«Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանը սկսած է ստորագրահաւաքի արշաւի մը, նպատակ ունենալով կայանը ներառել Time Warner Cable-ի ծրագիրէն ներս՝ հասանելի դառնալու համար նոյն ընկերութեան սփռումի տարածքին մէջ գտնուող հայութեան: Այս առթիւ, «Ասպարէզ» հարցազրոյց մը ունեցաւ «Ասպարէզ-Հորիզոն»ի վարչական պատասխանատու Վիգէն Սօսիկեանի հետ:

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Կրնա՞ք երկու նախադասութեամբ համառօտ ակնարկ մը նետել «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանին վրայ:
ՎԻԳԷՆ ՍՕՍԻԿԵԱՆ.- 1989էն ի վեր արեւմտեան Միացեալ Նահանգներուն մէջ «Հորիզոն»ը եղած է կամուրջը հայ ժողովուրդին եւ հայկական իրականութեան միջեւ: Իր լուրերէն եւ վերլուծումներէն սկսեալ, մինչեւ իր մշակութային եւ կրօնական յայտագիրները, իր երաժշտութեան եւ ժամանցի ծրագիրները, իր վաւերագրական ժապաւէնները եւ դաստիարակչական ծրագիրները, «Հորիզոն»ը գլխաւոր աղբիւր է մեր մշակոյթին, քաղաքականութեան, կրօնքին եւ կրթութեան վերաբերող այժմէական պատշաճ տեղեկատուութեան: Այսօր, մօտաւորապէս 100,000 անձ կը հետեւի «Հորիզոն»ի յայտագիրներուն՝ «Չարթըր Քէյպըլ»ի 285 ալիքին վրայ, եւ համացանցի www.horizonarmeniantv.com հասցէով. վերոյիշեալ հետեւողներուն թիւը հաստատուած է «Չարթըր Քէյպըլ»ի եւ համացանցի հիւրընկալման վարչութեան կողմէ:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- «Հորիզոն»ը ինչպէ՞ս կը հայթայթէ այժմէական եւ պատշաճ տեղեկատուութիւն:
ՎԻԳԷՆ ՍՕՍԻԿԵԱՆ.- Այստեղ կրնամ ներկայացնել նկարագրականը երկտասնեակ մը ծրագիրներու, որոնք կը սփռուին «Հորիզոն»էն: Սակայն կ՛ուզեմ ձեզի հետ բաժնեկցիլ հայկական իրականութեան մէջ «Հորիզոն»ին ունեցած դերին մասին: Երբ Քալիֆորնիոյ Նահանգի խորհրդարանը Հայկական Ցեղասպանութիւնը կ՛արծարծէր, մեր թղթակիցները Սաքրամենթօ կը գտնուէին եւ այնտեղէն մեզի մանրամասն տեղեկութիւններ կը փոխանցէին: Երբ փոքրիկ Նարեկ Մովսէսեանը եւ իր մայրը Միացեալ Նահանգներ հասան Նարեկի քաղցկեղը բուժելու համար, «Հորիզոն»ը այնտեղ կը գտնուէր՝ օգնութեան կոչ ընելով համայնքի ղեկավարներուն եւ կազմակերպութիւններուն: Երբ Հայաստանն ու Թուրքիան փրոթոքոլներու նախաձեռնեցին, «Հորիզոն»ը իրողութիւնները երեւան հանեց եւ դարձաւ կապը համայնքի կազմակերպութիւններուն միջեւ: Երբ Սպիտակ տունը Հայաստանը ներառեց «ահաբեկչական երկիրներ»ու ցանկին մէջ, Հայ Դատի յանձնախումբը «Հորիզոն»ի եթերը օգտագործեց եւ տասնեակ հազարաւոր հայեր նամակներ յղեցին Սպիտակ տան «ֆաքս» (fax) մեքենաներուն. ընդամէնը մի քանի օրուան մէջ Հայաստանը արդարօրէն վերցուեցաւ այդ ցանկէն: Երբ աշխարհի տարածքին հայութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան 95ամեակը կը յիշատակէր, «Հորիզոն»ը 12 ժամ ուղիղ եթերով իր դիտողներուն փոխանցեց աշխարհի մէջ երկու տասնեակէ աւելի հայ համայնքներուն եւ հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկներուն եւ իրադարձութիւններուն կենդանի ժապաւէններն ու թղթակցութիւնները:
