ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի (ԳՄ) ներկայացուցիչ, ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, «Երկիր Մետիա» հեռատեսիլի ընկերութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Եւրոխորհրդարանի ընդունած բանաձեւը շարունակութիւնն է այն նոյն գործընթացին, զոր կ՛իրականացնէ Ատրպէյճանը՝ փորձելով Մինսկի գործընթացին զուգահեռ այլ գործընթացներ իրականացնելու միջոցով կանխել իրեն համար ոչ ձեռնտու զարգացումները:
Ըստ անոր, ատրպէյճանցիները կը յաջողին իրականացնել իրենց ծրագիրը այնպիսի շրջանակներու մէջ, որոնք ծանօթ չեն հարցի էութեան ու պատճառներուն, ծագման ու ընթացքին: «Այս ընթացքը մեզ պէտք է լրջօրէն մտահոգի, եւ դրա հետ կապուած մենք պէտք է կարողանանք լուրջ հակաքայլեր ձեռնարկել, որոնք այսօր, ցաւօք, չեն արւում: Ամբողջ խնդիրը հէնց այստեղ է, որ պէտք է ամենաբարձր՝ պաշտօնական մակարդակով ասուի. կա՛մ կայ Մինսկի գործընթաց, որով պէտք է զբաղուել եւ գործընթացը պահել այդ շրջանակներում, կա՛մ ասել, որ Ատրպէյճանը հրաժարւում է կարգաւորման գործընթացից», նշած է Ա. Ռուստամեան՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն նպատակը բանակցային գործընթացը ձախողցնելն է, իսկ բոլոր անոնք, որոնք կը գտնուին այդ խաղին մէջ եւ Ատրպէյճանի կողքին, պէտք է գիտնան, որ պատասխանատուութիւն կը կրեն նաեւ գործընթացի հնարաւոր տապալման համար:
«Եւրախորհրդարանի պատգամաւոր Կիրիլովը յայտնի է իր ատրպեճանամէտ գործունէութեամբ եւ պահուածքով: Նա մշտապէս սպասարկել է ատրպեճանական շահերը: Ամենամեծ բացթողումը եղաւ այն ժամանակ, երբ չկարողացանք կանխել նրա նշանակումը՝ իբրեւ զեկուցող, որովհետեւ ակնյայտ էր, որ որքան էլ փորձենք փոխել այն սկզբնական թեքսթը, որ պատրաստել էր պարոն Կիրիլովը, միեւնոյն է, հնարաւոր չէր լինելու վերացնել ու չէզոքացնել բոլոր վտանգները: Աւելին, նրա օգնականը ծագումով ատրպէյճանցի է, եւ, բնականաբար, զեկոյցը պատրաստել է հէնց նա: Այս ամէնի մասին ես փորձեցի զգուշացնել եւ յատուկ նամակով դիմեցի Եւրոխորհրդարանի սոցիալիստների խմբի ղեկավարին (խմբի անդամ է նաեւ պարոն Կիրիլովը), մտահոգութիւններս փոխանցեցի նաեւ Կիրիլովին՝ գրաւոր, սակայն հնարաւոր չեղաւ կանխել եւ վերացնել բոլոր վտանգները: Ինչեւէ, փաստն արդէն կայացած է, եւ պէտք է դրանից շատ լուրջ հետեւութիւններ անել: Իսկ այն, ինչ գրուած է այդ զեկոյցում, կապ չունի բանակցային գործընթացի հետ, որովհետեւ մինչեւ հիմա հրապարակուած ոչ մի փաստաթուղթ կամ յայտարարութիւն, որ արուել է այդ գործընթացի շրջանակում, բացարձակապէս առերեսում չունեն այս զեկոյցի եւ այս բանաձեւի մէջ ընդունուած հաստատումներին: Բնականաբար, չի կարելի մի կողմից նպաստել կարգաւորմանը, միւս կողմից՝ ամէն ինչ անել, որպէսզի այդ բանակցային գործընթացը յաջողութեան չհասնի», ըսած է դաշնակցական գործիչը եւ յայտարարած, թէ Հայաստանը պէտք է պաշտօնական ամենաբարձր մակարդակով հակազդէ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն:
Ռուստամեանի հաւաստումով, Եւրոխորհրդարանը ազդեցիկ, հեղինակաւոր կառոյց է, եւ անոր յայտարարութիւնները իրենց արձագանգը կ՛ունենան այլ կառոյցներու մէջ եւս, ուստի հարկաւոր է յստակ բարձրաձայնել, որ բանաձեւը գրուած է կողմնակալ զեկոյցի հիման վրայ, ատրպեճանական շահերը սպասարկող զեկուցողի կողմէ, եւ Եւրոխորհրդարանը խորամուխ չըլլալով Ղարաբաղեան գործընթացին մէջ՝ ընդունած է ատրպեճանական քարոզչութեան ծառայող բանաձեւ:
Ռուստամեան շատ կարեւոր կը համարէ, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը յայտարարէ, թէ նման քայլեր կը խոչընդոտեն հակամարտութեան կարգաւորումը եւ ոչինչի կը վերածեն բանակցային գործընթացի ձեռքբերումները: Բնականաբար, գործը պիտի չաւարտի միայն յայտարարութիւններով. հարկաւոր է կազմել պատուիրակութիւն, հանդիպիլ Եւրոխորհրդարանի բարձրաստիճան ղեկավարներուն հետ, ամբողջ խորութեամբ ներկայացնել հարցին էութիւնը ու նման բանաձեւերու ընդունման վտանգները:
«Սա նշանակում է, որ մենք քարոզչական գործունէութեան մէջ լրջօրէն պէտք է փոխենք մեր մարտավարութիւնը: Յստակ է, որ տանուլ ենք տալիս այդ դաշտում: Օրէցօր մենք ստանում ենք յայտարարութիւններ, փաստաթղթեր, բանաձեւեր, որոնք ընդունւում են Մինսկի խմբին զուգահեռ, որոնք ուղղակի առնչութիւն չունեն գործընթացի հետ, բայց խոչընդոտում են կարգաւորման գործընթացին», նշած է Ա. Ռուստամեան՝ ընդգծելով, որ այդ բոլորին առաջքը առնելու համար, հարկաւոր է Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի համակարգուած գործունէութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.