ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Փրեսթիժ» թերթը հարցազրոյց մը հրատարակած է Վանի մշակոյթի տնօրէն Զեքի Թաշքանի հետ, որ խօսած է Աղթամար Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ուխտագնացութեան մասին, որ ծրագրուած է Սեպտեմբեր 12ին։ Կը յայտնուի, թէ Վանի պանդոկները անբաւարար են դիմագրաւելու համար Վան գալիք հայերու հիւրընկալութիւնը, որովհետեւ կը կարծուի, թէ հազարաւորներ Վան պիտի գան այս առիթով։ Յառաջիկայ շաբաթ կացարաններու ու վարձու վայրերու տէրերուն մասնակցութեամբ ժողով մը պիտի գումարուի եւ ծրագիրներ պիտի մշակուին այս հարցին շուրջ:
Հարցը միայն Աղթամարի հարցը չէ. Վան կը ծրագրէ զանազան փառատօներ ու կը մասնակցի տօնավաճառներու, իսկ իշխանութիւնները կը ջանան Վանը դարձնել զբօսաշրջական կարեւոր կեդրոն։ Կը խօսուի տարեկան մէկ միլիոն զբօսաշրջիկ ընդունելու երազի մը մասին։
Երբ կը հարցուի, թէ Թաշքան ի՞նչ նախատեսութիւն ունի Աղթամարի ուխտագնացութեան մասին, ան կը պատասխանէ, որ իր ենթադրութեամբ, 5000 հայեր Վան պիտի գան ուխտագնացութեան համար։ «Ուխտագնացները 2-3 օր առաջ Վան պիտի գան եւ առիթը պիտի ունենան պտըտելու նաեւ Վան քաղաքին մէջ։ Այժմ ժողովներ պիտի կատարուին մանրամասնութիւններու համար. օրինակ, այս բազմութիւնը Աղթամար կղզի փոխադրելու համար բաւարար նաւ կա՞յ, թէ չկայ, կամ թէ ինչպիսի՞ կէտերու վրայ է, որ դժուարութիւններ կրնան ստեղծուիլ։ Ամէն պարագայի, հաւանաբար ուխտագնացութեան օրերուն որոշ թերացումներ պատահին։ Պիտի լուսաւորուին Աղթամարի եկեղեցին ու Վանի բերդը։ Ծրագիր կը մշակուի, որ Աղթամարի եկեղեցւոյ լուսաւորումը կատարուի արեւի ուժով։ Այս ծրագիրը պիտի իրականանայ ուխտագնացութեան թուականէն առաջ», կ՛ըսէ Թաքշամ։
Հարցազրոյցին ընթացքին հարցում կ՛ուղղուի նաեւ Վանի եօթը եկեղեցիներու վերանորոգութեան ծրագիրին մասին։ Զեքի Թաշքան կ՛ըսէ, որ այդ մասին ամբողջական տեղեկութիւն չունի, բայց գիտէ, թէ վերանորոգութեան ծրագիրը մշակուած է եւ մօտ օրէն գործակատարի մը պիտի փոխանցուի։