Երբ ՀԵԴն փողոց իջնէ դարմանատան մը փակման դէմ բողոքելու կամ մեր համայնքին մէջ մաքրութեան արշաւի, «Հորիզոն»ը այնտեղ կ՛ըլլայ: Երբ ՀՕՄը արշաւի մը ձեռնարկէ՝ æաւախքի հայութեան օգնութեան հասնելու համար, «Հորիզոն»ը այնտեղ ներկայ կ՛ըլլայ: Երբ մեր եկեղեցին աշխատանք կը տանի իր հոգեւոր պատգամը փոխանցելու ժողովուրդին, «Հորիզոն»ը ներկայ կ՛ըլլայ: Երբ Հայ առեւտուրի գրասենեակը հայ գործատէրեր կը պատուէ, «Հորիզոն»ը ներկայ կ՛ըլլայ: Երբ «Դաւթեան-Մարիամեան» Կրթական հաստատութիւնը հանրային դպրոցներուն մէջ հայերէն դասապահեր կ՛աւելցնէ, «Հորիզոն»ը ներկայ կ՛ըլլայ: Կարելի է շարունակել շարքը:
«Հորիզոն»ը միշտ ներկայ է ծառայելու համար հայ համայնքին՝ հայթայթելով այժմէական եւ պատշաճ տեղեկատուութիւն:
Իսկապէս, «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանը կամուրջը եղած է հայ ժողովուրդին եւ հայկական իրականութեան միջեւ. մեր այլազան յայտագիրները ճիշդ ատոր արտացոլումն են:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Նշեցիք, թէ «Հորիզոն» կայանը հեռատեսիլով կարելի է դիտել «Չարթըր Քէյպըլ»ին միջոցաւ: «Չարթըր Քէյպըլ»ը միա՞կ «քէյպըլ»ն է, որուն միջոցաւ կարելի է հետեւիլ «Հորիզոն»ին:
ՎԻԳԷՆ ՍՕՍԻԿԵԱՆ.- Ներկայիս, այո՛: Սակայն եւ այնպէս, այժմ աշխատանք կը տանինք սպասարկման տարածքը ընդարձակելու: Մեր անմիջական ուշադրութեան կեդրոնը «Թայմ Ուորնըր Քէյպըլ»ն է (Time Warner Cable): Տասնեակ հազարաւոր հայ ընտանիքներ կան Time Warner Cable-ի իրաւասութեան տարածքին մէջ: Time Warner Cable-ը կը սպասարկէ Հոլիվուտի, Թահանկայի, Սանլենտի, Նորթ Հոլիվուտի, Վեն Նայսի, Էնսինոյի, Նորթրիճի, Ռիսիտայի, Քանոկա Փարքի, Վելի Վիլեճի, Սթիւտիօ Սիթիի, Շըրմըն Օքսի, Չեթսուըրթի, Վելի Կլենի եւ Սաութ Պէյի (կարգ մը շրջաններ), Սանթա Քլարիթայի եւ Օրենճ Քաունթիի շրջանները:
«Հորիզոն»ի համար տնտեսապէս նպատակայարմար չէ Time Warner Cable-էն կայան վարձելը: Այնուամենայնիւ, գոյութիւն ունի «Հորիզոն»ը բաժանորդագրութեամբ վճարովի մատուցելու այլընտրանքը. անոնք, որոնք կը փափաքին «Հորիզոն» դիտել, պայմանական սակ մը պիտի վճարեն: Զարմանալիօրէն, այս մէկը բան մը չէ, զոր Time Warner Cable-ը յօժարութեամբ կ՛առաջարկէ պատկերասփիւռի կայաններու: Ըստ էութեան, Time Warner Cable-ի պատասխանատուները կ՛ուզեն վստահ ըլլալ, որ որեւէ պատկերասփիւռի կայանի ներառումը իրենց ծրագիրներուն մէջ, իրենց համար որոշ եկամուտ պիտի ապահովէ: Նկատի ունենալով, որ Time Warner Cable-ը ծանօթ չէ «Հորիզոն»ի պատմութեան եւ հայ համայնքէն ներս անոր ժողովրդականութեան, «Հորիզոն»ը իրենց ծրագիրին մէջ ներառելու համար հետաքրքրութիւն արթնցնելու եւ համապատասխան յաճախորդներու բաժանորդագրութիւն ապահովելու կարողութիւն Time Warner Cable-ին ցոյց տալու բեռը բարդուած է մեր ուսերուն:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ինչպէ՞ս կը ծրագրէք իրականացնել այս մէկը:
ՎԻԳԷՆ ՍՕՍԻԿԵԱՆ.- Սոյն պատգամը Time Warner Cable-ի պատասխանատուներուն փոխանցելու համար, «Հորիզոն»ը սկսաւ ստորագրահաւաքի արշաւի մը, որուն միջոցաւ Time Warner Cable-ի տարածքին մէջ ապրող անհատները կրնան արտայայտել «Հորիզոն»ի ճամբով Time Warner Cable-ին բաժանորդագրուելու իրենց հետաքրքրութիւնը: Անոնք, որոնք հետաքրքրուած են իրենց անունը աւելցնելով ստորագրահաւաքին, կրնան դիմել հետեւեալ ձեւերուն՝ հարցաթերթիկը ստանալու համար կապուիլ տեղական հայ համայնքի կեդրոններ, «Ասպարէզ» թերթէն վերցնել հարցարանի կտրօնը, համացանցով ամբողջացնել զայն asbarez.com-ի եւ horizonarmeniantv.com-ի միջոցաւ, կամ միանալ Facebook կայքին վրայ գտնուող «cause»ին:
