ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ՖԻԼՄԻ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՊԱՐԷՏ ՄԱՐՈՆԵԱՆԻ ՀԵՏ
Orphans Of The Genocide «Ցեղասպանութեան Որբերը»
«Orphans of the Genocide»ը («Ցեղասպանութեան Որբերը») բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի 4րդ վաւերագրական ֆիլմն է, որ աւարտած է վերջերս իր կարճ տարբերակով, իսկ Պարէտն ու արտադրող իր գործընկերները այժմ կ՛աշխատին զայն վերածելու երկար ֆիլմի:
Ճորճ Ատուրեան անգլերէնով հարցազրոյց մը ունեցաւ բեմադրիչին հետ: Ստորեւ՝ սոյն զրոյցի հայերէն տարբերակը:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Նախքան «Orphans of the Genocide»ի մասին խօսիլը, եկէք լուսարձակի տակ առնենք այդ ֆիլմին ետին կանքնող բեմադրիչը: Պատմեցէք ձեր մասին՝ ուրկէ՞ եկած էք, ինչպէ՞ս Միացեալ Նահանգներ հասած էք եւ ինչպէ՞ս ֆիլմի բեմադրիչ դարձած էք:
ՊԱՐԷՏ ՄԱՐՈՆԵԱՆ.- Ծնած եւ հասակ նետած եմ Պէյրութ, Լիբանան, եւ հազարաւոր այլ հայերու պէս, եօթանասունական թուականներուն փռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ, փոխադրուած եմ Միացեալ Նահանգներ: Ֆիլմարուեստի հանդէպ իմ հետաքրքրութեանս արմատները կու գան Լիբանանի մէջ դպրոցական եւ համալսարանական տարիներուն լուսանկարչութեան սէրէն: Երբ Ֆլորիտա փոխադրուեցայ, յաճախեցի «Պրոտքասթ Քարիր Ինսթիթիւթ աֆ Փալմ Պի»չ (Broadcast Creer Institute of Palm Beach), որմէ ետք մուտք գործեցի պատկերասփիւռի ասպարէզէն ներս, աշխատեցայ Միամիի մէջ PBS-ի համար՝ յետ-արտադրելով (post-producing) տեղական եւ ազգային վաւերագրական ֆիլմեր, համերգներ եւ առեւտրական յայտագիրներ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ուրեմն, նախքան ձեր ֆիլմերը բեմադրելը, աշխատեցաք իբրեւ «էտիթըր» (համադրող) եւ յետ-արտադրութեան մասնագէտ: Պատմեցէք մեզի այդ մասին:
ՊԱՐԷՏ ՄԱՐՈՆԵԱՆ.- «Էտիթինկ»ը այն տեղն է, ուր ֆիլմի բոլոր բաղադրիչները կը հաւաքուին եւ իրենց գագաթնակէտին կը հասնին: Այնտեղն է, ուր հանելուկին (puzzle) մասերը կը հաւաքուին: «Էտիթըր»ն է, որ առաջին դիրքի վրայ, ֆիլմին կամ հեռատեսիլի յայտագիրի զօրութիւնը կամ թերութիւնը կը տեսնէ: «Էտիթըր»ին ուշադիր աչքն ու ճարտարագիտութիւն են, որոնք կ՛որսան յաջող ֆիլմի մը բաղադրիչներուն նուրբ մանրամասնութիւնները: Ուրեմն, իբրեւ «էտիթըր»՝ փորձառութիւնս թրծեց զիս ֆիլմ պատրաստելու բոլոր մարզերուն մէջ, սկսած նախա-արտադրութենէն մինչեւ բեմագրութիւն (screenwriting), «քամերա»ի աշխատանքէն մինչեւ շարժուն «կրաֆիք» ձեւաւորում: Ապա այս բոլորին աւելցնենք հայկական արմատները. արդիւնքը պիտի ըլլայ՝ անխուսափելիօրէն ֆիլմ մը՝ հայկական փորձառութիւններու մասին:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Արժանացած էք չորս «Էմմի» (Emmy) մրցանակներու. ո՞ր գործերուն համար էին անոնք եւ ո՞ր տարիներուն:
