ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մայիս 17ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Հայաստանի փրկարարական ծառայութեան վարչութեան պետ Յովհաննէս Եմիշեան յայտնած է, թէ ՄԱԿի կողմէ Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան (ՊԳԿ) յատկացուած 49 հազար տոլարի ծիրէն ներս արդէն իսկ սկսած են «Նուպարաշէնի թունաքիմիկատների սողանքային գօտու գերեզմանոցի չեզոքացման» ծրագրի առաջին փուլի աշխատանքները: Նշուած աշխատանքներէն ետք, ՀՀ առողջապահութեան, գիւղատնտեսութեան, բնապահպանութեան եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւններն ու միջազգային փորձագէտները համատեղ պիտի իրականացնեն նաեւ մթնոլորտի, ջուրի եւ հողի դիտարկման կամ համակարգման աշխատանքներ ու այնուհետեւ պիտի մշակուի յետագայ գործողութիւններուն ծրագիրը:
Հ. Եմիշեանի խօսքերով, նշուած տարածքին վրայ, խորհրդային տարիներէն (1982էն ի վեր) կուտակուած են 512 թոն թունաւոր նիւթեր, որոնց ոչնչացման հիմնախնդիրը կը քննարկուի նաեւ Ռուսիոյ եւ Համաշխարհային դրամատան փորձագէտներու կողմէ:
Ըստ ՀՀ բնահպանութեան նախարարութեան Վտանգաւոր թափօններու եւ նիւթերու կառավարման վարչութեան պետ Անահիտ Ալեքսանդրեանի, բնապահպան մասնագէտներու խորհուրդը վերոյիշեալ տարածքի Շրջակայ միջավայրին վրայ կազմած է թունաւոր նիւթերու ոչնչացման համապատասխան հայեցակարգ: Սակայն, ըստ Ա. Ալեքսանդրեանի, նշուած քանակով նիւթերու հեռացումը մասնագէտները կը համարեն առաւել վտանգաւոր եւ ծախսալից: Ուստի խորհուրդը մտադիր է յառաջիկային դիմել Ռուսիոյ կառավարութեան, որ ունի թունաւոր նիւթերու վերջնական ոչնչացման համապատասխանող գործիքներ, որոնք ժամանակաւորապէս պիտի բերուին Հայաստան։
ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան բուսաբուծութեան վարչութեան աշխատակից Կարինէ Եսայեան, իր հերթին, նշած է, որ տարածքին յարող գիւղերէն առնուած են կանաչեղէնի, պտուղի, կաթի եւ ջուրի աւելի քան 20 նմուշներ, որոնք քննուած են հակահամաճարակային կեդրոնական տարրալուծարանին մէջ, սակայն անոնց մէջ թունաւոր նիւթեր չեն յայտնաբերուած։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.