ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այսօր կարելի է սիւնակը ամբողջութեամբ լեցնել մեզ տագնապեցնող ազգային մտահոգութիւններու պարզ թուարկումով.
Հայաստանի ժողովրդագրական ներկայ վիճակը,
Գիւղական շրջաններու շարունակուող ամայացումը,
Ծնունդներու թիւի անբաւարարութիւնը, բազմազաւակ ընտանիք ունենալու գաղափարին հաւատացողներու թիւի օրէ օր նօսրացումը,
Հայաստանի տնտեսական զարգացումն ու բարգաւաճումը խոչընդոտող առարկայական ու ենթակայական գործօնները,
Մերթ թափ ստացող, մերթ դանդաղող, սակայն երբեք կանգ չառնող արտագաղթը,
Հանրապետութեան մէջ առկայ անարդարութիւնները,
Կառավարական համակարգի մէջ համատարած փտածութիւնը,
Կաշառակերութիւնը, աղքատութեան ու թշուառութեան ճիրաններու մէջ ապրող անընդունելի թիւով հայորդիներու զրկանքները,
Քաղաքական բանտարկեալներ ունենալու պատճառած խոցը,
Հայ քաղաքացիի, ձեռնարկատէրի, մտաւորականի անպաշտպանուածութեան զգացողութիւնը, սեփական պետութենէն օտարումը,
Մայրենիի պաշտպանութեան հանդէպ պետական նախանձախնդրութեան պակասը,
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումին առջեւ ծառացած դժուարութիւնները,
Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացի դանդաղութիւնը,
Հայրենի բնութեան հանդէպ յանցագործ անտարբերութիւնը,
Հայաստան-Սփիւռք արդիւնաւէտ, աշխուժ, փոխ-ներգործօն համագործակցութիւնը ապահովող գործելակերպի, ռազմավարութեան պակասը,
Սփիւռքի մէջ երիտասարդ սերունդի այլասերման ու ձուլման դէմ պայքարի միջոցներու սահմանափակութիւնը, ազգային դիմագիծի աստիճանական ու անվերադարձ կորուստը,
Դէպի երկիր գաղափարախօսութիւնը կենսագործելու կոչուած ազգային ծրագրի մը չգոյութիւնը…
Այս բոլոր մտահոգութիւնները յաղթահարելու ներուժ ունի մեր ազգը, մենք վստահ ենք ատոր եւ ամէն պատճառ ունինք լաւատեսութեամբ նայելու ապագային, որովհետեւ, ուշ կամ կանուխ, այդ ներուժը ճիշտ օգտագործել պիտի սորվինք:
Մտահոգ ենք, որ շուտ, շատ շուտ չի գար այդ պահը: