Ապրիլի վերջին շաբթուան ընթացքին, «Ալէք Փիլիպոս»ի մեծ ընտանիքը հանդիսաւոր կերպով նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 95րդ ամեակը։
Պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2010ին երեկոյեան ժամը 6ին, ծնողներու, աշակերտներու եւ պաշտօնական հիւրերու ներկայութեամբ։
Հանդիսութիւնը բացուեցաւ ազգային քայլերգներով եւ ապա աշակերտական խորհուրդի անդամները սրահ ուղղուեցան՝ ծաղիկներով ու մոմերով պաշտօնական հոգեհանգստեան արարողութեան սկսելու պահին։ Մոմավառութենէն եւ ծաղիկներու զետեղումէն ետք Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց 1.5 միլիոն անմեղ նահատակներու անմահ յիշատակին։ Տէր հայրը իր պատգամին մէջ գնահատեց նահատակներու յիշատակը յարգող այս հանդիսութեան կազմակերպումը, ինչպէս նաեւ պահանջատիրական զգացումները վառ պահել միտող ազգային վարժարանին կատարած հսկայական աշխատանքը։ Ան յիշեց, թէ ազգային եւ պահանջատիրական զգացումները միշտ վառ են մեր սերունդներու հոգիներուն մէջ եւ այդպէս ալ պիտի մնան, մինչեւ մեր ազգային նպատակներու ամբողջական իրականացումը։
Ապա աշակերտները հերթով բեմ բարձրացան՝ իրենց գեղարուեստական ներդրումը բերելու հանդիսութեան։ Գրեթէ բոլոր կարգերէն աշակերտներ, իրենց երգով, ասմունքով, նուագներով եւ պարերով մասնակից դարձան օրուան հանդիսութեան։ Գնահատելի էր անոնց կամաւոր մասնակցութիւնը եւ խոր զգացումն ու գիտակցութիւնը իրենց ազգային պարտականութեան եւ վարժարանի առաքելութեան նկատմամբ։
Աշակերտական խորհուրդի խօսքը հայերէնով եւ անգլերէնով արտասանեցին 10րդ կարգի աշակերտներ Ճինա Խաչատրեան եւ Քրիսթինա Սաֆարեան։ Ապա հերթականօրէն աշակերտները ելոյթ ունեցան անհատական եւ խմբային երգերով ու արտասանութիւններով։ Հետաքրքրական էր 5րդ կարգի աշակերտներուն պատրաստած կենդանի պատկերը, ուր երաժշտութեան ընկերակցութեամբ աշակերտները ներկայացուցին Ծիծեռնակաբերդ յուշարձանը խաւագարտերով։
Օրուան պատգամը փոխանցեց վարժարանի տնօրէն Նազօ Աբանեանը։ Ան իր խօսքին մէջ գնահատեց աշակերտութեան եւ նոր սերունդին կամքն ու պատրաստակամութիւնը՝ պայքարը շարունակելու նոր թափով ու աւիւնով։ Տնօրէնը նաեւ շեշտեց, թէ մեր պայքարը ներկայիս երկու ճիւղաւորումներ ունի, առաջինը՝ մեր դարաւոր թշնամիին, Ցեղասպանութիւնը ուրացող կառավարութեան՝ Թուրքիոյ դէմ, իսկ միւսը՝ ինքնին մեր հայրենի պետութեան իշխանաւորներուն քաղաքական ընթացքին նկատմամբ։ Այս իսկ իմաստով աւելի ծանր է հայ երիտասարդին պարտականութիւնը այս օրերուն։
Հանդիսութեան աւարտին կենդանի պատկեր մը ներկայացուցին 9-10-11րդ կարգի աշակերտները՝ կատարելով հատուածներ Սիամանթոյի «Պարը» բանաստեղծութենէն, Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն»էն եւ «Սասունցիների Պար»էն։
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ խոր յուզումով եւ պահանջատիրական արդար պայքարի համոզոմով, որուն ջահակիրները պիտի դառնան մեր նոր սերունդի ներկայացուցիչները։
Ապրիլ 22, 2010ին, Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարանի մանկապարտէզի, առաջին եւ երկրորդ կարգերու աշակերտները իրենց մակարդակով եւ հասկացողութեամբ նահատակներու յիշատակը յարգեցին Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ խաչքարին առջեւ։
Առաւօտեան, աշակերտները իրենց կակուղ թաթիկներով ծաղիկներ վերցուցած՝ ուղղուեցան դէպի Ապրիլեան Նահատակներու յիշատակը անմահացնող խաչքարը, յարգելով եւ հասկնալով իրականութիւնը այնպէս մը, որ իրենց մանկական անմեղ ու փափուկ հոգիները ցնցումներ չապրին։ Անոնք շատ լաւ կազմակերպուած եւ նաեւ շատ ուշադիր կերպով լսեցին իրենց տրուած բացատրութիւնները եւ հայրենասիրութեան ու հայախօսութեան պատգամները, ապա իրենց ունեցած ծաղիկները զետեղեցին, աղօթեցին իրենց ուսուցիչներուն հետ եւ մեկնեցան իրենց դասարանները՝ յիշելով եղածները եւ իրենց թելադրուած պարտականութիւնները այդ առումով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.