ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Հայ-թրքական հարցերուն մէջ երկու զարգացումներ մելանի հոսքի պատճառ դարձան անցեալ շաբաթ։ Անոնցմէ ոչ մէկը այդքան նշանակալից էր, բայց անոնք կարեւորութիւն ստացան, երբ արժանացան միջազգային ուշադրութեան։
22 Ապրիլին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները բնականացնելու նպատակ ունեցող «ճանապարհային քարտէս»ներու հրապարակումէն ճիշդ մէկ տարի ետք, եւ երկու երկիրներուն կողմէ տխրահռչակ արձանագրութիւնները մեծ աղմուկով ստորագրելէ վեց ամիս ետք, նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց անոնց առկախումը։
Իրականութեան մէջ այդ յայտարարութիւնը նորութիւն մը չէր պարունակեր։ Ամիսներէ ի վեր շատ յստակ էր, որ Թուրքիոյ ղեկավարները երբեք մտադիր չէին վաւերացնել արձանագրութիւնները։ Անոնք պարզապէս կ՛ուզէին օգտագործել զանոնք՝ Հայաստանէն յաւելեալ զիջումներ ապահովելու համար։ Թուրքերը շարունակաբար յայտարարեցին, որ եթէ Հայաստան Արցախը չյանձնէ Ատրպէյճանին, ապա Թուրքիոյ խորհրդարանը պիտի չվաւերացնէ արձանագրութիւնները։ Ժամանակի ընթացքին Թուրքիա աւելի խենթ պահանջներ աւելցուց, ինչպէս օրինակ՝ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշման շրջումը եւ ուրիշ երկիրներու խորհրդարաններէն Ցեղասպանութեան օրինագիծերու յետս կոչումը։ Տրուած ըլլալով, որ Հայաստան շարունակ կրկնած էր, թէ ինք առաջինը պիտի չըլլար արձանագրութիւնները վաւերացնողներէն, համաձայնութիւնները արդէն իսկ սառած վիճակի մէջ էին ամիսներէ ի վեր, եթէ ոչ՝ ի ծնէ մեռած։
Հակառակ անոր, որ ոմանք կրնան նախագահ Սարգսեանի որոշումը տեսնել իբրեւ համարձակ քայլ մը, շատ աւելի նախընտրելի պիտի ըլլար, եթէ ան յետ քաշէր իր երկրին ստորագրութիւնը արձանագրութիւններէն, նկատի ունենալով, որ անոնք արդէն իսկ տապալուած էին։ Նախագահը շատ դիւրութեամբ կրնար անոնց փլուզման պատասխանատուութիւնը բարդել Թուրքիոյ ոչ կառուցողական կեցուածքին վրայ։ Իր անցեալ շաբթուան հրապարակային յայտարարութեան մէջ նախագահը դիտել տուաւ, որ ինք որոշած էր առկախել արձանագրութիւնները՝ յարգելով Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու խնդրանքը զանոնք ամբողջութեամբ չլքելու գծով։
Այժմ, երբ առաջին հերթին Հայաստանը թարթեց աչքերը, Թուրքիա անոր վրայ կը բարդէ արձանագրութիւններու փլուզման պատասխանատուութիւնը։ Այդպիսով Հայաստան առիթ մը ընծայեց Թուրքիոյ, որ ճողոպրի միջազգային այն ծանր ճնշումէն, որուն կ՛ենթարկուէր վերջին ամիսներուն արձանագրութիւնները չվաւերացնելուն պատճառով։
Առաւել, այնքան ատեն, որ արձանագրութիւնները ամբողջութեամբ չեն անտեսուիր, Թուրքիա պիտի շարունակէ շահագործել զանոնք՝ ճարպկօրէն պնդելով, թէ տակաւին յանձնառու է անոնց վաւերացման՝ «ճիշդ պայմաններու» տակ, ինչպէս նաեւ պիտի օգտագործէ զանոնք իբրեւ միջոց՝ պարտութեան մատնելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան ի խնդիր երրորդ երկիրներու բոլոր նախաձեռնութիւնները։