Մեր հեռակայ տարածման ծրագիրը իր մէջ կ՛ընդգրկէ «Հորիզոն»ը ներառել «Տիշ Նեթուըրք»էն (Dish Network), «Տայրեքթ Թիվի»էն (Direct TV), «Էյ.Թի.&Թի.»ի «Եու-վըրս»էն (AT&T՛s U-verse) ներս, նաեւ զայն հեռարձակել ազատ-եթեր արբանեակով Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Դուք նշեցիք «Ֆէյսպուք»ը (Facebook). «Հորիզոն»ը իսկապէ՞ս Facebook-ի վրայ է:
ՎԻԳԷՆ ՍՕՍԻԿԵԱՆ.- Այո՛: Պատկերասփիւռի աշխարհին մէջ յարաճուն զարգացում կայ: Հետզհետէ շատ մարդիկ, մանաւանդ երիտասարդ մասնագէտներ կը փարին համացանցին՝ կապեր հաստատելու համար, կը գիշերեն՝ լուրեր ստանալու եւ այժմ նոյնիսկ պատկերասփիւռ դիտելու համար: Համացանցի հրամցուցած ճկունութիւնը եւ ծախս-արդիւնաւէտութիւնը (cost-effectiveness) հետզհետէ մարդիկ կը հեռացնէ դասական հեռատեսիլէն եւ կը մօտեցնէ «սայպըր-սփէյս»ին:
Ուրեմն, որպէսզի յառաջանանք այս զարգացման զուգահեռ, մենք միշտ մեզ արդիական կը պահենք վերջին արհեստավարժութիւններով (technologies), գոհացնելու համար կարելի եղածին չափ շատ հայեր: Եւ այսպէս, ունինք «ֆէյսպուք»ի մեր էջը, ուր մեր այցելուները կրնան դիտել զանազան տեսաերիզներ: Ունինք նաեւ «ԵուԹիւպ»ի (YouTube) կայան եւ ուղիղ արձակում «Հորիզոն»ի ամբողջական ծրագրին՝ www.horizonarmeniantv.com կայքին վրայ:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Տնտեսական տագնապի ընթացքին պատկերասփիւռի կայաններ անսահման դժուարութիւններու առջեւ գտնուեցան. ի՞նչ եղաւ «Հորիզոն»ի ճակատագիրը տնտեսական այս մթնոլորտին մէջ:
ՎԻԳԷՆ ՍՕՍԻԿԵԱՆ.- Գրեթէ բոլոր ընկերութիւններուն նման, «Հորիզոն»ն ալ նոյնպէս վնասակար կերպով ազդուեցաւ տագնապէն: Մինչ մեր դիտողներուն թիւը եւ գնահատականները կը բարձրանային, ծանուցումներէն եկած մեր եկամուտը՝ բաղդատած անցեալ 2-3 տարիներուն հետ, կը պակսէր: Ուստի, ինչպէս բոլոր գործարքները, մենք ալ զեղչեցինք մեր ծանուցումներուն (գովազդներուն) գիները՝ ներգրաւելու համար աւելի մեծ թիւով ծանուցողներ: Իսկապէ՛ս այժմ ամենայարմար ժամանակն է «Հորիզոն»ի վրայ ծանուցում տեղադրելու համար. ծանուցումի յատուկ առաջարկներու շատ քիչ տեղ տրամադրելի է այժմ:
Այնուամենայնիւ, առաւել մեծ ուրուագիծէ դիտելով՝ «Հորիզոն»ի տնտեսութիւնը հաստատուն է ներկայիս եւ գործառնութիւնները անցեալ մէկ տարուան ընթացքին յառաջխաղաց արձանագրեցին: Այս բոլորը կը պարտինք «Հորիզոն»ի նուիրեալ անձնակազմին եւ «Ասպարէզ-Հորիզոն»ի մայր ընկերութեան՝ Armenian Media Network-ի, խմբային աշխատանքին:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ձեր վերջին խօսքը:
ՎԻԳԷՆ ՍՕՍԻԿԵԱՆ.- Վերջերս, համեմատաբար յատկանշական գումարի նուիրատուութիւն մը ստացանք նամակով, «Հորիզոն»ի անծանօթ քաջալերողէ մը: Նուիրատուութեան հետ, անհատը կցած էր երկտող մը, որուն մէջ ան շնորհակալութիւն կը յայտնէր մեզի՝ մեր տարած աշխատանքին համար: Միւս կողմէ, երբեմն քննադատութիւններ ալ կը լսենք հետեւողներէն: Մենք կ՛ընդունինք երկուքն ալ: Քաջալերանքն ու քննադատութիւնը կը նկատենք իբրեւ աշխատանքի յարատեւութեան եւ գործի զարգացման խթան: