ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ջանքերով եւ Ֆրանսայի Օ-տը-Սենի նահանգային խորհուրդի նիւթական աջակցութեամբ, վերակառուցուած է Խաշթառակ-Լուսահովիտ-Դիտաւան ջրագիծը, որ երկարած է 500 մեթրով՝ լուծելով երեք համայնքներու աւելի քան 600 հեքթար հողերու ոռոգման խնդիրը:
Ըստ նոյն հիմնադրամի մամլոյ ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն, ջրագիծը վերանուանուած է եւ կը կոչուի հայ-ֆրանսական բարեկամութեան ջրանցք, որուն հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցած է Մայիս 22ին, եւ որուն պատուաւոր հիւրը եղած է Ֆրանսայի տնտեսական զարգացման նախարար, Օ-տը-Սեն նահանգի գլխաւոր խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տեւէճեան:
Բացման ներկայ եղած են նաեւ հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի անդամներ՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Պետրոս Թերզեանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեան, հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան, Տաւուշի մարզպետ Արմէն Ղուլարեան, համայնքներու ղեկավարներ եւ ուրիշներ:
Յիշեցնենք, որ նախօրէին Փաթրիք Տեւէճեան հիւրընկալուած էր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր վարչութեան կողմէ, եւ առաջին անգամ ըլլալով յայտարարած էր, թէ այսուհետեւ, գիւղական համայնքներու զարգացման նպատակով, Օ-տը-Սեն նահանգին կողմէ ամէն տարի Հայաստանին պիտի տրամադրուի 500,000 եուրօ, այն պայմանով, որ գումարները օգտագործուին արդիւնաւէտ կերպով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.