեան ընկերային ու մշակութային կեանքին մէջ, շօշափելի նոր հորիզոններու դիմաց է Հայաստան իր բնակութեան շրջաններուն, ներգրաւուած է հայրենիքին ու անոր ժողովուրդին կեանքին մէջ, բաժնեկից է ուրախ եւ տխուր պահերուն, յիշատակներուն։ Եւ ահա, իր իսկ խոստովանութեամբ, 14 Յունիս 2006ին ներկայ կ՛ըլլայ Հ.Յ.Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այն հաւաքին, որուն ճամբով, այդ օրը Հայաստանի մէջ հռչակուեցաւ բռնադատուածներու յիշատակման օր։ Յիշատակումը՝ 14 Յունիս 1949ի զանգուածային ձերբակալութիւններուն, որ Հայաստանի ժողովուրդին, մանաւանդ ներգաղթող հայրենադարձներու յիշողութեան մէջ արձանագրուած է իբրեւ ահաւոր ու մութ օր մը։
Հատորը, ըստ էութեան, կազմուած է 1700 հայրենադարձներու պարագաներու ուսումնասիրութեան հիմամբ։ Այլ խօսքով, անիկա վաւերագրական է։ Սակայն Ա. Գունտագճեանի այս աշխատանքը չի սահմանափակուիր միայն յիշեալ հայրենադարձներու պարագաներուն ուսումնասիրութեամբ, այլ անիկա ունի պատմական հակիրճ ակնարկներ, որոնք լուսարձակի տակ կ՛առնեն ստալինեան ամբողջ «դարաշրջանը», իր մէկէն աւելի դաժան փուլերով, այսինքն՝ 1920-21էն մինչեւ 1954, ապա նաեւ այդ ծանր շրջանի «հետքերը» կը պեղէ մինչեւ 90ական տարիներն ու մեր օրերը:
Հատորը բաժնուած է 5 գլուխներու, որոնցմէ առաջ կան երկու բացատրական, մէկը՝ հեղինակին կողմէ, երկրորդը՝ յառաջաբան մը՝ ծանօթ մտաւորական ու ցեղասպանութեան հարցերու նուիրեալ մասնագէտ Սասուն Գրիգորեանի կողմէ։ Այս գրութիւնները լոյս կը սփռեն հատորին շարժառիթին, բայց մանաւանդ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ ցարդ ոչ լիարժէքօրէն քննարկուած ու արծարծուած ողբերգական իրադարձութիւններու վրայ, որոնք ծանօթ են Ստալինեան Բռնադատութիւններ անունով։ Հեղինակը այս ողբերգութեան կը մօտենայ քննական մօտեցումով, վաւերագրելու եւ ապրող սերունդներուն սեփականութիւնը դարձնելու նախանձախնդրութեամբ:
Գիրքը կը բովանդակէ խնդրոյ առարկայ 1700 բռնադատուածներուն անուանացանկը, ցուցակներ, տախտակներ ու վիճակագրական տուեալներ։ Բռնադատուածներն ու հալածանքի ենթարկուածները կը ներկայացուցին համաձայն իրենց մասնագիտութեան ու ընդգրկած ասպարէզին. հոն են գրողներ, արուեստագէտներ, գիտութեան մարդիկ եւ, մէկ խօսքով՝ հայ միտքի աւագանին։ Օգտագործուած են շարք մը գիրքեր՝ յուշագրութիւն, վաւերագրական գործեր, մամուլ, արխիւներ ու փաստաթուղթեր։ Հատորի աւարտին կայ աղբիւներու ցուցակ մը, որ շահեկան է։ Կան նաեւ վերապրողներու կամ անոնց հարազատներուն հետ հարցազրոյցներ։ Հատորին կ՛ընկերանայ CD մը, ուր արձանագրուած են երեք վկայութիւններ, որոնցմէ մէկը ոդիսականն է Զօրավար Դրոյի եղբօր ընտանիքին, որուն յանցանքն էր… դաշնակցական ընտանիք ըլլալը։
Ինչպէս նշեցինք, հատորը կ՛ուրուագծէ ստալինեան դաժան տարիները, այսինքն, 20ական տարիներէն սկսեալ բռնադատութիւններու եւ հալածանքներու փուլերը, որոնք յաջորդեցին Հայաստանի անկախութեան կորուստին ապա կրկնուեցան 30ական ու 40ական տարիներուն։ Այս հալածանքներուն զոհ գացին նախ՝ Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան սպայակոյտն ու դաշնակցական ղեկավարներ, յետոյ կարգը եկաւ մտաւորականութեան, որուն շարքերուն մէջ կային Եղիշէ Չարենցի նման ծանօթ համայնավարներ, ապա նաեւ՝ Հայաստանի մէջ համայնավար վարչակարգը հաստատող, որոնք Լենինեան-Ստալինեան ուղիին իրենց հաւատարմութեան գինը վճարեցին իրենց կեանքով, ինչպէս՝ Աղասի Խանճեան եւ ուրիշներ:
