ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Կազմակերպութեան Սան Կապրիէլ հիվիտի Հայ Դատի յանձնախումբին, Հայկական Ցեղասպանութեան Մոնթեպելլոյի յուշարձանին շուրջ աւանդական հսկումի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Ապրիլ 23ի երեկոյեան:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներ ունեցան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Համբարեան, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Պիլ Մոլինարի, ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան ատենապետ Նազարէթ Ծատուրեան, ինչպէս նաեւ «Էլեմընթ» նուագախումբը եւ Ռաֆֆի Սեմերճեանը: Նաեւ ցուցադրուեցաւ Ցեղասպանութեան նուիրուած տեսաերիզ մը:
Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ ներկաներուն ցոյց տուաւ օրինակը այն ցուցատախտակին, որ մօտիկ ապագային պիտի զետեղուի 60 ազատուղիին ու Կարֆիլտ պողոտային վրայ՝ նշելու համար Նահատակաց յուշարձանին ճամբան:
Ապա, Փասատինայէն Մոնթեպելլօ քալած ՀՄԸՄականներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ հաւաքական աղօթք:
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Ստեփան Ալթունեան, որ ծրագրին ընթացքին մէջընդմէջ նաեւ ընթերցեց Ցեղասպանութենէն վերապրած իր մեծ հօր յուշերէն հատուածներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.