ԺԸՆԵՒ.- Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքի «գանթոն»ի կառավարութիւնը կազմակերպած է հայկական յուշարձանի կառուցման համար մրցում մը։ 100 հազար զուիցերիական ֆրանքի մրցանակով այս մրցումին հրաւիրուեցան Զուիցերիա բնակող հայ արուեստագէտներ, ինչպէս նաեւ աշխարհէն վեց նշանաւոր արուեստագէտներ։
Հրաւէր-կոչը զետեղուեցաւ նաեւ կառավարութեան գործունէութիւնը ծանուցող յուշատախտակներու վրայ։ Իբրեւ յուշարձանի կառուցման վայր, առաջարկուեցան երեք անուններ՝ Շանթփուլէ, Փրատիէ եւ Թէոտոր Տը Պէզէ հրապարակները։
Զուիցերիոյ մէջ գործող հայկական միութիւններն ալ յայտնեցին, թէ այս ծրագիրին պիտի նպաստեն՝ 400 հազար զուիցերիական ֆրանք վճարելով։
Հայկական Ցեղասպանութիւնը Ժընեւի «գանթոն»ի կառավարութեան կողմէ ընդունուած էր 25 Յունիս 1998ին, սակայն Թուրքիոյ ու թրքական լոպիի հակազդեցութեան հետեւանքով, այդ որոշումը չէր հրապարակուած։ Աւելի վերջ իշխանութեան գլուխ եկած կառավարութիւնը 2001 թուականին, իբրեւ առաջին գործ վերահաստատած էր Ցեղասպանութիւնը ու հրապարակած էր իր այդ որոշումը։ Այնուհետեւ, 26 Մայիս 2008ին, կառավարութիւնը տեղի տալով տեղւոյն հայերու պահանջներուն՝ որոշեց առաջին անգամ ըլլալով հայկական յուշարձան մը կառուցել Զուիցերիոյ մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.