ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարի շուրջ գոյացած նախնական համաձայնութեան հարցով Չորեքշաբթի, Մայիս 19ին հեռախօսային զրոյց մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։ Ան Երեքշաբթի յայտնած էր, թէ ՄԱԿը պէտք չէ այս հանգրուանին յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատէ Իրանի դէմ:
«Բոլորը պէտք է հասկնան, որ Իրան ցուցաբերեց մեծ ճկունութիւն, որ անսպասելի էր նախապէս, եւ այս ճկունութիւնը առիթ մըն է դիւանագիտութեան նոր հանգրուանի մը համար», ըսաւ ան։
Կ՛ակնկալուի, որ Տաւութօղլու եւ Պրազիլի արտաքին գործոց նախարարը ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի անդամներուն նամակ մը գրեն այս հարցին վերաբերեալ։
Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Մուրատ Մերճան եւս յայտնեց, թէ այս օրերուն յաւելեալ պատժամիջոցներու որոշում մը նպաստաւոր պիտի չըլլայ: «Թուրքիա դեռ ընելիքներ ունի եւ բոլորը կրնան որոշ ներդրում ունենալ։ Կը հաւատամ, որ ասոր վրայ պէտք է կեդրոնանանք», ըսաւ ան։ Խօսելով համաձայնութեան հանդէպ ամերիկեան կեցուածքին մասին, Մերճան ըսաւ, որ ինք կը սպասէ, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները այս հարցին աւելի հանդարտ կերպով մօտենան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.