ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի սկաուտներու դաստիարակչական ծրագրին ամբողջացման, սկաուտական կարեւոր գիտելիքներու, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի եւ հայոց պատմութեան մասին տեղեկութեանց փոխանցման նպատակով, ամէն տարի կազմակերպուող դաստիարակչական բանակումը այս տարի տեղի ունեցաւ Ապրիլ 30-Մայիս 2 շաբաթավերջին, ՀՄԸՄի Թեքուիա բանակավայրին մէջ:
Օժանդակ մարմինի անդամ վեց ծնողներուն կողքին, բանակումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 88 սկաուտներ, անոնք առիթը ունեցան ամբողջացնելու իրենց դաստիարակչականները, որոնք սկսած էին Փետրուարին եւ կը փոխանցուէին իւրաքանչիւր Կիրակի օր կայացող հանդիպումներուն ընթացքին:
Աւարտին, սկաուտները կատարեցին իրենց քննութիւնները. յաջողած սկաուտները իրենց նոր կարգերը պիտի ստանան յառաջիկայ ամիս կայանալիք յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին:
Դաստիարակչականներուն կողքին, սկաուտները մասնակցեցան քայլարշաւներու եւ խաղերու, ինչպէս նաեւ ձեռային աշխատանքներ կատարեցին: Սկաուտները նաեւ ստանձնեցին բանակավայրին ապահովութիւնը երաշխաւորելու պաշտօնը՝ հերթաբար պահակութիւն կատարելով, իսկ Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ երգերով, կանչերով եւ ներկայացումներով հարուստ աւանդական խարոյկահանդէսը՝ հաճելի ու անմոռանալի պահեր ստեղծելով բոլորին համար:
Յատկանշական է, որ այս տարուան դաստիարակչական բանակումին ընթացքին, մասնաճիւղի արի-արենոյշներու առաջնորդներն ու փոխառաջնորդները առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցան կազմակերպական, ծրագրաւորման եւ բանակումի գործադրութեան աշխատանքներուն, լաւապէս հասկնալով, թէ ինչեր հարկաւոր են յաջող բանակում մը կազմակերպելու համար:
Մասնաճիւղի 16 հոգինոց խմբապետական կազմը տպաւորիչ աշխատանք կատարած էր՝ դաստիարակչականները եւ օրակարգը լաւապէս պատրաստելով:
Բանակումին ընթացքին, ծնողական օժանդակ մարմինը պատրաստեց բոլոր սկաուտներուն ճաշերը եւ օժանդակեց փոխադրական աշխատանքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.