Անգլիական «Կարտիըն» թերթի մէջ Սթեֆան Քինզըրի ստորագրութեամբ հրատարակուած մեկնաբանութեան մը մէջ, Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմացող գլխաւոր կուսակցութեան՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան, ղեկավար Տենիզ Պայքալի հրաժարականը կը նկատուի ամօթալի արարքի մը շնորհիւ ստեղծուած ուրախառիթ պարագայ մը։ «Սեռային տեսաերիզը Թուրքիոյ համար լուսաւոր ապագայ ստեղծեց» խորագրեալ յօդուածին մէջ, Քինզըր դիտել կու տայ, որ գայթակղալից լուսանկարները Թուրքիոյ ժողովրդավարացման առջեւ դրուած շատ կարեւոր արգելք մը մէջտեղէն վերցուց։ Ըստ անոր, այդ արգելքը Տենիզ Պայքալն էր, որ վերջին տասը տարիներու ընթացքին ամէն կերպով դէմ դրաւ երկիրը արդիականացնելու փորձերուն, եւ աշխատանք տարաւ, որ բանակը միշտ մնայ մենաշնորհեալ դիրքի մէջ։
Պայքալին հրաժարումը երկրին քաղաքականութեան մէջ կրնայ կարճատեւ խառնակ վիճակ ստեղծել, կը գրէ ան, սակայն կ՛աւելցնէ, թէ այս խառնակութիւնը դրական արդիւնք պիտի տայ:
Յօդուածին մէջ կը պաշտպանուի այն տեսակէտը, թէ Թուրքիոյ մէջ շատեր վերապահ էին իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կրօնամէտ քաղաքականութեան նկատմամբ, ու կ՛ուզէին քուէ գործածել իսլամական քաղաքականութեան հետ կապ չունեցող կուսակցութեան մը ի նպաստ, որուն հետեւանքով, Պայքալի կուսակցութիւնը կրնար այլընտրանք մը ըլլալ անոնց համար, մինչդեռ Պայքալ զօրակցութիւն հաստատեց երկրի հակաժողովրդական խմբակներուն հետ։ «Այս յետադիմական քաղաքականութիւնը բաւարար չեղաւ, որպէսզի Պայքալ հեռացուի քաղաքական թատերաբեմէն. ատոր փոխարէն, սեռային ժապաւէն մը կատարեց այդ գործը, եւ ասիկա թէեւ ամօթալի է, այնուհանդերձ արդիւնքը ցնծութեան առիթ է», կ՛եզրակացնէ ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.