ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ գործող Հայ կրթական հիմնադրամի արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան այս տարուան առաջին հինգ ամիսներուն շարք մը ժողովներու եւ ձեռնարկներու մասնակցեցաւ, միաժամանակ շարունակելով իր լիաժամ դասաւանդութիւնը:
Յունուարին, ան Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը ներկայացուց Սան Տիէկոյի մէջ կայացած Ամերիկեան պատմագիտական միութեան տարեկան համագումարին ընթացքին:
Փետրուար 12-14ին, ան ղեկավարեց հայկական Սփիւռքին նուիրուած միջազգային գիտաժողովը, որ կազմակերպուած էր Պոսթըն համալսարանի Արդի հայոց պատմութեան եւ գրականութեան «Չարլզ եւ Էլիզապեթ Քէնոսեան» ամպիոնի վարիչ դոկտ. Սիմոն Փայասլեանի կողմէ:
Փետրուար 28էն Մարտ 2ին, ան մասնակցեցաւ Ճորճթաուն համալսարանին մէջ կայացած Հայաստանի քաղաքական համախմբումին եւ գլխաւորեց անոր նիստերէն մէկը: Հաւաքը երկրորդ տարին ըլլալով է, որ կը կազմակերպուի դոկտ. Տէյվիտ Գրիգորեանի կողմէ. անոր ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի խորհրդարանի անդամ Ռաֆֆի Յովհաննէսեանը՝ խօսելով վերջին 20 տարիներու ընթացքին Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց մասին:
Մարտ 7ին, ան մասնակցեցաւ ՀՅԴի կողմէ կազմակերպուած եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց նուիրուած խորհրդաժողովի մը, որուն մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզ, Քեն Խաչիկեան եւ դոկտ. Տենիս Փափազեան:
Մարտ 13ին, ան գլխաւոր բանախօսն էր Մեսեչուսեցի ճարտարագիտական հիմնարկէն դասախօսներ Պետրոս Տէր Մաթոսեանի եւ Քրիսթըֆըր Քափոզոլայի կողմէ կազմակերպուած եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին նուիրուած խորհրդաժողովին:
Մարտ 19-20ին, ան կազմակերպեց պատմական Հայաստանի քաղաքներուն եւ շրջաններուն նուիրուած UCLA-ի գիտաժողովներուն 18րդը, որ նուիրուած էր Փոքր Ասիոյ հայկական գաղութներուն, որմէ ետք ան Հայաստան մեկնեցաւ, ցուցմունքներ տալու համար հոն շարունակուող Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողներու բերանացի պատմութիւնը արձանագրելու աշխատանքին եւ ելոյթ մը ունեցաւ Հայաստանի պատկերասփիւռի մէկ կայանէն:
Հայկական Ցեղասպանութեան 95րդ ամեակին առիթով, փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան մասնակցեցաւ շարք մը ծրագիրներու:
Ապրիլ 7-8ին, «Քլարք» համալսարանին մէջ ան մասնակցեցաւ «Գալուստեան-Մուկար» հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ դոկտ. Թաներ Աքչամի, Ողջակիզման եւ ցեղասպանութեան «Սթրասլըր» կեդրոնին, Մինիսոթայի համալսարանի «Արշամ եւ Շարլոթ Յովհաննէսեաններ» ամպիոնին եւ Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութեան համատեղ ջանքերով կազմակերպուած միջազգային գիտաժողովին՝ կատարելով նաեւ անոր բացումը:
Յաջորդող շաբաթը, ան դասախօսական երեք ձեռնարկներ կազմակերպեց: Անոնցմէ առաջին երկուքը տեղի ունեցան UCLA-ի մէջ: Առաջինին ընթացքին, դանիացի արխիւային պատմագէտ Մաթիաս Պէոռնլունտ խօսեցաւ սքանտինաւեան երկիրներու մէջ գտնուող արխիւներուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան առնչուող նիւթերուն մասին, իսկ երկրորդին ընթացքին, Տապլինի համալսարանէն ու Ամսթերտամի Ողջակիզման ու ցեղասպանութեան ուսմանց կեդրոնէն Իւղուր Ումիթ Ունկէօր խօսեցաւ Երիտասարդ թուրքերու կողմէ հայկական կալուածներու բռնագրաւման մասին՝ զայն նկատելով երկրին տնտեսութիւնը ազգայնականացնելու քաղաքականութեան կարեւոր մէկ բաղադրիչը:
Այս երկու դասախօսներուն, Ապրիլ 18ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ միացաւ հրէական ուսմանց մասնագէտ դոկտ. Ուոլֆ Կրունըրը, երբ տեղի ունեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան 95րդ տարելիցին նուիրուած գիտաժողովը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ փրոֆ. Յովհաննէսեանը: Գիտաժողովին կազմակերպման օժանդակեցին նաեւ համալսարանի «Սուրէն եւ Վերքին Փափազեան» հիմնադրամը, Մերձաւոր Արեւելքի ուսմանց կեդրոնը, Եւրոպական ու եւրասիական ուսմանց կեդրոնը ու գրադարանի հայկական բաժնի պատասխանատու Էլիզապեթ Գրիգորեանը:
Ապրիլ 20ին, փրոֆ. Յովհաննէսեան ելոյթ մը ունեցաւ Օրենճ Քաունթիի Համաշխարհային հարցերու խորհուրդին առջեւ՝ խօսելով ցեղասպանութեանց պատճառներուն եւ հետեւանքներուն մասին, իսկ Ապրիլ 24ին, ան գլխաւոր հեղինակն էր UCLA-ի մէջ տեղի ունեցած գիրքերու տարեկան փառատօնին մասնակցող «Ապրիլ» գրախանութի ձեռնարկներուն:
Ապրիլ 26-30ին, ան իր կնոջ՝ Վարդիթերի հետ, Լեհաստան այցելեց՝ մասնակցելու համար հայկական Սփիւռքի արուեստին նուիրուած խորհրդաժողովին, որուն մասնակիցները նաեւ այցելեցին մօտակայ Լվով (Ուքրանիա) քաղաքին մէջ գտնուող հայկական պատմական վայրեր:
Վարշաւիոյ մէջ, Յովհաննէսեանները հանդիպում մը ունեցան իրենց վաղեմի բարեկամ եւ Լեհաստանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Գալոյեանի եւ անոր կնոջ հետ:
Մայիս 22ին, փրոֆ. Յովհաննէսեան Մատրիտ պիտի այցելէ՝ մասնակցելու համար Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւին նուիրուած գիտաժողովին: Վերջապէս, Յունիս 20ին, ան ելոյթ պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող Ժամանակակից արուեստի թանգարանին (MOCA) մէջ կազմակերպուած Արշիլ Կորքիի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսին նուիրուած դասախօսական ձեռնարկին ընթացքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.