ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Ապրիլ 27ին, Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող հռչակագիր մը:
Ապա, քաղաքապետարանին առջեւ տեղի ունեցած է մոմավառութեամբ հսկում, որուն մասնակցած է աւելի քան 400 հոգի: Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբէն Արմոն Աղախանեան ողջունած է հռչակագրին վաւերացումը: Քաղաքապետ Կէրի Պրիք հռչակագիրը յանձնած է Աղախանեանի եւ Պըրպէքնի երկրորդական վարժարանէն Նայրա Շեհրազին:
Աղախանեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքապետին, որովհետեւ ան նամակ մը գրած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, կոչ ընելով անոր, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու խոստումը յարգէ:
Հսկումին ընթացքին ելոյթներ ունեցած են նաեւ Նայրա Շեհրազ, Հայ Դատի յանձնախումբի Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբէն Զարեհ Սինանեան, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբէն Մայքըլ Քիման, Պըրպենքի ՀԵԴի «Վարագ» ուխտէն Շահան Պօղիկեան եւ ՀՅԴ Պատանեկան միութեան «Կայծ» մասնաճիւղէն Արամ Օհանեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.