Իր արծարծած նիւթով, նորութիւն չէ այս հատորը. յետ-ստալինեան շրջանին, մեր գրականութեան եւ յուշագրական կալուածներուն մէջ, մամուլի ճամբով ու հատորներով, արձանագրուած են այդ մութ ու դաժան օրերը։ Ամէնէն ծանօթ գործերը ստորագրած են Մկրտիչ Արմէնն ու Գուրգէն Մահարին։ Այսուամենայնիւ, հատորը աննախընթաց է եւ իւրայատուկ, այն իմաստով, որ ունի ուսումնասիրական-վաւերագրական մօտեցում, մէկ կողքի տակ կը բերէ վիճակուած դառն ճակատագիրը հազարաւորներու, որոնք ունին մէկ հասարակ յայտարար. զոհերը, այսինքն աքսորեալներն ու տանջամահ եղողները կա՛մ կանգնած են համայնավար խելագառութեան դէմ այլախոհի դիրքի վրայ, կամ ալ պարզապէս խաղալիքները դարձած են անմարդկային կամակորութեան, մարդկային կեանքը եւ անոր արժէքը զերոյի հաւասարեցնող «գաղափարներու», որոնք խորքին մէջ ոչինչով կ՛արդարացնեն գաղափար հասկացութիւնը, որովհետեւ ըստ էութեան հակա-գաղափար են. ի վերջոյ, որեւէ գաղափարաբանութիւն կամ գաղափարականութիւն՝ կոչուած է ծառայելու մարդուն ու ընկերութեան, մինչդեռ այդ տարիներուն, «գաղափար»ին թիրախն էր մարդուն ոչնչացումը, ստրկացումը, ոտնակոխումը։ Հատորին մէջ, այս բոլորը կը վաւերագրուին բազմաթիւ զոհերու ապրած փորձառութիւններով։ Զոհ ըսելով՝ պէտք է հասկնալ այն հազարաւորները, որոնք մեծ մասամբ առանց պատճառի ղրկուեցան Սիպերիա, ոմանք չդիմացան դաժան պայմաններուն ու թաղուեցան հոն կամ կորսուեցան անհետ, ուրիշներ դիմացան ու տարիներ ետք վերադարձան՝ կորսնցուցած առողջութիւն, անփոխարինելի տարիներ, լծուեցան իրենց անունը եւ վարկը մաքրաջրելու աշխատանքին, անգամ մը եւս վճարելով կեանքի տարիներէն։
Արմինէ Գունտագճեան կը յայտնէ, թէ քանի մը տարուան վրայ երկարող իր պրպտումներուն եւ ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքը կը նպատակադրէ, մարդկային ողբերգութիւններու ծանօթացման կողքին, լուսարձակի տակ բերել ահաւոր իրականութիւն մը. Բ. Աշխարհամարտէն ետք, խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուած ներգաղթի կարաւանները ներգրաւած էին Ցեղասպանութենէն վերապրողներ ու անոնց զաւակները, որոնք ի գին մեծ զոհողութիւններու, հայրենիք վերադարձան ընդառաջելով հողի կանչին, հայրենիքը վերաշինելու տենդով վարակուած, սակայն անոնք եւս զանգուածաբար, զրպարտութիւններով, աներեւակայելի, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ երեւակայական պատճառաբանութիւններով ու ցնորածին յանցանքներով բանտ առաջնորդուեցան, աքսորուեցան դէպի Սիպերիա եւ այլուր, ամբողջ սերունդներ փճացան, ուրիշներ այլասեռումի ու ձուլումի ենթարկուեցան։
Աւելի քան 30 տարիներու վրայ երկարած ստալինեան հալածանքներուն ու բռնադատութիւններուն միակ թիրախը հայութիւնը չէր, բնականաբար. մոլուցքին զոհ գացած են շուրջ 25-28 միլիոն մարդ՝ Մոսկուայի բռնատէրերուն կամքին խաղալիքը դարձած տարբեր երկիրներէ ու ժողովուրդներէ։ Այս թիւին մէջ հայութեան բաժինը կը գնահատուի շուրջ 200,000ով։ Իսկ եթէ նկատի առնուի, որ Բ. Աշխարհամարտին հայութիւնը վճարած է շուրջ 300,000 կեանք, Ա. Գունտագճեան հարց կը դնէ, թէ մեզի պէս փոքրաթիւ ժողովուրդ մը ինչպիսի՛ մեծ գին վճարած է այդ տարիներուն։
