ԱՆԳԱՐԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Չորեքշաբթի, Մայիս 12ին հանդիպումներ ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի եւ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ՝ անոնց հետ կնքելով բազմաթիւ համաձայնութիւններ, ներառեալ առանց մուտքի այցագիրներու փոխադարձ այցելութիւններ (առաւելագոյնը 30 օրուան) արտօնող համաձայնութիւն մը։
Սակայն, կարեւորագոյն համաձայնագիրը նկատուեցաւ Թուրքիոյ առաջին հիւլէակայանը կառուցելու մասին համաձայնութիւնը, որ 20 միլիառ տոլար պիտի արժէ:
Ռուսիոյ նախագահին հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Կիւլ յայտնեց, թէ 2008ին երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի 38 միլիառ տոլարի ծաւալը յատկանշական է, եւ նշեց, որ երկու կողմերը աշխատանք կը տանին յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին այդ ծաւալը բարձրացնելու 100 միլիառ տոլարի։ Մետվետեւ յայտնեց, որ այցագիրներու «այս պատմական համաձայնութիւնը միլիոնաւոր անձերու կեանքը պիտի դիւրացնէ եւ ուժի մէջ պիտի մտնէ կարելի եղածին չափ շուտ»։
Ռուսիոյ նախագահը, խօսելով պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին մասին՝ յայտնեց, որ Կազայի մէջ մարդկային ողբերգութիւն մը կայ: «Թէեւ բոլոր հարցերը չեն կրնար լուծուիլ, պետութիւնները պէտք է իրենց կարելին ընեն անոր վերջ մը դնելու համար», ըսաւ ան։
Նշենք, որ ան Սուրիոյ մէջ յայտարարած էր, թէ արաբ-իսրայէլեան լարուածութիւնները կը սպառնան Միջին Արեւելքը նոր աղէտի մը առաջնորդել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.