ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Հայ ուսուցիչին առաքելութիւնը միայն հայերէն տառերը ճանչցնել եւ գիր ու գրականութիւն սորվեցնել չէ: Հայ պատանին հայկական վարժարան գալով՝ սոսկ «դպրոց» չէ, որ կը յաճախէ, այլ հայկական հնոցի մէջ կը դարբնուի իբրեւ հայ մարդ, կ՛անցնի ազգային բովէն եւ իբրեւ ազգային գիտակցութեան տէր պատանի կամ երիտասարդ, կ՛աւարտէ ուսումնական շրջանը։
Դարբինը՝ Հայ ուսուցիչը, գիտակից իր կոչումին՝ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ, անտեսելով ամէն տեսակի խոչընդոտ, հասնելու իր նպատակին, օգտագործելով ամէն միջոց։
Արարատ տան կազմակերպած հայոց պատմութեան մրցոյթը առիթներէն մէկն է, ձեւով մը, աշակերտները մխրճելու հայ ժողովուրդի կեանքի զանազան փուլերուն մէջ, նաւարկելու այլազան ժամանակաշրջաններ եւ ծանօթանալու հայ ժողովուրդի հազարաւոր տարուան կեանքին։
Այս տարի եւս, 11րդ տարին ըլլալով, Արարատ տան վարչութիւնը կազմակերպած էր միջդպրոցական հայոց պատմութեան մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 4ին, մասնակցութեամբ Քալիֆորնիոյ հայկական 6 վարժարաններու։
Հայ քոյրերու վարժարանը, այս տարի եւս մասնակցեցաւ այս մրցումին, 11րդ անգամը ըլլալով։ Ութերորդ դասարանէն բաւական թիւով աշակերտներ, անսալով այս մարտահրաւէրին՝ սկսան պատրաստութեան. անոնցմէ չորսը՝ Ալեք Քիւրքճեան, Իշխան Ամիրխանեան, Նարեկ Խոտանեան եւ Ռիթա Խուկասեան, մասնակցութիւն բերին յանձն առնելով զոհել իրենց ազատ ժամերը՝ պատրաստուելու եւ պատշաճ ձեւով ներկայանալու մրցումին։
Մրցումին օրը, ութերորդ դասարանի 24 յանդուքն աշակերտներ կազմ ու պատրաստ կը սպասէին իրենց աշխատանքի արդիւնքին։ Երկու ժամ տեւողութիւն ունեցող ծրագիրը նիւթին յարմար լրջութեամբ իրականացաւ: «Յովսէփեան» վարժարանը մեծ նուաճումով հանդիսացաւ առաջինը՝ հաւաքելով 98 նիշ: 82 կէտով երրորդ հանդիսացաւ Հայ քոյրերու վարժարանը, մինչ «Մարի Մանուկեան»ը կը հանդիսանար երկրորդ՝ 83 կէտով:
Յիշենք, որ Հայ Քոյրերու վարժարանը սոյն մրցոյթին առաջին տարին գրաւած է առաջին դիրքը, իսկ վերջին վեց տարիներու ընթացքին ապահոված է 3 երկրորդութիւն եւ մէկ՝ երրորդութիւն։
Շնորհաւորելի է Արարատ տան վարչութեան քաջութիւնը, նկատի առած աշակերտներու խճողուած ծրագիրները, առաջարկելու Քալիֆորնիոյ բոլոր հայկական վարժարաններու ութերորդ դասարանի աշակերտները ի մի գալ՝ փորձելով վերակենդանացնել հայ ժողովուրդին քանի մը հազար տարիներու պատմական բոլոր փորձառութիւնները։
Վարձքը կատար բոլոր հայրենաւանդ ուսուցիչներուն, որոնք յանձն առին այս տարի եւս աշակերտներուն սորվեցնելու գործը՝ իրենց սահմանափակ ժամանակէն տրամադրելով, զանոնք մթնոլորտի մէջ դնելով, վերապրեցնելով մեր նախնիներու պատմութիւնը։ Նաեւ շնորհաւորելի են բոլոր այն ծնողները, որոնք քաջալերեցին իրենց զաւակները մասնակցելու այս մրցումին՝ արժեւորելով ծրագրին կարեւորութիւնը։
Սակայն շնորհակալութեան ամենամեծ բաժինը կ՛երթայ բոլոր այն աշակերտներուն եւ ի մասնաւորի իմ 4 աշակերտներուս, որոնք հաճոյքով եւ մեծ համբերութեամբ պատրաստուեցան եւ քաջաբար ներկայացան մրցումին ու շահեցան նոր փորձառութիւն մը, որ իրենց կեանքի գանձանակը պիտի հարստացնէ եւ պիտի ամրապնդէ անոնց ազգային գիտակցութիւնը։
Վարձքը կատար բոլորին, ի տեսութիւն յաջորդ տարի…