ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Տեղեկատուական գիտարուեստներու հայ-հնդկական կեդրոնի ծիրէն ներս՝ IT հայաստանեան մասնագէտները 6 ամիսով վերապատրաստութեան պիտի մեկնին Հնդկաստան: ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան, Հնդկաստանի կառավարութեան, Հնդկաստանի հաշուողական գիտարուեստի զարգացման կեդրոնի (C-DAC) եւ «Ձեռնարկութիւնների ինկուբատոր» հիմնադրամի կազմակերպութեամբ, կեդրոնը պիտի բացուի 2010ի կիսուն։
Հայ-հնդկական համատեղ յանձնաժողովին կողմէ՝ վերապատրաստման դասընթացքներուն համար կ՛ընտրուին հինգ մասնակիցներ, որոնք նաեւ պիտի մասնակցին Երեւանի հայ-հնդկական IT կեդրոնի աշխատանքներուն: Կեդրոնը պիտի գործէ Երեւանի պետական համալսարանէն ներս, ուր պիտի պատրաստուին տեղեկատուական գիտարուեստներու բնագաւառի մասնագէտներ: Կեդրոնը նիւթական աջակցութիւն պիտի ստանայ Հնդկաստանի կառավարութենէն՝ 1 միլիոն տոլար, իսկ մասնակի ծախսեր պիտի կատարէ նաեւ Հայաստանի կառավարութիւնը՝ 500 հազար տոլար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.