ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը յայտնէ, որ կը միանայ աշխարհի բոլոր յոյն պոնտոսցիներուն՝ ոգեկոչելով Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
«Մենք կը միանանք մեր բոլոր պոնտոսցի յոյն, ասորի, քըլտանի եղբայրներուն՝ ոգեկոչելով անոնց դէմ օսմանեան եւ թրքական իշխանութեանց կողմէ իրագործուած ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Պոնտոսցիներու դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը, որու տարելիցն է այսօր, կը մնայ անպատիժ եւ չէ ճանչցուած միջազգային ընտանիքի կողմէ: Այս օրը ոգեկոչելով, մենք կը վերահաստատենք մեր վճռականութիւնը աշխատելու Թուրքիոյ ցեղասպան արշաւը կասեցնելու դէմ՝ բոլոր զոհ ազգերու զաւակներու հետ միասին», յայտարարած է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի վարիչ տնօրէն Արամ Համբարեան:
Միւս կողմէ, Մայիս 19ին, Հայաստանի մէջ ապրող հարիւրաւոր յոյներ, Ծիծեռնակաբերդիի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին 1916-1923 տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ցեղասպանուած 700 հազար Պոնտոսի յոյներու յիշատակին:
Նշենք, որ 1994ին Յունաստանի խորհրդարանը Մայիս 19ը ընդունեց որպէս Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան օր։
Հայաստանի մէջ ապրող յունական հասարակական կազմակերպութիւններու միութեան նախագահ Արկադի Խիտարով յոյս յայտնեց, որ օր մը Ծիծեռնակաբերդի մէկ հատուածին վրայ կը կանգնեցուի նաեւ յոյներու ցեղասպանութիւնը յաւերժացնող յուշակոթողը:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան իր հերթին նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողը՝ նոր իմաստ ու խորհուրդ ստանալով կու գայ հաւաստելու, որ թէ՛ հայերու եւ թէ՛ յոյներու սերունդները ոչ միայն չեն մոռցած դարասկիզբին իրականացուած ցեղասպանութիւնը, այլեւ սերունդէ սերունդ կրցած են փոխանցել այն ընդհանուր, ու ցաւօք նաեւ միաւորող ցաւն ու վերապրումը:
«Հեռու չէ այն օրը, որ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքում իր արժանի տեղը կը գտնի յուշակոթողն ի յիշատակ յոյների ցեղասպանութեան զոհերի»,- վստահեցուց Հայկ Դեմոյեան:
«Ամէն տարի Մայիս 19ին մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք այդ շրջանի զոհուածներուն։ Այդ տարելիցները պէտք է յիշենք, որպէսզի ապագային նմանատիպ իրադարձութիւններ այլեւս տեղի չունենան», ըսաւ Հայաստանի մէջ Յունաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իոննիս Կորինթիոս։
Նշենք, որ երէկ,, երբ աշխարհի բոլոր յոյները կը սգան թրքական դաժանութիւններու հետեւանքով զոհուածներուն համար, Թուրքիոյ մէջ ազգային տօն էր՝ Երիտասարդութեան եւ մարզանքի օրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.