Ցաւօք ի սիրտ, Թուրքիան միակ երկիրը չէ, որ կը շահագործէ արձանագրութիւնները։ Արձանագրութիւնները չմերժելու համար Հայաստանի վրայ ճնշում բանեցնելէ ետք, նախագահ Օպամա անգամ մը եւս խուսափեցաւ իր ամէնամեայ ուղերձին մէջ «Հայկական Ցեղասպանութիւն» եզրր գործածելէ։ Ան, իբրեւ պատրուակ, գործածեց «հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ երկխօսութիւնը», որ անգոյ է։
Անցեալ տարուան նման, նախագահ Օպամա «Մեծ Եղեռն» եզրով փոխարինեց «Հայկական Ցեղասպանութիւն»ը եւ գործածեց նոյն հնամենի փաղաքշական ոճը եւ ամօթալի բառախաղերը, որոնց համար ինք՝ իբրեւ ծերակուտական եւ նախագահութեան թեկնածու, դատապարտած էր նախագահ Ճորճ Պուշը։
Ամերիկահայերուն մեծ մասը, որ նեցուկ կանգնած էր Օպամայի թեկնածութեան եւ վստահած էր իրեն, այժմ խորապէս հիասթափուած եւ խաբուած կը զգայ։ Ան իր քարոզարշաւը մղեց փոփոխութեան խոստումով, սակայն որդեգրեց իր նախնիներուն անբարոյական կեցուածքը։ Այդուհանդերձ, ան կը շարունակէ պնդել, թէ չէ փոխած իր տեսակէտը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման իր խոստումին վերաբերեալ:
Անցեալ տարի, երբ նախագահ Օպամա առաջին անգամ ըլլալով դրժեց Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր քարոզարշաւի խոստումը, ես ստորագրեցի յօդուած մը, ուր նշեցի, թէ ամերիկահայերը պէտք չունին աղաչելու իրեն, որ ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Երեսուն տարի առաջ նախագահ Ռիկըն հրապարակեց նախագահական յայտարարագիր մը Հայկական Ցեղասպանութեան մասին։ Հետեւաբար, ամերիկահայերը յատուկ առաւելութիւն մը պիտի չգտնեն նախագահ Օպամայի կողմէ կրկնուելիք յայտարարութեամբ։ Սակայն իր խոստումը չյարգելով՝ նախագահ Օպամա յաջողեցաւ ականահարել իր սեփական հռչակը եւ վստահելիութիւնը՝ ամերիկացի ժողովուրդին եւ միջազգային հանրային կարծիքին դիմաց։
Պարզապէս զարմանալի է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ամէն ջանք կը թափէ հրապարակելու համար յայտարարութիւն մը, որ կը խրտչեցնէ նոյն այն ժողովուրդը, զոր կը փորձէ գոհացնել միաժամանակ։
Երեւակայեցէք, թէ ի՛նչ տարողութեան պիտի ըլլար պոռթկումը, եթէ նախագահ Օպամա Ողջակիզումը անուանէր ջարդ մը կամ «ողբերգական դէպք»։ Այդուհանդերձ, ճիշդ այդ է, որ կատարած է Հայկական Ցեղասպանութեան մասին իր 24 Ապրիլի ուղերձին մէջ՝ գործածելով մեղմացուած ոճ մը. «սեւ անցեալ», «պատմութեան սեւ էջ», «ցաւալի անցեալ», «1915ի սոսկալի դէպքեր», «ցնցիչ էջ», «քսաներորդ դարու յոռեգոյն ջարդերէն մէկը», «մարդասպանութիւն»…։ Նախագահ Օպամայի օգնականները աւելի օգտակար ձեւով անցուցած կ՛ըլլային իրենց ժամանակը, եթէ կարդային պատմութեան գիրք մը, փոխանակ՝ հոմանիշներու բառարան մը։
Միակ նոր գաղափարը նախագահ Օպամայի Ապրիլ 24ի յայտարարութեան մէջ, հետեւեալ կարճ նախադասութիւնն է. «Ես կ՛ողջունեմ այն թուրքերը, որոնք հայեր փրկեցին 1915ին»։ Ասիկա գնահատելի գաղափար մըն է, որ դժբախտաբար, իմաստազուրկ կ՛ըլլայ, եթէ չնշուի, թէ ճիշդ որմէ՛ եւ ինչէ՛ն փրկուեցան այդ հայերը…:
Բոլորս կը յուսանք, որ 24 Ապրիլի յաջորդ հանդիսաւոր ոգեկոչումը չմրոտուի ո՛չ արձանագրութիւններով (սառած կամ հալած), ո՛չ ալ նախագահ Օպամայի նախատական ուղերձով:
Յարութ Սասունեան
«ՔալիՖորնիա Քուրիըր»ի
Խմբագիր