Ստորեւ կու տանք մեկնաբանութեան կարօտ չեղող «Մարմարա»ի մէկ լուրը, որ ցոյց կու տայ Եւրոմիութեան դուռը զարնող Թուրքիոյ ժողովուրդին մտային մակարդակը:
«Էրզրումէն հաղորդուած լուր մը այսօր մեզի անգամ մը եւս կը յիշեցնէ, թէ Անատոլուի մէջ ժողովորդին մօտ որքան ուժեղ են հակահայկական զգացումները։ Լուրը կը վերաբերի Էրզրումի մէջ շարժապատկերի մը նկարահանման։ Ժապաւէնը կը կոչուի «Նէնէ Խաթուն» եւ անոր մէջ կը խօսուի այն կռիւներուն մասին, որոնք պատահեր են օսմանցի թուրքերու եւ հայերու միջեւ։ Հարցն այն է, որ բեմադրիչը Էրզրումի մէջ դժուարացած է գտնելու հայ կամ ռուս զինուորները մարմնաւորող օգնական դերասաններ։ Էրզրումցիները չեն ուզած հայ կամ ռուս զինուորի դեր վերցնել, այլ ուզած են ըլլալ օսմանեան բանակի զինուոր։
«Գաթ» արդիւնաբերութեան ընկերակցութեան սեփականատէր Սապահատտին Գաթ, որ արտադրիչն է ժապաւէնին, պատմեց թէ ինչպիսի՛ դժուարութեան մը հետ դէմ յանդիման մնացին, երբ տեղացիները չուզեցին ստանձնել հայ կամ ռուս զինուորի դեր։ Ի վերջոյ այս խնդիրը լուծուած է հայ կամ ռուս զինուորի դեր ստանձնողներուն վճարելով օսմանցի զինուորներու համար վճարուածէն աւելի բարձր գումար մը։ Գաթ կ՛ըսէ. «Ասոնց բացատրեցինք, որ եթէ դեր չընդունին, մենք ի՞նչպէս պիտի պատմենք պատերազմին մասին։ Պոլիսէն 2000 հոգի կրնա՞նք բերել տալ։ Ամէն ժապաւէնի նկարահանման մէջ տեղացի ժողովուրդը օգնական կ՛ըլլայ։ Հայ կամ ռուս զինուորի դեր ստանձնելով՝ հայ կամ ռուս չի դառնար մարդ։ Անոր անունը չի փոխուիր, ան կը շարունակէ մնալ Ահմետ, Հասան, Ճեմալ։ Ես ժապաւէնի մը մէջ ոճրագործի դեր եթէ ստանձնեմ, անկէ ետք մարդ չեմ սպաններ»»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.