ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը Հինգշաբթի, Մայիս 13ին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու յայտարարած է, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները բարելաւելու գործընթացը չէ դադրած:
«Մենք գիտէինք, որ այս գործընթացին մէջ պիտի բախէինք շարք մը դժուարութիւններու։ Սակայն կարեւորը այն է, որ նման բարդութիւններու հանդիպելու պարագային, չձեւաւորուի յոռետեսական հոգեբանութիւն եւ անցած ուղիէն ետքայլ չկատարուի։ Կարեւորը յամառութեամբ եւ վճռակամութեամբ այդ գործընթացը շարունակելն ու համապատասխան պայմաններու ձեւաւորման պարագային՝ յառաջ մղելն է։ Ներկայիս այդ գործընթացը հասած է որոշ հանգրուանի մը, ուրկէ ետքայլ ընելը չի բխիր ոչ մէկու շահերէն, ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ Թուրքիոյ եւ ոչ իսկ Ատրպէյճանի շահերէն», յայտարարած է Տաւութօղլու։
Իր կարգին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնած է. «Մեր խնդիրը Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին հասցնել է որոշ կէտի մը, ուր կարելի պիտի ըլլայ Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ լուծում մը գտնել»։ Ըստ անոր, Թուրքիա չի բացառեր իր մասնակցութիւնը ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացին: «Մենք կարելի եղած չափով պիտի նպաստենք, որ կարգաւորման գործընթացը շարունակուի», ըսած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.