ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Տէր եւ տիկին Ճոզեֆ Սթայնի եւ Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին համագորակցութեամբ, Կիրակի, Յունիս 13ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, տեղի պիտի ունենայ իւրայատուկ հիւրասիրութիւն մը՝ նուիրուած համալսարանի հիմնադրութեան 55րդ տարեդարձին:
Հիւրասիրութեան մասնակիցները նախ պիտի հաւաքուին «Արքօ» սրահին մէջ, ապա անոնք առիթ պիտի ունենան դիտելու Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող Ժամանակակից արուեստի թանգարանին (MOCA) մէջ ցուցադրուող Արշիլ Կորքիի ստեղծագործութիւնները, յատկապէս իրենց համար կազմակերպուած շրջապտոյտով մը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Իտա Լեւիին՝ (323) 876-2668:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.