ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար եւ փոխվարչապետ Ալի Պապաջան յայտարարած է, թէ Անգարա ներկայիս աշխատանք կը տանի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները կեանքի կոչելու ժամանակացոյց մը պատրաստելու ուղղութեամբ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Ալի Պապաջան կարեւորելով տարածաշրջանի խնդիրներու կարգաւորման հարցին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը՝ յայտարարած է. «Թուրքիան այն երկիրն է, որ աշխատանքներ կ՛իրականացնէ հինգ երկիրներու հետ, որոնք կը փորձեն լուծում գտնել Իրանի հիւլէական խնդիրի առնչութեամբ։ Մեր վրայ մեծ պարտականութիւն դրուած է, որովհետեւ մենք լաւ կը հասկնանք թէ՛ Իրանը, եւ թէ Արեւմուտքը։ Թուրքիան այն երկիրն է, որուն շնորհիւ Սերպիոյ եւ Պոսնիոյ միջեւ սկսաւ հաշտեցման գործընթացը։ Թուրքիան ձեռք կ՛երկարէ նաեւ Հայաստանին։ Առաջին անգամ ստորագրուեցան արձանագրութիւններ, եւ մենք հիմա կ՛աշխատինք այդ փաստաթուղթերու կեանքի կոչման ժամանակացոյցի ուղղութեամբ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Կը պահանջուի բաձարցակապէս,
ՈՉ ,ՈՉ,ՈՉ, թոյլ տուէք պատանդ ըլլայլէ
ձերնազատում,նախ դուրս ձըգուին ստորագրութիւները
PROTOCOLներէն յետոյ առանց նախապայներու մէկ
էջի համաձայնութիւն շուներուն հետ բաւ է,օր մը առաջ օձիկնիս
ազատ արձակենք եւ վէրջ տալ ա ԴԱՀԼԻՃԷՆ ։