Կարդալով Ա. Գունտագճեանի հաւաքագրած տեղեկութիւնները, մարդս իրաւամբ հարց կու տայ, թէ արդեօք Սիպերիա աքսորեալները, Երեւանի բանտերուն մէջ տանջահար սպաննուողնե՞րը աւելի բախտաւոր էին, թէ վերապրողներն ու դատական հետապնդումներու միջոցով վերականգնողները։ Հատորին մէջ կայ բաժին մը, ուր ընթերցողը կը ծանօթանայ մարդակերտ անհեթեթութեան մը. սա Երէմ Յակոբի Այվազեան անունով ամբաստանեալի մը ամբողջ արխիւն է, որ իբրեւ նմոյշ կը ներկայանայ հատորին վերջին բաժինին մէջ։ Երէմ անունով հայորդին, բազմաթիւ ճակատագրակիցներու նման, անհիմն պատճառաբանութիւններով բռնադատուած է։ Ամբաստանութեանց շարքին է անոր դաշնակցական ըլլալը։ Այվազեանը եղած է դպրոցի տնօրէն ու սիրուած դաստիարակ։ Դատական գործի առաջին թուականն է 1937, երկրորդ անգամ դատապարտուած է 1947ին։ Տարիներ ետք, 1958ին, ան ի վերջոյ անմեղ կը հռչակուի, կեանքէն անիմաստ կերպով վճարելէ ետք 21 տարի։ Առաջին թղթածրարներուն մէջ ան ծանր մեղադրանքներու տակ է։ Տարիներ ետք ի յայտ եկած է որ ամբաստանութիւնն ու դատապարտումը յերիւրանք էին, իբրեւ ամբաստանողներ արձանագրուածներու հարցաքննութենէն ի յայտ եկած է, որ այդ մարդիկը Երէմին դէմ վկայութիւն իսկ չէին տուած։ Դատական ու քննչական գործը ստեղծուած էր հնարովի ամբաստանութիւններու վրայ, քննիչներն ու դատաւորները կարծէք թէ ընթացիկ պարտականութիւն մը կատարած են…։ Ժամանակներու փոփոխութիւնը, Ստալինի հրապարակէն հեռացումը աներեւակայելի փոփոխութիւն յառաջ կը բերեն քննիչներու ու դատական գործ կատարողներու մտածողութեան մէջ։ Այվազեան ի վերջոյ կ՛արդարանայ։ Եւ ան միայն մէկն է բազմահազար ճակատագրակիցներէն։
Ընթերցողը կը յուզուի, նաեւ ընդվզումով կը լեցուի, կարդալով այն դիմումները, որոնք դատապարտեալներ կամ անոնց հարազատները ուղղած են օրուան իշխանութիւններուն ու մինչեւ անգամ «Հայր Ստալին»ին։
Պէտք է կարեւորութեամբ վեր առնել հեղինակին մէկ այլ կարեւոր նպատակը, որ հրապարակային առաջարկ մըն է խորքին մէջ։ Ան կ՛արծարծէ ստալինեան ոճիրներուն դիմաց հատուցման պահանջը, հարց մը, որ չէր կրնար արծարծուիլ խորհրդային իշխանութեանց օրերուն. հեղինակը կը գտնէ, որ կարելի է բարձրաձայն հարց արծարծել հայութեան կրած բազմապիսի կորուստներուն, վնասներուն համար, ինչպէս որ կ՛ընենք ցեղասպան Թուրքիոյ դէմ կանգնելով իբրեւ պահանջատէր:
Հայաստանի բնակիչներուն, այս գիրքին բովանդակութիւնը ծանօթ է որոշ սերունդի մը. նորերը հաւանաբար նուազ ծանօթ են, իսկ արտերկրի հայութեան մեծ մասը ծանօթ է ընդհանուր խորագիրներուն, սակայն մանրապատումները, մարդոց կեանքին արժէքին համազօր մանրամասնութիւնները ծանօթ չեն շատերու, մանաւանդ՝ նոր սերունդին։ Ուրեմն, այս գիրքը կոչուած է նաեւ կամուրջ մը ըլլալու մեր պատմութեան մէկ մութ ու կարմիր օրերուն հետ հաղորդակցութեան, տեսնելու, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «Ստալինեան Տարիներ» խօսքը։
Հատոր մը, զոր պէտք է կարդալ եւ իւրացնել։