ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Բրիտանիոյ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Տէյվիտ Քեմրըն Էլիզապեթ Բ. թագուհիին կողմէ նշանակուեցաւ երկրի վարչապետ, երբ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Կորտըն Պրաուն Երեքշաբթի օր հրաժարեցաւ Բրիտանիոյ վարչապետի պաշտօնէն։ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Բրիտանիոյ մէջ համախոհական կառավարութիւն մը կը կազմուի։ 43ամեայ Քեմրըն դարձաւ Բրիտանիոյ վերջին երկու հարիւր տարուան պատմութեան ընթացքին ամենաերիտասարդ վարչապետը:
Նաեւ, Մայիս 6ին Բրիտանիոյ մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու իբրեւ արդիւնք, վերջ գտաւ Աշխատաւորական կուսակցութեան 13 տարուան իշխանութիւնը, սակայն Պահպանողական կուսակցութիւնը պարտադրուած է գործակցելու Ազատական ժողովրդավար կուսակցութեան հետ՝ խորհրդարանական մեծամասնութիւն ապահովելու համար:
Երկու կուսակցութեանց միջեւ գոյացած համաձայնութեան մանրամասնութիւնները սկսած են յստականալու Չորեքշաբթի օր: Ազատական ժողովրդավարներու ղեկավար Նիք Քլեկ փոխվարչապետ պիտի ըլլայ, իսկ անոր կուսակցութենէն չորս ուրիշներ նախարարական թղթածրարներ պիտի ստանձնեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.