ՊԱՐԷՏ ՄԱՐՈՆԵԱՆ.- Ֆիլմի եւ հեռատեսիլի արտադրութիւնը խմբային աշխատանք է: Բաւական բախտաւոր եղած եմ ունենալու առիթը աշխատելու տաղանդաւոր, նուիրեալ մասնագէտներու հետ եւ, այո՛, ատոր արդիւնքն էին չորս «Էմմի» (Emmy) մրցանակները: Անոնցմէ առաջինը 2002ին էր՝ «ֆօթօճուրնալիսթ»ի մը մասին կարճ հատուածի մը «էտիթինկ»ին համար: Ուրիշ մը՝ բնութեան մասին «Ուայլտ Ֆլորիտա»ի (Wild Florida) համար էր: Միւս երկուքը՝ ազգային (national) վաւերագրական ժապաւէններու համար, որոնցմէ մէկը իմ գործս էր՝ 2007ի «Լաթին Կրեմի»ի (Latin Grammy) թեկնածու Ուիլի Չիրինոյի համերգը: Նաեւ, PBS-ի «Նայթլի Պիզնես Ռիփորթ»ի ազգային բացառիկը, զոր ես համադրած էի, արժանացաւ 2009ի «Ուորլտֆեսթ Հուսթըն»ի (Worldfest Houston) Փլաթինիըմ Ռեմի (Platinum Remi) մրցանակին:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Նախքան «Orphans of the Genocide»ի իրականացումը, բեմադրած էք 3 այլ վաւերագրական ժապաւէններ՝ «The Wall of the Genocide» («Ցեղասպանութեան Պատը»), «Women of 1915» («1915ի Կիները») եւ «Komitas Hairig» («Կոմիտաս Հայրիկ»), որոնք մեծ հետաքրքրութեամբ ընդունուեցան թէ փառատօներու թէ քննադատներու կողմէ, նաեւ անոնցմէ առաջինը՝ «Ցեղասպանութեան Պատը», Ապրիլ 24, 2009ին սփռուեցաւ «Հորիզոն» պատկերասփիւռէն: Պատմեցէք մեզի ձեր ճանպարհորդութեան մասին իբրեւ բեմադրիչ, որ կ՛ընտրէ շատ զգայուն, սակայն եւ այնպէս վիթխարի կարեւորութիւն ունեցող նիւթեր իր վաւերագրական ժապաւէններուն համար:
ՊԱՐԷՏ ՄԱՐՈՆԵԱՆ.- Հայկական ծագում ունենալս մեծապէս առնչուած է ֆիլմերուս նիւթերուն: Շրջապատուած եմ Պետօ Տէր Պետրոսեանի եւ Փօլ Անտոնեանի պէս ընկերներով, որոնք լաւ ընկերներ ըլլալու կողքին, նաեւ փութաջան ֆիլմի արտադրողներ են: «Արմէնոյտ խումբ»ի (Armenoid Team – ֆիլմի արտադրութեան ընկերութիւնը) նպատակակէտն է տարբեր ձեւով պատմութիւններ պատմել: Մենք կը հաւատանք, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը համաշխարհային նիւթ է: Անիկա միայն Հայկական հարց չէ: Իրականութեան մէջ անիկա աւելի շատ Թրքական հարց է քան Հայկական, եւ իրողութիւնը այն է, որ վերջին տասնամեակին, թուրք յառաջադէմ մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ լուրջ մտահոգութիւն ցոյց տուին «Օսմանեան կայսրութեան մութ անցեալ»ին մասին, ինչպէս նախագահ Օպաման նշած էր: «Wall of the Genocide» ֆիլմը տասը վայրկեանուան մէջ կը գծէ հայոց պատմութեան ընդհանուր շարքը՝ Նոյեան Տապանի Արարատին վրայ հանգչելէն, մինչեւ Թուրքիոյ մէջ Հրանդ Տինքի վայրագ սպաննութիւնը: «Women of 1915»ը կը կեդրոնանայ Ցեղասպանութեան տարիներու հայ կիներուն վրայ եւ պատուանդանի վրայ կը դնէ Քարէն Եփփէի նման ոչ հայ կիներ՝ իրենց հայ քոյրերուն օգնած ըլլալուն համար: Վերջապէս, «Komits Hairig» ֆիլմը կ՛արծարծէ Ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը հայ եկեղեցականներուն վրայ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- «Orphans of the Genocide»ը ձեր վերջին կարճ ֆիլմն է եւ զայն մէկ ժամուան վաւերագրական ֆիլմի վերածելու ծրագիրը ունիք. խօսեցէ՛ք մեզի այդ մասին:
ՊԱՐԷՏ ՄԱՐՈՆԵԱՆ.- Մեր փոխ-արտադրող Փօլ Անտոնեանը ինծի յղեց Ռապըրթ Ֆիսքի «The Independent magazine»ի մէջ լոյս տեսած յօդուածը՝ Անթուրայի (Լիբանան) Որբանոցին մասին: Այդ յօդուածը առինքնեց զիս: Անմիջապէս հեռաձայնեցի իմ միւս փոխ-արտադրող Պետօ Տէր Պետրոսեանին եւ երեքս միասին համաձայնեցանք, որ պէտք է բան մը ընել այդ մասին, սակայն չէինք գիտեր ի՛նչ: Քանի մը օր ետք, Հայ Դատի յանձնախումբի մէկ ձեռանկին ընթացքին, Ամերիկա ծնած 86 տարեկան վանեցի Էտուարտ Աբրահամեան ոտքի ելլելով՝ դասախօսին հարցուց. «Հազարաւոր որբեր կային Ցեղասպանութեան ժամանակ… ինչո՞ւ չենք հարցներ թուրքերուն, թէ ի՞նչ պատահեցաւ անոնց ծնողքներուն, ինչո՞ւ անոնք որբացած էին…»: Այդ հարցումը լսելէ անմիջապէս ետք մտածեցի, որ ան կրնայ վաւերագրական ֆիլմի մը կեդրոնը ըլլալ…
Էտուարտ Աբրահամեանի հետ հարցազրոյց մը ունեցանք, կապուեցանք Միսաք Քէլէշեանին, որ գիտականօրէն փաստած էր, որ Անթուրայի որբանոցը Ահմատ Ժեմալ փաշայի կողմէ օտագործուած է իբրեւ թրքացման կեդրոն. կապ հաստատեցինք Ռապըրթ Ֆիսքի հետ եւ ան մեզի մանրամասն բացատրեց Անթուրայի որբանոցին ետին կանգնող գաղտնիքները. հարցազրոյց ունեցանք նաեւ երկու որբերու զաւակներուն հետ: Ապա, կապուեցանք ՀԲԸՄին եւ ՀՕՄին հետ՝ պատկերներու արխիւներուն համար, եւ իրականացուցինք 20 վայրկեաննոց կարճ տարբերակը «Orphans of the Genocide» («Ցեղասպանութեան Որբերը») վաւերագրական ֆիլմին:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ի՞նչ են ձեր ապագայի ծրագիրները:
ՊԱՐԷՏ ՄԱՐՈՆԵԱՆ.- Մեր անմիջական ծրագիրն է «Orphans of the Genocide»ը ընդարձակել եւ վերածել մէկ ժամնոց վաւերագրական ֆիլմի: Ունինք բոլոր տուեալները եւ նիւթերը, ունինք հաւանական հովանաւորողներ (funders), սակայն, նկատի ունենալով տնտեսական այժմու վիճակը՝ ամէն ինչ դանդաղ կ՛ընթանայ ներկայիս: Այնումենայնիւ, որոշած ենք գործը ամբողջացնել եւ զայն հանրութեան տրամադրելի դարձնել յառաջիկայ ինը ամիսներուն: Կ՛արժէ նշել, որ ֆիլմի աշխատանքին զուգահեռ, «Հայոց Ցեղասպանութեան Որբեր»ուն նուիրուած համացանցային կայք մը յառաջացնելու ընթացքի մէջ ենք: Կայքին անունը կամ հասցէն է՝ armenianorphans.com: Իսկ ինչ կը վերաբերի մեր ապագայի ծրագիրներուն՝ կը հետախուզենք վաւերագրական ֆիլմի մը կարելիութիւնները այն «օտարներ»ուն (ոչ հայեր) մասին, որոնք հայեր փրկեցին Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք՝ իրենց իսկ կեանքը վտանքի տակ դնելով… անոնցմէ ոմանք թուրք էին: