ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, Չորեքշաբթի, Մայիս 5ին Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած ընդհանուր գործադուլը առաջնորդած էր խռովութեանց եւ ոստիկանութեան ու ցուցարարներու միջեւ ընդհարումներու, որոնց հետեւանքով Աթէնքի դրամատուներէն մէկուն երեք պաշտօնեաները սպաննուեցան, երբ անոնց դրամատունը կրակի տրուեցաւ: Զոհերը Յունաստանի մէջ ցոյցերու ընթացքին սպաննուած առաջին քաղաքայիներն էին 1991էն ի վեր, ու դարձան նաեւ երկրին պահպանողական իշխանութեանց պատճառած տնտեսական տագնապին առաջին զոհերը:
Տագնապին լուծում մը գտնելու նպատակով պայքարող երկրին ներկայ՝ ընկերավական կառավարութիւնը, խստօրէն դատապարտեց բռնարարքները՝ միաժամանակ խոստանալով շարունակել տնտեսութիւնը վերականգնելու համար տարուող աշխատանքները, որոնց մէջ ամենախնդրայարոյցը կառավարական ծախսերու նոր կրճատումներն են, որոնք յոյն աշխատաւորներուն զայրոյթին թիրախը դարձած են: Տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ հաւաքուեցան կեդրոնական Աթէնքի մէջ երկու կէտերու վրայ անջատ քայլարշաւներ կատարեցին: Ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Յունաստանի այլ քաղաքներու մէջ:
Աթէնք պարտաւորուած է կրճատումները կատարելու, որովհետեւ նման քայլեր կատարելու խոստումով էր, որ եւրոպական երկիրներէ եւ Միջազգային դրամական հիմնադրամէն 110 միլիառ եուրօ վարկի խոստում ստացած էր: Յունաստանի խորհրդարանը շատ հաւանաբար վաւերացնէ տնտեսական ծրագիրը, որովհետեւ ընկերվարական վարչապետ Ճորճ Փափանտրէու բաւարար քուէ ունի:
Յոյն աշխատաւորներուն իրաւունքն է պահանջել կառավարութենէն, որ վնաս չհասցնէ երկրի աշխատաւորական դասակարգի շահերուն: Սակայն ոչինչ կ՛արդարացնէ բռնարարքները, որոնց պատասխանատուները պէտք է գիտակցին, թէ քաղաքական կամ տնտեսական բռնատիրութեան դէմ պայքարելու ընթացքին պէտք չէ վերածուին այն ուժին, որուն դէմ պայքարելու ելած են: