ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- 2010ի առաջին եռամսեակին, առեւտրային դրամատուներու եւ դրամական փոխանցում իրականացնող կազմակերպութիւններու միջոցով, դրամական փոխանցումները՝ նախորդ տարուան առաջին եռամսեակին համեմատ, աւելցած են 18 տոկոսով, կազմելով 102 միլիառ դրամ, իսկ արտասահման կատարուած փոխանցումներուն ծաւալը աւելցած է 22 տոկոսով՝ կազմելով 53 միլիառ դրամ: Իբրեւ արդիւնք, դրամական միջոցներու զուտ ներհոսքը կազմած է 49 միլիառ դրամ, որ նախորդ տարուան առաջին եռամսեակին համեմատ աւելցած է 6 միլիառ դրամով:
2010ի առաջին եռամսեակին, դրամական փոխանցումներու իրականացման համակարգերուն մասնակից առեւտրային դրամատուներու միջոցով, Հայաստանի հանրապետութիւն փոխանցումներուն ծաւալը կազմած է 69 միլիառ դրամ, որ 6.1 անգամ գերազանցած է արտասահման կատարուած փոխանցումներուն ծաւալը: Նշուած համակարգերով ստացուած միջոցներուն ծաւալը՝ նախորդ տարուան առաջին եռամսեակին համեմատ, աւելցած է 17 միլիառ դրամով:
ՀՀ առեւտրային դրամատուներու թղթակցային հաշիւներով (SWIFT-ի, telex-ի, fax-ի միջոցով) Հայաստան կատարուած համախառն փոխանցումներուն ծաւալը 2010ի առաջին եռամսեակին կազմած է 693 միլիառ դրամ: Իսկ մէկ փոխանցման միջին ծաւալը կազմած է 19 միլիոն դրամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.