1950ին, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ բոլոր մասնաճիւղերը, աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ, արժանավայել կերպով կը տօնեն ՀՕՄի հիմնադրութեան 40ամեակը: ՀՕՄի պարբերաթերթ «Հայ Սիրտ»ը, 40ամեակին նուիրուած՝ լոյս կը տեսնէ 84 էջերով, փոխանակ 62ի: 40 տարիներու ընթացքին, ՀՕՄը ի՜նչ փշոտ ճամբայ կտրած է: Ան դիմագրաւած է երկու համաշխարհային պատերազմներ եւ պատուով դուրս եկած: 1950ական թուականներուն այլեւս վտանգ չի սպառնար հայ բեկորներուն ֆիզիքական գոյութեան: Որբերը մեծցած եւ ընտանիքներու տէր եղած են: Չկայ սով եւ համաճարակ, բայց տակաւին գաղութները ինքնաբաւ չեն, իսկ հայ նոր սերունդը հասակ կÿառնէ առանց առողջ ազգային գիտութեան եւ գիտակցութեան:
ՀՕՄը վայրկեան մը խորունկ շունչ կը քաշէ, ապա վերատեսութեան կÿենթարկէ իր առողջապահական, խնամատարական եւ կրթական գործերը եւ կÿանցնի գործի:
1.- Նիւթական յատկացումներ կÿընէ Լիբանանի, Սուրիոյ, Յունաստանի, թրակիոյ եւ Մակեդոնիոյ ՕԴԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԿԱՅԱՆՆԵՐՈՒՆ: Իր գուրգուրանքին առարկայ կը դարձնէ Պոսթընի մէջ գտնուող Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Հայաստան» ճամբարը, օժանդակելով անոր գնման, սարքաւորման, բարեզարդման, նաեւ ամէն տարի սաներ որդեգրելով եւ ընթացիկ ծախսերուն համար յատկացումներ ընելով: Այս օդափոխութեան կայանները միայն ֆիզիքական կազդուրման վայրեր չէին, այլեւս ճամբարագնացները հայկականութեամբ աւելի զօրաւոր կը վերադառնային իրենց տուները:
2.- Յատկացում արտասահմանի ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ, ՉՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ Ի ՆՊԱՍՏ:
3.- Յատկացում «ՊՆԱԿ ՄԸ ԿԵՐԱԿՈՒՐ»ի, Լիբանանի մէջ 800է աւելի աղքատիկ աշակերտներուն կէսօրուան տաք ճաշ մատակարարելու համար:
4.- Յատկացում հայ անտէր ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ կամ ՀԻՒԱՆԴ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ:
5.- Յատկացում ՎԵԹԵՐԱՆՆԵՐՈՒՆ – ազատագրական պայքարներու մասնակցած զինուորներուն եւ սպաննուածներու ընտանիքներուն:
6.- Յատկացում պալքանեան երկիրներէն, Թուրքիոյ խորերէն եւ աշխարհի այլ անկիւններէն օգնութիւն հայցող ՀԱՅ ԱՆՀԱՏ ԿԱՐՕՏԵԱԼՆԵՐՈՒՆ եւ ՀԻՒԱՆԴՆԵՐՈՒՆ:
Այս նիւթական օժանդակութիւններէն զատ Գերմանիոյ եւ Աւստրալիոյ մէջ գտնուող հիւանդները կը փոխադրուին Լիբանանի Ազգային Բուժարան, ուր ՀՕՄը ունի տաս անկողին, Ճորճ Մարտիկեանի կարգադրութեամբ:
1947-1955 ՀՕՄի Կեդր. Վարչութեան գրասենեակին մէջ, Պոսթըն, ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸ կը կրկնապատկուի, երբ Գերմանիայէն նոր տարագիրներ կը փոխադրուին Միացեալ Նահանգներ: Նոյնպէս, հիւանդներ, ընտանեկան ու գաղթային խնդիրներ ունեցողներ կը դիմեն ՀՕՄի Կեդր. Վարչութեան եւ կարելի եղած չափով կը ստանան պէտք եղած առաջնորդութիւնն ու աջակցութիւնը:
ՀՕՄը չի մոռնար նաեւ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԿԱՐՕՏԵԱԼՆԵՐԸ: 1960ին, «Յիսուն տարիներու ծառայութիւն հայ ժողովուրդին» կարգախօսով, ՀՕՄը մեծ շուքով եւ պատշաճ յայտագիրներով կը տօնէ իր հիմնադրութեան 50ամեակը:
1960ին, «Հայ Սիրտ» եռամսեային չորս թիւերն ալ լոյս կը տեսնեն ոսկեգոյն կողքով եւ բազմաթիւ մասնաճիւղերու ամփոփ պատմութիւններով: «Հայրենիք» օրաթերթը, Փետրուար 21, 1960ին եւ «Հայրենիք» շաբաթաթերթը՝ Փետրուար 25, 1960ին, բացառիկ թիւեր կը հրատարակեն ՀՕՄի 50ամեակին նուիրուած, նոյնպէս՝ «Ասպարէզ»ը եւ այլ թերթեր:
50ամեակին, ՀՕՄը Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի մէջ ունի 82 մասնաճիւղեր եւ 2000 անդամներ, իսկ ՀՕՄի մասնաճիւղերու ընդհանուր թիւն է 200, 16,000 անդամներով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ պատուիրակ Խորէն Սրբազան Բարոյեան եւ առաջնորդական տեղապահ Հրանդ Սրբազան Խաչատուրեանի հաւանութեամբ՝ Փետրուար 28, 1960ը կը նշանակուի իբրեւ ՀՕՄի ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐ (ՀՕՄի Ննջեցելոց Օր): Կիլիկիոյ Աթոռին պատկանող թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգիստ կը կատարուի ՀՕՄի ննջեցեալներուն համար: Այս ձեռնարկը մինչեւ այսօր կը շարունակուի:
ՀՕՄի յիսնամեայ կեանքին ընթացքին, անոր ամենադժուար գործը կ՛ըլլայ ՀԱՅ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ: ՀՕՄը կը կազմակերպէ ծնողները, անոնց գործակցութիւնը ապահովելու համար, հայախօսութեան արշաւներ կը ծրագրէ տուներու մէջ, ուսուցիչներ կը պատրաստէ, գրքոյկներ կը հրատարակէ ուսուցման մեթոտներու մասին, երեկոյեան դասընթացքներ կը հաստատէ չափահասներու համար, կրթանպաստ կը յատկացնէ ամերիկածին հայ տղոց ու աղջիկներու, զանոնք հայութեան կապելու համար, ամերիկեան երկրորդական վարժարան աւարտած ուշիմ աշակերտներ Պէյրութ՝ «Նշան Փալանճեան» Ճեմարան կը ղրկէ, մէկ կամ երկու տարուան համար, «Մանուկներու Օր» կը կազմակերպէ միօրեայ դպրոցներու շուրջ հետաքրքրութիւն ստեղծելու համար, 3-5 տարեկան մանուկներուն սորվեցնելով հայ երգ, պար եւ արտասանութիւն: Թատերախումբեր, երգչախումբեր եւ պարախումբեր կը կազմէ՝ հոգալով անոնց բոլոր ծախսերը: Կը կազմակերպէ դասախօսութիւններ եւ գեղարուեսատական ձեռնարկներ՝ եւ սակայն այս բոլոր գերմարդկային ճիգերը պէտք եղած արդիւնքը չեն տար:
1960ին, Ամերիկայի Նիւ Եորք քաղաքին մէջ կը հիմնուի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմը, եւ ըստ Ազգային Սահմանադրութեան, ՀՕՄը իր 29 միօրեայ դպրոցները կը յանձնէ Ազգային Վարչութեան, բայց ընկերուհիները կրթական գործը սովորականին պէս կը շարունակեն: Շատ չանցած, Ազգ. Վարչութեան եւ ՀՕՄի ներկայացուցիչներով կը կազմուի Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը (Armenian National Educational Committee «ANEC»):
ԱՌԱæԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆՈՒՄԸ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷæ
Վաթսունական թուականներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ կային մօտաւորապէս 300,000 հայեր: Քառասուն տարիներէ ի վեր կը խօսուէր ամէնօրեայ վարժարաններ բանալու մասին, բայց ո՛չ մէկ գործնական քայլ կ՛առնուէր, որովհետեւ ազգային ղեկավարները կը խորհէին, թէ արդիական ձեւով ամէնօրեայ վարժարանները հսկայական գումարներու կը կարօտէին:
Բայց կար հայ մտաւորական մը՝ իրաւաբան Մատթէոս Ֆերահեան, որ կը հաւատար, թէ հայկական գիշերօթիկ բարձրագոյն վարժարանները փրկութեան միակ լաստերն էին ձուլումի ովկիանոսին մէջ խեղդուող հայ նոր սերունդին համար: 1955ին, երբ կը մահանայ պրն. Ֆերահեան, քառորդ միլիոն եւ աւելի տոլար կտակ մը կը թողու բացուելիք առաջին հայկական ամէնօրեայ բարձրագոյն վարժարանին համար:
1961ին, ՀՕՄի «Մեսրոպեան» Շաբաթօրեայ վարժարանի Խնամակալ Մարմինը, որուն նախապէս անդամ էր պրն. Ֆերահեան, մեծ հողամաս մը կը գնէ Քալիֆորնիոյ Փիքօ Ռիվերա քաղաքին մէջ եւ կը սկսի հանգանակութիւններ կատարել, ամէնօրեայ վարժարանի մը շէնքի շինութեան համար:
Միեւնոյն ատեն Պէյրութի մէջ, «Հայկազեան» Գոլէճի դասախօս՝ Ամերիկա ուսանած եւ ճերմակ ջարդի աւերներուն ականատես եղած իտէալիստ երիտասարդ մը, Գաբրիէլ Ինճէճիկեան, Պէյրութի մէջ մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ Ամերիկայի մէջ հայկական ամէնօրեայ վարժարան հիմնելու գաղափարին շուրջ, եւ Յունիս 1964ին, Լոս Անճելըս կը ժամանէ, Լիբանանէն հետը բերելով 3000 խոստումնաքարտեր, որոնց միտք բանին հետեւեալն էր. «Եթէ մինչեւ Սեպտեմբեր 1964 Ամերիկայի մէջ հայկական ամէնօրեայ վարժարան մը չբացուի, 20,000 տոլար արժող խոստումնաքարտերը չեղեալ կը նկատուին»:
Պրն. Ինճէճիկեան ազգային զանազան կազմակերպութիւններու կը դիմէ, որպէսզի հովանաւորեն բացուելիք դպրոցը, բայց ժխտական պատասխան կը ստանայ: «Մեսրոպեան» վարժարանի Խնամակալ Մարմինին ալ կը յայտնէ, թէ իրենց կառուցած շէնքին մօտերը, փակուած կաթոլիկ դպրոց մը կայ, ուր կրնան սկսիլ քանի մը դասարաններով: Սակայն պատասխանը կ՛ըլլայ «սպասէ մինչեւ յաջորդ տարի»:
1964ի Յունիս 27ին, Փրովիտընսի մէջ, ՀՕՄը կը գումարէ իր 44րդ Պատգամաւորական ժողովը: Այդ ժողովին Պէյրութէն հիւրաբար ներկայ կը գտնուի Գուրգէն Խանճեան եւ կը յայտնէ, թէ Քալիֆորնիոյ մէջ շուտով ամէնօրեայ վարժարան մը պիտի բացուի, ուր ՀՕՄը պէտք է օգնութեան փութայ: Այս ժողովին, երբ տակաւին դպրոցը չէր բացուած, ընկերուհիները, տեսնելով ազգապահպանման անյետաձգելի գործը, կ՛որոշեն 1946ի 26րդ պատգամաւորական ժողովին վաւերացուած 25,000 տոլարը, 18 երկար տարիներ ետք, յատկացնել որոշուած նպատակին, Ամերիկայի մէջ առաջին հայկական ամէնօրեայ վարժարանին:
Եւ վերջապէս, Մեծ Եղեռնէն գրեթէ 50 տարի ետք, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 14, 1964ին, Քալիֆորնիոյ Էնսինօ քաղաքին մէջ, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ կողքին, Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի նախաձեռնութեամբ կը բացուի Ամերիկայի առաջին հայկական ամէնօրեայ վարժարանը՝ «Սրբոց Նահատակաց Ազգ. Բարձրագոյն Վարժարան» անունով: Քանի մը տարի ետք, անունը կը փոխուի «Ֆերահեան Ազգ. Բարձրագոյն Վարժարան»ի:
Հոս պէտք է յայտնենք, թէ «Ֆերահեան» վարժարանի առաջին տարուան պիւտճէն կը գոյանայ հետեւեալ ձեւով.-
ա.- 8000 տոլար ՀՕՄի Կեդր. Վարչութենէն (25,000 վճարելի երեք տարիէն).
բ.- 8075 տոլար Լիբանանի հայրենակիցներէն.
գ.- 12,000 տոլար ՀՕՄի մասնաճիւղերէն եւ միութիւններէ:
1965ին կը բացուի «Մեսրոպեան» ազգ. վարժարանը Փիքօ Ռիվերայի մէջ, 1967ին՝ Հռիփսիմեանց Քոյրերու մանկապարտէզ-նախակրթարանը Ֆիլատելֆիոյ մէջ եւ 1969ին «Ալէք Փիլիպոս» ազգ. վարժարանը Հոլիվուտի մէջ: ՀՕՄի Կեդր. Վարչութիւնը կը սկսի ամէն տարի որոշ նիւթական յատկացումներ ընել վերոյիշեալ չորս ամէնօրեայ վարժարաններուն:
Մոնթրէալի հայ գաղութը, 60ական թուականներու աւարտին, նախապատրաստական աշխատանք կառուցելու համար նոր շէնք մը, ամէնօրեայ վարժարանի համար: ՀՕՄը 10,000 տոլարով կը մասնակցի շինութեան ֆոնտին: Մինչ այդ Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ ՀՕՄի միօրեայ վարժարանները բծախնդրութեամբ հայ լեզու եւ պատմութիւն կը ջամբեն նոր սերունդին:
ՀՕՄի Կեդր. Վարչութիւնը բազմաթիւ դիմումնագիրներ կը ստանայ արտասահմանէն Ամերիկա եկած ուսանողներէ, որոնց օգնութեան կը հասնի:
ՀՕՄը նաեւ ՈՐԴԵԳԻՐ ՍԱՆԵՐ կը պահէ «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի, «Քարէն Եփփէ» Ճեմարանի, նաեւ Սեւրի եւ Վենետիկի Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ:
1967 Նոյեմբեր 27ին, Ֆրեզնոյի մէջ, ՀՕՄի մեծ ընտանիքը դժբախտութիւնը կ՛ունենայ կորսնցնելու իր ամէնէն հաւատարիմ անդամներէն՝ Սոֆիա Յակոբեանը: Ան ջերմ հաւատացող մըն էր ՀՕՄի վսեմ գործերուն, որուն կը ձգէ մէկ միլիոն տոլար կտակ մը, առաւել 175,000 տոլար արժող նուէրներ: Ասիկա ամենամեծ կտակն է, որ ՀՕՄը ստացած է 87 տարիներու ընթացքին: ՀՕՄը առ ի երախտագիտութիւն «ՄԱՅՐ» ՍՕՖԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ կոչած է զինք, այսինքն ՀՕՄի արժանաւոր մայրը:
Անշուշտ հարց կը տրուի, թէ ՀՕՄը ինչպէ՞ս կը գոյացնէ իր նիւթականը:
1950ական եւ 60ական թուականներուն համար կրնանք յայտնել հետեւեալ աղբիւրները.-
1.- «Պնակ մը կերակուր» հանգանակութիւն.- 13,000-20,000 կոչ-նամակներ կը ղրկուին հայերու, դրամ հաւաքելու համար Պէյրութի, Հալէպի, Յունաստանի, Թրակիոյ-Մակեդոնիոյ դպրոցներուն եւ ճամբարներուն ծախսերը հոգալու համար:
2.- Հայ Սիրտ»ի բաժանորդներէն.
3.- Նուէրներէ եւ կտակներէ.
4.- Մասնաճիւղերու քօթաներէ.
5.- «Ծոմապահութեան Օր» հանգանակութենէն.
6.- Տոկոսներէ:
Ահաւասիկ ՀՕՄի Կեդր. Վարչութեան 5րդ եւ 6րդ տասնամեակներու շատ ամփոփ գործունէութիւնը: ՀՕՄը իր խղճի ձայնին անսալով եւ իր առողջ դատողութիւնը գործածելով՝ ձեռք երկարեց հոն, ուր ամէնէն աւելի կարիքը կը զգացուէր:
Ի՜նչ քաղցր է արդար գործին արդար վաստակը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.