Թրքական «Թիւրքիշնի»ի փոխանցումով, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Պուրաք Էօզիւկերկին լրագրողներու հետ Հինգշաբթի, Ապրիլ 29ին տեղի ունեցած հանդիպման մը ընթացքին յոյս յայտնած է, որ Իսրայէլի խորհրդարանը, նախորդ տարիներու նման, այս տարի եւս պիտի չվաւերացնէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը։
Էօզիւկերկին նշած է, որ Թուրքիոյ տեսակէտը այդ խնդիրին մէջ յայտնի է։ «Պատմութիւնը պէտք չէ դատեն խորհրդարանականները, այդ մէկը պէտք է ձգել պատմաբաններուն եւ այդպէս աւելի լաւ կ՛ըլլայ։ Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ 1915ի իրադարձութիւններու վերաբերեալ նմանատիպ նախագիծեր նախորդ տարիներուն ալ ներկայացուած են։ Կը սպասենք, որ այս տարի եւս իսրայէլեան խորհրդարանը զայն չ՛ընդունիր։ Յառաջիկային Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի գլխաւոր խորհրդական Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու եւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման հարցերով պիտի մեկնի Իսրայէլ», նշած է ան։
Միւս կողմէ, «Երկիր»ը կը հաղորդէ, որ Չորեքշաբթի օր կայացած հարցի քննարկման ընթացքին բուռն բանավէճեր տեղի ունեցած են Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ։ Շատեր մտավախութիւն ունին, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը վերջնականապէս պիտի վատթարացնէ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները։
Բանաձեւի հեղինակը՝ ընկերվարական «Մերեց» կուսակցութեան ղեկավար Հայիմ Օրոն, իր ելոյթին մէջ նշած է. «Մենք հանդէս չենք գար շօշափելի յայտարարութեամբ, չենք բարձրացներ հատուցման հարցը, չենք խօսիր ոեւէ մէկու իրաւունքներու վերականգնման մասին։ Հասկնալի է, որ այդ հիմնական նիւթերը ուղղակի կերպով կը քննարկեն Հայաստանը եւ Թուրքիան։ Մեզի համար կարեւոր է, որ Իսրայէլի ժողովուրդը՝ տուեալ պարագային Քնեսեթը (խորհրդարանը), ճանչնայ մէկ այլ ժողովուրդի ազգային ողբերգութիւնը։ Հայ ժողովուրդը կարիք ունի, որ մենք ըլլանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած աւելի քան քսան երկիրներու խորհրդարաններու շարքին»։
Հիմնական բանավէճը ծագած է այն նիւթին շուրջ, թէ խորհրդարանական ո՞ր յանձնախումբը հարցը պիտի քննարկէ՝ Արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեա՞նը, թէ Կրթութեան եւ գիտութեանը։ Հայիմ Օրոն կ՛ուզէ, որ օրինագիծը քննարկուի Կրթութեան եւ գիտութեան յանձնախումբին մէջ, որովհետեւ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ մեծ է թրքական եւ ատրպեճանական ազդեցութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.