ՍՈՆԱ ՊԱՏԱԼԵԱՆ
Սահակ-Մեսրոպ հայ քրիստոնեայ վարժարանը եւս յիշեց Ապրիլեան նահատակները։ Ապրիլ ամսուան մէջ դպրոցիս մէջ հայերէնի դասապահերուն եւ մատրան մէջ խօսուեցաւ Մեծ Եղեռնի մասին։ Կատարուեցան զրոյցներ եւ աշակերտներ իրենց միտքերը արտայայտեցին շարադրութիւններով եւ յուշակոթողներ գծելով։
Հինգշաբթի, Ապրիլ 22ի յետմիջօրէին, մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգի աշակերտները, տնօրէն Կարապետեանի առաջնորդութեամբ, հաւաքուեցան դպրոցիս խաչքարին շուրջ եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին ու ծաղիկներ զետեղեցին։ Պատալեան խօսեցաւ 95 տարիներ առաջ կատարուած Ցեղասպանութեան մասին եւ նշեց հայու գոյատեւումը ի սփիւռս աշխարհի։
Երեկոյեան, պաշտօնական ոգեկոչման հանդիսութիւն տեղի ունեցաւ դպրոցիս սրահը, ուր հաւաքուած էին աւելի քան 250 ծնողներ եւ բարեկամներ։ Ձեռնարկին բացումը կատարեց տնօրէն Կարապետեան։ Ան անդրադարձաւ Եղեռնի ընթացքին թուրքին կատարած բարբարոսութիւններուն եւ հայու արդար պահանջատիրութեան պայքարի մասին։ Ապա ներկաները երգեցին «Մեր Հայրենիք»ը, որմէ ետք Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան «Հայր Մեր»ով կատարեց ձեռնարկին բացումը:
Յայտագրի առաջին երգն էր «Ազգ Փառապանծ»ը եւ Ս. Կապուտիկեանի «Հայկական Աչքեր» բանաստեղծութիւնը՝ Գ. եւ Դ. դասարանի աշակերտներու կատարմամբ, որոնք սրտանց եւ մեծ եռանդով երգեցին եւ արտասանեցին։ Ապա առիթը ունեցանք ունկնդրելու «Կիլիկիա» երգը՝ ձեռնազանգակներու միջոցաւ, որուն յաջորդեց Լիանա Թադէոսեանի դիւթիչ «Կռունկ Բարով Դառնաս» մեներգը։
Ապա պահն էր լսելու Վահան Թէքէեանի «Հայու Հոգին» բանաստեղծութիւնը Զ. դասարանի աշակերտներու շրթներէն, որոնք ինքնավստահօրէն արտասանեցին։
Խումբ մը աշակերտներ փողային գործիքներով եւ ջութակով նուագեցին «Ալայլուղս»՝ տպաւորելով ներկաները։
Աշակերտական յայտագրին վերջինն էր Ե. դասարանի կատարումը, երբ անոնք արտասանեցին Դ. Վարուժանի «Առկայծ Թրագ»ը եւ երգեցին «Տեսնեմ Անին ու Նոր Մեռնեմ»ը։ Անոնք խոր զգացումով արտասանեցին եւ երգեցին՝ յուզելով ներկաները։
Ս. Պատալեան պարտք զգաց ներկայացնել օրուան պատգամաբերը՝ հայր Պարթեւը, որ առաջնորդարանի Քրիստոնէական բաժնի վարիչներէն է։ Ան միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, որուն կարգադրութեամբ վարժարանս կը գտնուէր պատգամաբերը։
Հայր Պարթեւ յիշեց 1.5 միլիոն հայերը, որոնք նահատակուեցան, յաղթութեան օր ունեցան եւ հերոսացան։ Ան լաւատես եւ հոգեշունչ խոկումներով խրախուսեց եւ քաջալերեց հայ ազգը, թելադրեց չյուսահատիլ ու ունենալ տեսիլքներ, որոնք կ՛իրականան Աստուծոյ օգնութեամբ։
Յայտագրի աւարտին Ս. Պատալեան ներկայացուց վերապրող Ժոզէֆ Մանճիկեանը, որ շուտով պիտի բոլորէ 100 տարիքը, ըլլալով տիպար եւ ազգասէր հայ մը։ Ան խնդրեց ներկաներէն, որ իրենց մոմերը վառելով՝ ուղղուին դէպի դպրոցիս խաչքարը, կատարելու համար հոգեհանգստեան արարողութիւն։
Այդ խորհրդաւոր պահուն Մանճիկեան դողդոջուն քայլերով ծաղկեպսակ զետեղեց խաչքարին մօտ եւ իր անցեալի յուշերով բաժնեկից դարձուց ներկաները։
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, ժողովուրդի մասնակցութեամբ երգուեցաւ Տէրունական աղօթքը, որմէ ետք հայր սուրբի «Պահպանի»չով մեր ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին։
Վերջին բաժինին երգուեցան «Կիլիկիա» եւ «Սարդարապատ» երգերը։ Ներկաները լիցքաւորուած ազգային ոգիով, ամուր հաւատքով վերանորոգուած, անցեալի յուշերով ու նոր տեսլականով տոգորուած՝ վերադարձան իրենց տուները գոհունակ սրտով, իրենց զաւակներուն երակներուն մէջ տեսնելով հայու աննկուն կամքն ու ոգին։
Յիշենք նաեւ, որ Ապրիլ 24ի առաւօտեան, Փասատինայի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած յուշատօնին, մեր 5րդ դասարանի աշակերտները խմբերգով մը մասնակցեցան՝ լաւ տպաւորութիւն ձգելով ներկաներուն մօտ։
Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք օրուան պատգամաբերին, տնօրէնութեան եւ ձեռնարկը կազմակերպող ուսուցիչներուն՝ Արտաշէս եւ Ժաննա Սինանեաններուն, եւ Ս. Պատալեանին, որոնց առաջնորդութեամբ եւ աշակերտներու գործակցութեամբ ունեցանք տպաւորիչ եւ ազգաշունչ ձեռնարկ մը։